ՄԵԾ ՊԱ­ՀՈՑ ՇՐՋԱ­ՆԻՆ՝ «ՄԱՍ»Ի ԳՈՐ­ԾԱ­ԾՈՒ­ԹԻՒՆ - Բ -

Ը­սինք, որ «օ­րէնք»ը՝ ընդ­հա­նուր ըն­կե­րա­յին կեան­քը դիւ­րաց­նող եւ հար­ցե­րու լու­ծում բե­րող, ճշմա­րի­տին եւ բա­րիին գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռիթ տուող կա­նոն­նե­րու դրու­թիւնն է, որ կը յե­նուի բա­նա­կա­նու­թեան վրայ՝ որ ի­մաս­տու­թեան ար­դի՛ւնքն է։ Եւ այս ի­մաս­տով, ա­ռանց տուեալ օ­րէն­քի կա­րե­լի չէ լու­ծում բե­րել ո­րե­ւէ ըն­կե­րա­յին հար­ցի, կամ ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան։

Եւ դար­ձեալ ը­սինք, թէ օ­րէն­քը կրնայ գրա­ւոր եւ կամ բե­րա­նա­ցի ըլ­լալ, ինչ որ կ՚ա­ւան­դուի ա­ւան­դու­թեան մի­ջո­ցով։ Ու­րեմն երբ «օ­րէնք»ի մա­սին կը խօ­սուի, տգի­տու­թիւն է ը­սել. «Ո՞ւր գրուած է այդ մէ­կը…»։­

Օ­րէնք­ներ, ի­րա­պէ՛ս «օ­րէնք»ի հան­գա­մանք կը ստա­նան ի­րա­ւա­սու, պատ­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ վա­ւե­րա­ցուած եւ գոր­ծադ­րուած ըլ­լա­լով։ Եւ քա­նի որ օ­րէն­քը «հա­սա­կա­րաց կամք»ին ար­դիւնքն է, ա­պա ու­րեմն ի­րա­ւա­սու ժո­ղով­նե­րու կող­մէ առ­նուած ո­րո­շում­ներ ալ գոր­ծադ­րե­լի կ՚ըլ­լան որ­պէս «կա­նոն», ինչ­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ բազ­մա­թիւ կա­նոն­ներ եւ օ­րէնք­ներ, ի­րա­ւո՛ւնք։

Ար­դա­րեւ, հոն ուր գրա­ւոր օ­րէնք գո­յու­թիւն չու­նի, այդ չի՛ նշա­նա­կեր որ այդ մա­սին կա­նո­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն չկայ, քա­նի որ ա­ւան­դու­թիւ­նը, եւ ո՛չ եր­բեք սո­վո­րու­թիւ­նը, կա­նոն է, օ­րէ՛նք է։ Եւ այդ իսկ ե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի, բա­նա­կան եւ բնա­կան օ­րէն­քով կա­րե­լի է լու­ծել հար­ցը։ Բայց կա­ցու­թիւ­նը փրկե­լու հա­մար, են­թա­կա­յա­կան կար­ծիք­նե­րով կա­րե­լի չէ լու­ծու­մի հաս­նիլ, քա­նի որ այդ պա­րա­գա­յին ան­հիմն լու­ծում մը խնդրոյ ա­ռար­կայ կ՚ըլ­լայ։

Ու­րեմն այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, ջա­նանք վեր­լու­ծել Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը «մաս»ի նկատ­մամբ։

«… Ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը հա­ղոր­դուե­լէ ետք, մնա­ցեալն ալ ա­նար­ժան­նե­րու՝ այ­սինքն չհա­ղոր­դուող­նե­րու կը բաժ­նուի իբր բա­րե­պաշ­տա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն Սուրբ Խորհր­դոյն», կ՚ը­սէ Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ պէտք է հա­ղոր­դուող­ներ գտնուին, գո­նէ հա­ղոր­դուե­լու կա­րե­լիու­թիւն ըլ­լայ, որ­պէս­զի այդ հա­ղոր­դու­թե­նէն «մնա­ցեալ» մաս գո­յա­նայ։ Մինչ­դեռ Մեծ պա­հոց շրջա­նին Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւն չի մա­տա­կա­րա­րուիր, քա­նի որ այս շրջա­նին ի­մաս­տը եւ խոր­հուր­դը «զրկանք» է։ Եւ ե­թէ ժո­ղո­վուր­դը զրկուած է բո՛ւն իսկ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թե­նէն, ա­պա ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ա­նոր մնա­ցեա­լը բաժ­նել ու բաշ­խել ա­նոնց։

Յե­տոյ նոյն հա­տուա­ծին մէջ «ար­ժա­նա­ւոր»նե­րու մա­սին կը խօ­սուի՝ որ­պէս պայ­ման հա­ղոր­դուե­լու։

Ու­րեմն, հա­ղոր­դուո­ղը պէտք է ա­պաշ­խա­րած ըլ­լայ, բայց Մեծ պահ­քի շրջա­նին՝ Սուրբ Սե­ղա­նին վա­րա­գոյ­րով ծած­կուած ըլ­լա­լու ի­մաս­տը եւ խոր­հուր­դը՝ ժո­ղո­վուր­դին ո՛չ թէ «ա­պաշ­խա­րած», այլ՝ «ա­պաշ­խա­րող» ըլ­լա՛լն է, այս իսկ պատ­ճա­ռով ոե­ւէ մէ­կը չի կրնար հա­ղոր­դուիլ։ Եւ երբ ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նի չի նկա­տուիր «հա­ղոր­դուե­լու», ու­րեմն «չհա­ղոր­դուած­ներ»ու մնա­ցորդն ալ պի­տի չըլ­լայ բնա­կա­նա­բար։

Բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ ի­րե­րու բնու­թիւ­նը այն կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­թէ «բուն»ը չըլ­լայ, ա­նոր ճիւ­ղերն ալ գո­յու­թիւն չեն ու­նե­նար, իս­կա­կա­նը ե­թէ գո­յու­թիւն չու­նե­նար, ա­նոր նմանն ալ չ՚ըլ­լար։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, պահ մը միա­սին խոր­հինք…։

Օր­մա­նեան Սրբա­զան, շա­րու­նա­կե­լով կ՚ը­սէ.

«Ա­ռանց տի­պի նուրբ նշխար­ներ կը պատ­րաս­տուին, եւ կտոր-կտոր կամ մաս-մաս բաժ­նե­լով՝ ժո­ղո­վուր­դին կը բաժ­նուին»։ Ե՞րբ, այն պա­հուն՝ որ «ար­ժա­նա­ւոր»ներ կը հա­ղոր­դուին։ Հա­պա ե­թէ հա­ղոր­դուե­լու կա­րե­լիու­թիւն չկայ, ի՞ն­չին մնա­ցեա­լը պի­տի բաշ­խուի։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ճիշդ այս կէ­տին պէտք է ու­շադ­րու­թեամբ զա­նա­զա­նենք՝ «սո­վո­րու­թիւն»ը եւ «օ­րէնք»ը կամ օ­րէն­քի հան­գա­մանք ներ­կա­յաց­նող «ա­ւան­դու­թիւն»ը։ Մեծ պա­հոց շրջա­նէն դուրս Սուրբ Պա­տա­րագ­նե­րու ա­ւար­տին «մաս» բաժ­նել սո­վո­րու­թիւն է, բայց այդ սո­վո­րու­թիւ­նը, Մեծ պա­հոց շրջա­նի խոր­հուր­դին հա­մա­ձայն պէտք է դադ­րի կը խոր­հինք, քա­նի որ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը ա՛յդ կը պա­հան­ջէ։ Եւ երբ ժո­ղո­վուր­դը «զրկուած» է Սուրբ Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցու­թե­նէն, հա­ղոր­դուե­լէ, քա­նի որ ա­պաշ­խա­րու­թեան այս շրջա­նը կարգ մը զրկանք եւ զո­հո­ղու­թիւն­ներ կը պա­հան­ջէ, ու­րեմն բնա­կան ու բա­նա­կան է որ զրկուած ըլ­լան նաեւ ա­նոր մնա­ցորդ­նե­րէն, բե­կոր­նե­րէն, ստո­րո­գե­լի­նե­րէն, թէ ո՛չ Մեծ պահ­քի շրջա­նը մա­սամբ կը կորսնց­նէ իր ի­մաս­տը։ Այս մա­սին «մի­ջա­կու­թիւն», «թե­թե­ւու­թիւն» կամ ընդ­հան­րա­պէս «կա­ցու­թիւ­նը փրկել»ու ջան­քեր նե­րե­լի պէտք չէ՛ ըլ­լան…»։­

