ԸՆ­ԿԵ­ՐԱ­ՅԻՆ ԱՐ­ԴԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՏԵ­ՍՈՒ­ԹԵԱՆ ՄՇԱ­ԿՈՒ­ՄԸ

Մեծ պահ­քի 4-րդ Կի­րա­կին՝ Ճա­շու Ա­ւե­տա­րա­նի «Ա­նի­րաւ Տնտես»ի ա­ռա­կին պատ­ճա­ռով, կո­չուած է «Տնտե­սի Կի­րա­կի», ուր կը վեր­լու­ծուի տնտե­սու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, տնտե­սու­թեան պատ­շա­ճու­թեան սահ­ման­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ տնտե­սին ան­հա­տա­կան նկա­րա­գի­րը։

Նախ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ սա ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ որ ընդ­հա­նուր սկզբունք է, մարդ իր լիա­զօ­րու­թեան սահ­մա­նին մէջ երբ կը վա­րուի, կա­րե­լի՞ է ար­դար եւ ի­րա­ւա­ցի հա­մա­րուիլ, ե­թէ նոյ­նիսկ ե­րե­ւու­թա­պէս ա­նի­րաւ գործ մը կա­տա­րած ըլ­լայ։ Ուս­տի ե­թէ լիա­զօ­րու­թիւն տրուած է ո­րե­ւէ գոր­ծի հա­մար, ա­նոր ա­մէն տե­սակ հե­տե­ւանք­նե­րը ըն­դու­նուած կը նկա­տուի, եւ կեան­քի ընդ­հա­նուր ըն­թացքն ալ այս կը պա­հան­ջէ։ Թէ ոչ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար ա­պա­հով ըն­կե­րա­յին կեանք մը ապ­րիլ։ Եւ ե­թէ ա­մէն գոր­ծի, ա­րար­քի մէջ կաս­կած եւ տա­րա­կոյս ըլ­լայ, այ­լա­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քը ամ­լու­թեան կը մատ­նուի։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, Մեծ պահ­քի 4-րդ Կի­րա­կիի Ա­ւե­տա­րա­նի հա­տուա­ծը այս հար­ցե­րու ներ­կա­յա­ցումն է՝ ո­րոնց լու­ծու­մը դար­ձեալ Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ կը տրուի։

Կեան­քի ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ ա­նի­րաւ­ներ, ա­նար­դա­րու­թեամբ գոր­ծող­ներ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կը յա­ռա­ջա­նան, իսկ ի­րա­ւա­ցի­ներ, ար­դա­րու­թեամբ քա­լող­ներ նկուն են կար­ծես։ Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ այս հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը, միշտ խո­շոր հա­մե­մա­տու­թեամբ, վրդո­ված են մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թիւ­նը, եւ կ՚ե­րե­ւի դեռ եր­կա՜ր ա­տեն պի­տի վրդո­վեն, քա­նի որ այ­սօ­րուան աշ­խար­հա­տանջ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րու, պա­տե­րազմ­նե­րու մէջ նո՛յն տա­րօ­րի­նա­կու­թիւ­նը կը տի­րէ. ա­նի­րաւ­ներ, ա­նար­դար­ներ յա­ջո­ղու­թեան ճամ­բուն մէջ կ՚ըն­թա­նան, իսկ ար­դար­ներ, ի­րա­ւուն­քի տէր ե­ղող­ներ ա­ռանց ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռի կը զրկուին ի­րա­ւուն­քէ, ինչ­քէ, ստա­ցուած­քէ, եւ մին­չեւ իսկ «ապ­րե­լու ի­րա­ւունք»է։

Ար­դա­րեւ կեան­քի, ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին այս­պի­սի բռնա­բա­րու­մը վե­րա­պա­հուած կը մնայ, ոչ միայն ան­հատ­նե­րու, այլ մա­նա­ւա՛նդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­ւա­քա­կան մեծ կեան­քին մէջ, եւ այս «լոյ­սի՛ դա­րուն», քա­ղա­քակր­թու­թեան ա՛յս լու­սա­ւոր դա­րուն, քսան­մէ­կե­րո՛րդ դա­րուն՝ որ ա­ւե­լի եւս կո­չուած է քա­մահ­րել հի՜ն դա­րե­րու տգի­տու­թիւն­նե­րը, խա­ւա­րամ­տու­թիւ­նը, նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով լե­ցուն կեան­քը, բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը, այ­սինքն լոյ­սի, գի­տու­թեան, յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­կա­ռակ բո­լոր մարդ­կա­յին ու հա­մա­մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րը, թե­րու­թիւն­նե­րը, ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­սոնց հե­տե­ւանք ա­մէն տե­սակ ա­րարք­նե­րը։

Իմ շատ սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, վստա՛հ եմ, դուք ալ ապ­րած էք այս փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ձեր կեան­քին մէջ, դուք ալ վրդո­ված էք այս ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րէն, դուք ալ վի­րա­ւո­րուած էք ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու, ա­նար­դար ա­րարք­նե­րու պատ­ճա­ռով։

Ա­նար­դա­րու­թիւն­ներ, ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ եր­բեք չեն պակ­սիր աշ­խար­հի վրայ՝ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ, եւ հոն՝ ուր «մարդ» կայ, հոն ան­պայ­մա՛ն ա­նի­րա­ւու­թիւն կա՛յ, ա­նար­դա­րու­թիւն կայ։ Ուս­տի ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը, ա­նար­դա­րու­թիւ­նը կեան­քի ան­բա­ժան տար­րերն են՝ մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­ներ, թե­րու­թիւն­ներ…։

