ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՌԱՋԱՐԿ
Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը միջոցէ մը ի վեր արդէն անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ թէ՛ հայկական շրջանակներէ ներս եւ թէ միջազգային գետնի վրայ։ Այս վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ «Թումօ»ի պատասխանատուները ուշագրաւ առաջարկ մը կը ներկայացնեն իսթանպուլահայ համայնքին։ Արդարեւ, Հայաստանի «Թումօ» կեդրոններու ցանցը կը նախատեսէ մասնաճիւղ մը հաստատել Իսթանպուլի մէջ։ Սա տակաւին թէեւ հում գաղափար մըն է, սակայն ունի հասուննալու հեռանկար, ինչ որ իսկապէս մեծ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր նոր սերունդին տեսակէտէ։
Հայաստանի մէջ ներկայիս կը գործէ «Թումօ»ի չորս կեդրոն։ Գլխաւորը՝ Երեւանի «Թումօ»ն է, որ ստեղծուած է չորս տարի առաջ։ «Սիմոնեան» կրթական հիմնարկի այս նախաձեռնութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին փայլուն յաջողութեամբ պսակուած է ու զուգահեռաբար «Թումօ» կեդրոններ հաստատուած են նաեւ Կիւմրիի, Վանաձորի եւ Ստեփանակերտի մէջ։ Այս մասնաճիւղերէն իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնը ու միշտ կը խոստանայ զարգացման հեռանկարներ։ Արդարեւ, ներկայիս օրակարգի վրայ է Մոսկուայի, Արժանթինի, Ջաւախքի, Լիբանանի մէջ եւս մասնաճիւղերու հաստատման հեռանկարը։ Հայաստանի մէջ սահմանամերձ Նոյեմբերեանէն ներս եւս մասնաճիւղի մը ստեղծուիլը կը համարուի հաւանական։ Ներկայիս Հայաստանի չորս «Թումօ»ներուն աշակերտութեան թիւը արդէն հասած է 10 հազարի սահմանին։
«Թումօ»ի ընդհանուր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան համայնքային շրջանակներէն ներս շփումներ կ՚ունենայ՝ քննարկելով Իսթանպուլի մէջ «Թումօ»ի մասնաճիւղ մը հաստատելու հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ իսթանպուլահայ վարժարաններու աշակերտները հրաւիրելով՝ «Թումօ»ի կողմէ ամրան արձակուրդի շրջանին կազմակերպուած ճամբարներուն։ Մարի Լու Փափազեան ներկայ ուղեւորութեան շրջագծով այցելեց Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Գումգաբուի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ալ ան տեսակցեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։
Համայնքային շրջանակներէն ներս Մարի Լու Փափազեանի հիմնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին կրթական մշակներ, մեր վարժարաններու վարչական պատասխանատուներ, աշակերտներ եւ այլ հետաքրքիր հիւրեր։ Այս լսարանին առջեւ Մարի Լու Փափազեան բազմակողմանիօրէն ծանօթացուց «Թումօ» կեդրոնները եւ նոյնպէս «Թումօ»ի կողմէ կազմակերպուած ամրան ճամբարները։ «Գործնական հմտութիւններ» կարգախօսով յառաջ կը տարուի այս հսկայածաւալ աշխատանքը։ «Թումօ»ի նպատակն է Հայաստանի մէջ մրցունակ մասնագէտներ հասցնել համաշխարհային մակարդակով։ 21-րդ դարու պայմաններով անհրաժեշտ այդ հմտութիւնները զարգացնելով նոր սերունդը կ՚առաջնորդուի ստեղծագործ աշխատանքի։ «Թումօ» երիտասարդներուն կը ջամբէ ծրագրաւորման տարրական գիտութիւն։ Այն աշակերտները, որոնք կը յաճախեն «Թումօ», նախ կը կազմեն ընդհանուր ծանօթացում մը, իսկ աւելի վերջ կ՚ընեն իրենց ընտրութիւնը։ Երիտասարդներուն սկզբնական ուսումը կը դրուի լաւ հիմքի մը վրայ, որպէսզի ապագային անոնք ամուր խարիսխ մը ունենան շարունակելու համար։ Թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ արտասահմանէն բարձր մակարդակով մասնագէտներու հետ շփման, միասնական աշխատանքի հնարաւորութիւններ կ՚ունենան «Թումօ»ի աշակերտները։ Այդ մասնագէտները «Թումօ»ի ծրագրերուն կը մասնակցին անվճար, կամաւոր ձեւով։ Արտասահմանէն հրաւիրուածներու պարագային կը դիմագրաւուի միայն ճանապարհածախսն ու կեցութիւնը։