Այս ա­ռի­թով կ՚ու­զենք Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի «նշխար»ի մա­սին խօս­քե­րը յի­շել.

«Նշխա­րը՝ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան հա­ցի տե­սա­կին հա­մար պատ­րաս­տուած նիւթն է։

«Մա­քուր ա­լիւ­րէ, անխ­մոր շա­ղուած, տա­փակ ու կլոր բա­ղարջ մը (բա­ղարջ=խմո­րուած՝ անխ­մոր հաց), մէկ ե­րե­սը խա­չի պատ­կեր տպուած, եւ միւս ե­րե­սը նկա­տով (նկատ=փայ­տէ գոր­ծիք՝ ծայ­րը սանտ­րա­ձեւ եր­կաթ թե­լե­րով՝ նշխար­քը ե­տե­ւէն ծակծ­կե­լու) ծակծ­կուած, եւ եր­կաթ թի­թե­ղի վրայ ե­փուած, ա­ռանց այ­րե­լու եւ ա­ռանց տապ­կե­լու։ Նշխա­րին մե­ծու­թիւ­նը սո­վո­րա­բար 6-10 հա­րիւ­րա­մետր տրա­մագ­ծով կ՚ըլ­լայ եւ 2-3 հա­րիւ­րա­մետր թանձ­րու­թեամբ։

«Ա­ւե­լի մեծ նշխար­ներ ալ հա­մե­մա­տա­կան թանձ­րու­թեամբ կը շի­նուին տա­ղա­ւար օ­րե­րուն, եւ ուխ­տա­ւո­րու­թեանց առ­թիւ հա­ղոր­դուող­նե­րու բազ­մու­թեան բա­ւեց­նե­լու հա­մար։

«Պա­տա­րա­գի նշխա­րը նոյն առ­տու պատ­րաս­տուած պի­տի ըլ­լայ ըստ ա­ռա­քե­լա­կան կա­նո­նաց։ Ժո­ղո­վոր­դեան իբր մաս բաժ­նուե­լիք նշխար­ներ տար­բեր տի­պեր կ՚ու­նե­նան, եւ ա­ռա­ջուը­նէ պատ­րաս­տուած կրնան ըլ­լալ»։­

Ար­դա­րեւ այս նիւ­թը կը կա­րօ­տի ա­ւե­լի խոր ու նոյն­քան լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ Մենք ջա­նա­ցինք միայն հար­ցը ներ­կա­յաց­նել ու պար­զել հե­տաքր­քիր մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րուն։ Մեր տե­սա­կէ­տը հաս­տա­տող Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­ներ եւ օ­րի­նա­կան հա­տուած­ներ պի­տի ներ­կա­յաց­նենք՝ ա­ւե­լի՛ ըն­դար­ձակ եւ տա­րա­ծուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լէ վերջ։

Օ­րէնք, կա­նոն անհ­րա­ժե՛շտ է նաեւ Ե­կե­ղե­ցիի բա­րե­կարգ­ման հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 9, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016