Սա­կայն այս խրթին հա­նե­լու­կին լու­ծու­մը ան­հա­տա­կան կեան­քի, ան­հա­տա­կան նկա­րագ­րի, ան­հա­տա­կան բնա­ւո­րու­թեան կեր­տու­մէն կա­խում ու­նի։

Մար­դիկ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թեան եւ տա­րո­ղու­թեան չա­փին մէջ՝ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ են աշ­խար­հի վրայ տի­րող չա­րիք­նե­րուն։

 Ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի ինք­զինք զերծ կա­ցու­ցա­նել այս­պի­սի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մը գի­տակ­ցու­թե­նէն։

Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, քննե­ցէք մար­դի­կը եւ ի­րե­րը, ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պի­տի գտնէք ա­տոնց մէջ։ Չա­րի­քը՝ որ գո­յու­թիւն ու­նի աշ­խար­հի վրայ, չա­րի­քը՝ որ­մէ կը տա­ռա­պի աշ­խարհ, հա­մայն մարդ­կու­թիւն՝ բնա­կան պա­տու­հաս մը չէ՛ երկ­րա­շար­ժի կամ ջրհե­ղե­ղի նման, այլ ուղ­ղա­կի՛ ար­դիւն­քը՝ ու­րաց­ման այն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, զոր մար­դիկ ու­նին կեան­քի շրջա­նին մէջ ի­րենց բո­լոր գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Եւ երբ այս ու­րա­ցու­մը կը հաս­նի ան­տար­բե­րու­թեան, կը վնա­սուին ո՛չ միայն ան­հատ­ներ, այլ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թիւն մը, եւ մին­չեւ իսկ մարդ­կու­թիւ­նը։ Ան­հատ­ներ, մար­դիկ, ինչ­պէս նաեւ ժո­ղո­վուրդ­ներ, առ­հա­սա­րակ տո­գո­րուած են «տկա­րու­թեամբ» մը՝ որ կը կա­յա­նայ ձա­խո­ղուած­նե­րու, վնա­սուած­նե­րու, կոր­ուս­տի մատ­նուած­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րու վե­րագ­րե­լու մէջ։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ի­րենց ան­յա­ջո­ղու­թեան պատ­ճա­ռը ցոյց կու տան միշտ «ու­րիշ» մը եւ եր­բեք չեն ըն­դու­նիր ի­րենց տկա­րու­թիւ­նը, թե­րու­թիւ­նը, ան­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս պատ­ճառ ի­րենց ձա­խո­ղու­թեան։

Վատ բա­նի մը պատ­ճա­ռը մի՛շտ «ու­րիշ» մըն է։

Յա­ջո­ղու­թիւն մը, կը պատ­կա­նի յա­ջո­ղած մար­դուն, թե­րեւս անն­շան մաս մը ու­րի­շին…։ Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է մարդ­կա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն տկա­րու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին թե­րու­թիւ­նը։ Սխա­լը չըն­դու­նիլ, որ իր­մէ է, այլ՝ միշտ ու­րի­շին վե­րագ­րել։

Ու­շադ­րու­թիւն ը­րէք, սի­րե­լի­ներ, երբ մեծ բազ­մու­թեան մը առ­ջեւ կը խօ­սուի, զոր օ­րի­նակ՝ ան­միա­բա­նու­թեան, ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան չա­րիք­նե­րուն վրայ, վստա՛հ ե­ղէք, ունկն­դիր­նե­րուն մէջ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար տա­սը տո­կո­սով մար­դիկ՝ քաջ ու ան­կեղծ մար­դիկ, որ իր վրայ բա­ժին առ­նէ այդ տկա­րու­թե­նէն, եւ բո­լորն ալ կը կար­ծեն, որ ի­րենց չէ ուղ­ղուած խօս­քը՝ ան­միա­բան­նե­րը, չհա­մա­ձայ­նող­նե­րը ի­րենք չեն, այլ միշտ «ու­րիշ»ներ են ա­նոնք՝ ան­տե­սա­նե­լի եւ բա­ցա­կա­ներ…։ Մինչ­դեռ ի­րենք են ան­միա­բան­նե­րը, հա­մա­ձայ­նու­թեան չե­կող­նե­րը։

Եւ հա՛րկ է բու­ժել այս տկա­րու­թիւ­նը։

Բայց հարց մը եւս կայ. չար օ­րի­նա­կը կա­րե­լի՞ է բա­րի­քի մը հա­մար օգ­տա­գոր­ծել։ Նեղ­միտ մար­դիկ, կար­ճա­տես մար­դիկ կ՚ը­սեն, որ չար օ­րի­նա­կը «օ­րի­նակ» չի կրնար ըլ­լալ, եւ կը սխա­լին ան­շուշտ, ինչ­պէս որ սխալ կը մեկ­նա­բա­նեն, ի­մաս­տին մէջ չեն կրնար խո­րա­նալ Ա­ւե­տա­րա­նի «Ա­նի­րաւ Տնտես»ին ա­ռա­կին, քա­նի որ ա­նոնք մա­կե­րե­սա­յին կը դի­տեն կեան­քը, ամ­բողջ աշ­խար­հը՝ ի­րե­րը եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը։  Մինչ­դեռ «Ա­նի­րաւ Տնտես»ը լաւ օ­րի­նակ մըն է ու­ղիղ տնտե­սու­թեան, կեան­քը նպաս­տա­ւոր վա­րե­լու, նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծե­լու։ Եւ երբ մար­դուս ի­մաս­տու­թիւ­նը միա­նայ հմտու­թեան, եւ ան­կեղծ ըլ­լայ իր զգա­ցում­նե­րուն ար­տա­յայ­տու­թեա­նը մէջ, շա՜տ հար­ցեր կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ լու­ծել եւ հաս­նիլ եր­ջան­կու­թեան, ո­րուն կո­չուած է մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016