Մարի Լու Փափազեան երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին «Թումօ»ի ցանցի իւրաքանչիւր կեդրոնին մօտ տարուած աշխատանքներէն օրինակներ ներկայացուց։ Ի լրումն այդ բոլորին, ան անդրադարձաւ այն ձեռնարկներուն, որոնք «Թումօ»ի կողմէ կը կազմակերպուին ժողովուրդին համար։ «Թումօ» համաշխարհային մակարդակով կրթական ծրագիր մը կը գործադրէ, դպրոցի առընթեր եւ իր միայն չորս տարուան ընթացքին հասած մակարդակը կ՚արժանանայ միջազգային մետիայի ուշադրութեան։ Աշակերտներուն մասնակցութիւնը կ՚արժեւորուի երկու հիմնական ուղղութեամբ։ Այդ ուղղութիւններէն մին է երիտասարդներուն ընձեռել ազատութեան մթնոլորտ մը, իսկ միւս ուղղութիւնն է՝ իսկապէս առաւելապաշտ մօտեցումով մը արժեւորել անոնց ժամանակը։ Հարկ է նշել, որ «Թումօ»է ներս աշակերները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ստեղծագործական արտադրանքները իրականացնել ամենաարդիական թեքնիկ սարքաւորումներով։
Մարի Լու Փափազեան նշեց, որ իրենց փափաքն է Իսթանպուլի մէջ եւս ունենալ մասնաճիւղ մը։ «Կը կարծեմ, որ ճիշդ ժամանակն է։ Նոր պատմութիւն ու նոր ապագայ մը պէտք է կերտել այստեղ։ Դուք պիտի ըլլաք տէրը։ «Թումօ»ն կ՚ամբողջացնէ դպրոցը։ Մեր կեդրոնն ու դպրոցը զիրար կը փոխլրացնեն», ըսաւ ան։
Միջանկեալ նշենք, թէ Մարի Լու Փափազեան այս նոյն նիւթը շօշափեց նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Իսթանպուլի մէջ կրնայ հաստատուիլ նման կեդրոն մը, որուն հայոց առընթեր կրնան յաճախել նաեւ տեղացի երիտասարդներ, ստիպողական չ՚ըլլար այդ կեդրոնին «Թումօ» կոչուիլը, սակայն իրենք պատրաստակամ կ՚ըլլան թեքնիկ կամ մասնագիտական ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Վերադառնալով վերոյիշեալ հաւաքոյթին, Մարի Լու Փափազեան ընդգծեց, թէ «Թումօ»ի կողմէ կազմակերպուած միակ վճարովի ծրագիրն է ամրան ճամբարը։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի մեր համայնքէն մասնակցութիւն ըլլայ այդ ամրան ճամբարին։
Հարկ է նշել, որ «Թումօ» կեդրոններու գործունէութիւնը կ՚ընթանայ նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զօրակցութեամբ։
ՊՈԼԻՍ ԱՅՑԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
«Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ, իր ուղեւորութեան ընդառաջ Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքերը։
-Ի՞նչ նպատակով ընտրուած է Իսթանպուլը՝ «Թումօ»ի ներկայ ու յառաջիկայ ծրագրերը ներկայացնելու համար:
-«Թումօ»ն ու «Թումօ» ամառնային ճամբարը իսթանպուլահայութեան ներկայացնելու համար Իսթանպուլէն եկած էր առաջարկը, ինչ որ մեզ ոգեւորած է բաւականին, քանի որ «Թումօ» միշտ ուրախ է հիւրընկալելու հայ երիտասարդներ՝ ամբողջ աշխարհէն:
-Աշակերտութեան առումով ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք պոլսահայութենէն:
-«Թումօ» ամառնային ճամբարի ծրագրով է, որ կը ներկայանայ աշակերտութեան։ Ճամբարը մէկ-վեց շաբաթ տեւողութիւն ունեցող ծրագիր մըն է, որ կը ներկայացնէ կեդրոնի գործնական ուսումնական ընթացքի խտացուած տարբերակը անոր հիմնական ոլորտներով՝ շարժուն պատկերագրութիւն (animation) խաղերու ստեղծում, կայքերու մշակում, ժապաւէններու պատրաստում եւ այլն:
Այս մէկը հետաքրքրական կրթական ճանապարհ մըն է, որմէ անցնող պատանիները հմտութիւններ ձեռք կը բերեն արհեստագիտութեան եւ արուեստի աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ կը տեսնեն Հայաստանի ժամանակակից ու ոգեւորող կողմը:
Ծրագիրը լի է բազմատեսակ ուսումնառութեամբ ու ժամանցով: Այս տարի ճամբարի մեկնարկը կու տանք Յունիսի 20-ին ու ծրագիրը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիսի 30-ը։
-Երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը խոչընդոտ չէ՞ համագործակցութեան համար:
-Կրթութիւնը, ստեղծարարութիւնը եւ նորագոյն արհեստագիտական միջոցները ճիշդ այն ոլորտներն են, որոնք սահմաններ չեն ճանչնար:
-Ունի՞ք արդէն հետաքրքրուող շրջանակ մը՝ Պոլիսէն:
-«Թումօ»ն արդէն որոշակի ճանաչում ունի Պոլսոյ մէջ, ինչ որ կը փաստէ նաեւ այս այցելութեան նախաձեռնութիւնը: Բացի այդ, Իսթանպուլէն շատ այցելուներ ունեցած ենք Երեւանի մեր կեդրոնին մէջ, այդ կարգին եկած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կազմակերպած նախագծերու մասնակիցները: Վստահ ենք, որ այս այցելութենէն յետոյ պոլսահայերու մօտ «Թումօ»ի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ա՛լ աւելի կ՚ընդլայնուի:
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024