ՅՈՒՇԵՐ
«Ի՛նչ դժուար է սա կացութեան մէջ ըլլալ: Մէկ կողմէ կ՚ուզես մոռնալ անցեալը, միւս կողմէ զայն վերյիշելու կարեւորութիւնը կը զգաս: Կը հարցնես ինքզինքիդ, թէ ո՞ր մտածելակերպը ճիշդ է արդեօք. մոռնա՞լ անցեալը եւ պատմութիւնը, թէ՞ ապրիլ հիմա ու այս վայրկեանին:
«Այսօր կը կարդամ բազմաթիւ հրատարակութիւններ, հայ կամ օտար հեղինակներէ, ու կը սերտեմ անոնց գրածները, որոնց պարունակութիւնը սրտիս մէջի ցաւերը օրէ օր կը մեծցնէ, անյաղթահարելի կը դարձնէ ցաւս, որովհետեւ կը զայրանամ պատահած անիրաւութիւններուն վրայ, որոնք մինչեւ հիմա անլուծելի մնացած են»:
Ահա թէ ինչպէս արտայայտուեցաւ բարեկամուհիս՝ Աննան, որուն հետ քանի մը շաբաթ առաջ հանդիպում մը ունեցած էի:
Ուրեմն, ժամադրուած էինք ճաշարան մը, ուրիշ ընկերուհիի մը, Սիրվարդին՝ նոր գործի մը սկսելուն առթիւ: Բայց խնդիրը ուտել-խմելու վրայ չէր, այլ Աննան սիրտը կ՚ուզէր պարպել, քանի մը բաժակ գինի խմելէ վերջ: Ան ալ ըսեմ, որ Սիրվարդը՝ Սուրիայէն, ես ալ Լիբանանէն եկած ու հաստատուած էինք Գերմանիա:
1
Մանկութիւնս, այնպէս ինչպէս կը յիշեմ զայն, տեւական պայքար մըն էր: Այդ ժամանակ Թրիփոլի կ՚ապրէինք: Հայրս հեռու տեղեր կ՚աշխատէր եւ զինք ամիսը հազիւ մէկ կամ երկու անգամ կը տեսնէինք: Երբ տուն հասնէր ու դրան զանգը զարնէր՝ դուռը պէտք էր անմիջապէս բացուէր, եւ վայ որ քիչ մը ուշ բանայինք. ձեռքը ինչ կար-չկար դրան սեմէն մինչեւ դէմի պատը կը նետէր: Շատ ալ չէր շահեր ան: Պատառ մը հացի համար մայրս դրացիներուն կարը կ՚ընէր կամ ալ մազերնին կը շինէր: Որովհետեւ Թրիփոլի ապագայ չունէինք եւ բաւական անհամաձայնութիւններ ունեցանք, որոշուեցաւ որ Պէյրութ փոխադրուինք:
Հայրս չափէն աւելի պահպանողական էր ու սկիզբէն հակառակ կեցաւ որ դպրոց երթանք: Բայց դրամի եւ մանաւանդ կերակուրի կարօտը կը քաշէինք: Դպրոցներն ալ աժան չէին: Ուրեմն կայինք՝ հայր, մայր ու չորս զաւակ, նաեւ՝ հօրս մայրն ու քոյրը, որոնք պէտք էր կերակրել:
Մեծ մայրս ու հօրաքոյրս ոչ մէկ բանի ձեռք կը դպցնէին՝ ոչ եփելու, ոչ տունը մաքրելու, ոչ լուացքին, ոչ մեզ պահելու, ոչ ալ դրամական օգնութեան: Արդէն մեծ մայրս «խանում» էր եւ մէկ կողմ բազմած կը սպասէր որ մայրս սպասարկէր իրեն: Շատ աւելի ուշ կրցայ հասկնալ, թէ միմիայն իր տարեկիցներուն հետ յարաբերելէ համ կ՚առնէր:
Ան Թուրքիոյ մէջ մեծահարուստ կալուածատիրոջ մը կինը եղած է եղեր: Հին ծանօթներէ իմացայ, որ մեծ հօրս դաշտերը այնքան ընդարձակ են եղեր, որ ան առտու շատ կանուխ տունէն ելլելով, ձիուն վրայ նստած իր այգիները կը պտտի եղեր:
Մեծ մայրս եղեռնէն ազատած, թրքախօս անձ մըն էր եւ մեզի, այսինքն մանուկներուս, միայն հրամայելու համար խօսք կ՚ուղղէր. այդ պատճառով, դժբախտաբար ո՛չ իր ընտանեկան պարագաներուն, ո՛չ եղեռնին եւ ոչ ալ անոր հետեւանքներուն մասին մանրամասնութիւններ գիտեմ: Միայն հասկցած եմ որ տասներկու զաւակ ունեցած է եւ անոնցմէ միայն հինգ հատը մնացած էին աքսորէն վերջ՝ հայրս, երեք հօրաքոյրերս եւ հօրեղբայր մը:
Հօրաքոյրերէս մէկը իր երկու զաւակներուն հետ 1946-ի ներգաղթին ժամանակ նաւով ճամբորդեց դէպի հայրենիք: Տարիներ ոչ իրմէ, ոչ ալ իր զաւակներէն լուր առինք:
Ինչպէս ըսի, հայրս բոլորովին դէմ էր որ դպրոց յաճախէինք ու մեր ուսումը շարունակէինք, Պէյրութ, հակառակ մեր աղաչանքին: Ան կ՚ըսէր. «Պէյրութը պարութ է»: Բայց քանի մը ամիս յետոյ թոյլ տուաւ որ երթամ ու աշխատիմ: Հոն երբեմն կէսօրէ առաջ, երբեմն ալ իրիկունը կ՚աշխատէի: Երբ գիշերուան ժամը 9-ին գործէն կ՚արձակուէի, կամ ինք կամ ալ եղբայրս կու գային զիս առնելու, երբեմն նոյնիսկ երկուքը միասին:
Մի քանի ամիս վերջ կրցայ ձգել աս գործը, որով բաւական գումար շահած էի եւ սկսայ յաճախել նախ սովորական դպրոց մը եւ վերջը՝ համալսարան:
Ամառը մանր-մունր գործեր կ՚առնէի, տնտեսական վիճակնիս բարելաւելու համար: Երբեմն լաւ տեղ կը գտնէի, երբեմն ալ ոչ: Զոր օրինակ, աշխատած եմ օդանաւային ընկերութիւններու, նաւահանգիստի ընկերութեան մը քով, պանդոկներու մէջ, եւ այլն, եւ այլն: Գործերը այդքան ալ հետաքրքրական չէին, բայց եկամուտը բաւարար էր:
Երբ օդանաւային ընկերութիւն մը սկսայ աշխատիլ, իմացուցին որ նոր մատակարարուհիները (stewardess) ստիպողաբար պէտք էր մասնակցէին անմիջական բուժօգնութեան դասաւանդութեան: Շատ դժուարիս եկաւ մէկու մը ասեղ սրսկելը, որով ես ալ կը վախնայի ասեղէն: Եկաւ օրը, որ մայրանոց ալ երթանք ու հոն ալ բաներ մը սորվինք: Երբ այդ կիներուն չարչարանքը տեսայ՝ սիրտս խառնուեցաւ ու գետին գլորեցայ: Անոր վրայ ինքզինքիս խօսք տուի որ պզտիկ չբերեմ:
2
Երիտասարդ տարիքիս բարեկամացայ աղջկայ մը հետ, որ միեւնոյն համալսարանը կը յաճախէր եւ մեր դասարանն էր: Զիս միշտ իրենց կը հրաւիրէր ճաշելու կամ միասին սորվելու կամ սինեմա երթալու կամ այլ պատճառներով: Ան երեք եղբայրներ ունէր եւ բախտի բերմամբ ես ու պզտիկ եղբայրը, որուն գրեթէ տարեկից էի, խենթի պէս սիրահարեցանք:
Երբ մայրս զգաց, ինծի հետեւեալ խօսքը ըսաւ. «Աղջիկս, ի՛նչ կ՚ուզես ըրէ, ուր կ՚ուզես գնա՛, բայց ուշադրութիւն ըրէ, որ յաջորդ առտու կարենաս ճակատդ բաց հայելիին նայիլ»:
Չէի ուտեր, չէի խմեր, միմիայն իր մասին կը մտածէի: Զինք չտեսած օրերս ինծի համար կորսուած օրեր էին: Ինծի համար արեւն ու լուսինը ինք կը նշանակէր, ամէն բան իր շուրջ կը դառնար ու մնացածը մութին մէջ կը մնար ու անկարեւոր կը դառնար:
Երեք կարճ տարիներէ վերջ ան որոշեց Ամերիկա մեկնիլ ու հոն շարունակել իր ուսումը: Աշխարհս մթնցաւ անոր վրայ: Գիշեր-ցերեկ կ՚աղօթէի որ հրաժարէր այդ որոշումէն: Զիս վստահեցնելու համար գեղեցիկ մատանի մը նուիրեց՝ երկու սիրտ, մէջտեղը ադամանդով բաժնուած, զոր մինչեւ հիմա կը պահեմ...:
Ուրեմն ան մեկնեցաւ ու ես մնացի տեղս...: Ճամբորդութենէն վերջ եկանք իրենց տունը ու իր անկողնին վրայ նստած ժամերով արցունք թափեցի: Խեղճ մայրը դիմացս նստած ի զուր կը փորձէր սփոփել զիս: Էջերով նամակներ կ՚երթային ու կու գային: Չեմ գիտեր ինչպէս անցաւ այդ տարին, որու վերջաւորութեան եկաւ աչքիս լոյսը: Ու մեր յարաբերութիւնը նոր աշխուժութեամբ թեւեր առաւ ու թռչեցաւ մինչեւ այն ատեն, երբ ինք պէտք էր Ամերիկա վերադառնար:
Երկու երկար տարիներ չտեսանք զիրար, նամակներն ալ սկսան նուազիլ: Օրին մէկը, Պէյրութ ընկերուհիի մը հետ պտտած ատեն, զինք պատահմամբ ճամբան տեսայ: Առանձին չէր ան, այլ թեւին անցած էր խարտեաշ մազերով երիտասարդուհի մը: Երբ ուզեցի խօսիլ հետը, երեսը դարձուց ու փախուստ տուաւ: Ցաւերուս, արցունքներուս չափ չկար, հոգեկան վիճակս զերոյի իջաւ, չէի ուզեր ուտել, խմել, մէկու մը հետ խորհրդակցիլ. կարծես երկինքը փլաւ ու ես տակը մնացի:
Կարծեմ մօրս աղօթքներն էին որ իրականացան, որով չէր փափաքեր որ աս յարաբերութիւնը շարունակուէր: Ան միշտ կ՚ըսէր. «Հարուստ ընտանիքի զաւակ մը մեզի հետ գործ չունի. եթէ հաւատաս անոր, ինքզինքդ խաբած կ՚ըլլաս»:
Չերկնցնեմ. այս ձեւով աւազին վրայ կորսուեցան մեր հետքերը:
Ատոր վրայ երկար տարիներ շատ զգոյշ եղայ զգացումներս արտայայտելու եւ համակրութիւնս բաց էջի մը նման պարզելու: Այն աստիճան որ երբ երիտասարդ մը հետաքրքրութիւն կը ցուցնէր՝ պաղ կը մնայի անոր հանդէպ:
3
Վերադառնամ Լիբանանի կեանքիս: Մինչեւ 1974 հանգիստ կ՚ապրէինք Լիբանան, որովհետեւ գիշեր-ցերեկ անվախօրէն երկրին ամէն կողմը կրնայինք երթալ: Միակ ցաւալի կէտը այն էր որ բաւական օտարներ կային, որոնք կը ջանային ձեռք անցընել երկիրը եւ տեղացիներուն դժուարութիւն կու տային: Սկզբնական դժուարութիւններէն վերջ, - որով տակաւին ուսումս պէտք էր շարունակէի, - բախտը ունեցայ շատ լաւ վճարումով ու պաշտօնով բարձր դիրք մը ունենալ, հաստատութեան մը տնօրէնին որպէս աջ բազուկը: Քանի որ մեր ընկերութիւնը գերմանական ընկերութիւններու հետ կ՚աշխատէր, յաճախ գերմաներէն լեզուով նամակներ կը ստանայինք: Կ՚ուզէի հասկնալ պարունակութիւնը այդ գրուածքներուն եւ սկսայ յաճախել Goethe Institut, հետեւելով երեկոյեան դասերուն, ինչ որ մօտաւորապէս հինգ տարի տեւեց:
Տնօրէնը շատ զարմացաւ առած քայլիս համար, բայց ամէն անգամ որ հիւր կ՚ունենայինք Գերմանիայէն՝ զիս կը գովէր այդ նիւթը բանալով: Մինչ այդ խռովութիւնները արդէն սկսած էին լիբանանցիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ: Գործատեղիին մէջ այդ մասին շատ չէինք խօսեր, որով գործատէրն ու մի քանի աշխատաւորներ այդ ազգին կը պատկանէին: Օրին մէկը լեզուս բերանիս մէջ տասնհինգ անգամ դարձնելէ վերջ հարցուցի տնօրէնիս, թէ ինչո՞ւ պաղեստինցիները Լիբանանի մէջ վայրագութիւններ կ՚ընեն: Եթէ գոհ չեն՝ ի՞նչ է արդեօք ուզածնին: Ինծի պատասխանեց. «Մենք Պաղեստին չենք ուզեր երթալ, մենք կ՚ուզենք երկիրը քարուքանդ ընել»:
Շատ դժուարիս եկաւ աս խօսքը: Չափազանց տաք վիճաբանութենէն ազդուեցայ: Տուն վերադարձայ եւ լաւ մը մտածելէ վերջ որոշեցի հրաժարիլ այդ աշխատավայրէն:
Հայկական միջավայրի մէջ չկրցայ կամ չուզեցի մտնել ու բոլոր ընկեր-ընկերուհիներս տեղացիներէ բաղկացած էին, ու մեր ազատ ժամերը միասին կ՚անցընէինք: Կ՚երթայինք ծով, պարելու, լեռնային կողմեր, սինեմա, տարեդարձներ տօնելու եւ ելոյթներ վայելելու, եւ այլն, անոր համար օտար լեզուներ աւելի լաւ գիտէի քան հայերէնը:
Այդ տարիներուն բազմաթիւ օտարականներ մեր երկիրը խուժեցին: Սկիզբը հանգիստ մնացին ու իրենց թիւը, քանակը ու նպատակը շատ յայտնի չեղաւ:
Եւ այսօր որ տարիներէ ի վեր Գերմանիա կ՚ապրիմ, կը տեսնեմ կառավարութեան եւ բնակիչներուն բռնած ճամբան, որ թոյլ տուած է եւ տակաւին կ՚արտօնէ, որ օտարներուն թիւը օրէ օր բազմանայ: Պիտի գայ ժամանակը, երբ անոնք երկրին պիտի տիրանան եւ Լիբանանի բուն խնդիրը այն ատեն պիտի սկսի:
Խելացի մարդուն մէկը այս խօսքը ըսած է. «Կարելի չէ սեւն ու ճերմակը, այլազգն ու քրիստոնեան միասին շաղել»:
Քանի մը տարի առաջ գացած էի Ֆրանքֆուրթ, ընկերուհիի մը այցելելու: Իրիկուան դէմ իրարմէ հրաժեշտ առինք եւ իր տունէն դուրս ելայ ինքնաշարժ նստելու: Տեսայ որ տեղս շատ նեղ էր եւ չէի կրնար առանց մեծ դժուարութեան տեղէս շարժիլ: Կը փորձէի ձեւով մը դուրս ելլել այդ նեղ ու դժուար տեղէն, երբ ետեւէս հասաւ ուրիշ ինքնաշարժ մը, լոյսերը բարձր վառած, ինչ որ աչքերս շլացուց:
(…)
4
Գործի ճամբուս վրայ պատահած սկըզբ-նական դժուարութիւններէն յետոյ, -որով տակաւին ուսումս պէտք էր շարունակէի եւ չէի կրնար մշտական գործ մը ապահովել, - բախտը ունեցայ վերջապէս վճարումով ու պաշտօնով շատ լաւ ու կարեւոր գործ մը ստանձնելու: Այս ընկերութիւնը կը գործակցէր գերմանական գործարաններու հետ: Գերմանիայէն ապրանք կ՚ապսպրէինք ու յաճախ այդ լեզուով նամակներ կը ստանայինք: Կ՚ուզէի անպայման հասկնալ գրուածքներուն պարունակութիւնը, անոր համար սկսայ Goethe Institut յաճախել, ինչպէս ըսի, որպէսզի գերմաներէն սորվիմ: Դասաւանդութիւնները իրիկունը տեղի կ՚ունենային, այսինքն գործէս վերջ դպրոց կ՚երթայի, ինչ որ մօտաւորապէս հինգ տարի տեւեց եւ յաջողեցայ աւարտական վկայականով մը դասընթացքը ամբողջացնել:
Լիբանանի մէջ օտարներուն թիւը այդքան բազմացաւ որ իրենք զիրենք երկրին տէրն ու տիրականը սեպելով սկսան տեղացիներուն նեղութիւն տալ: Այսինքն եթէ մէկը կառավարական որեւէ տեսակ գործողութեան պէտք ունենար, ստիպուած էր դիմելու օտարազգի անձնաւորութեանց: Անոնք նոյնիսկ կը ջանային ձեռք անցընել երկիրը եւ կը փորձէին ծով թափել տեղացիները...:
5
Որոշեցի Եւրոպա երթալ քիչ մը հանգըս-տանալու եւ եւրոպացի բարեկամներուս ու ընկերուհիներուս այցելելու:
Ընկեր-ընկերուհիներով հաւաքուեցանք ու մեծ խրախճանք մը ըրինք Պէյրութի արեւմտեան կողմը ինկող Long Beach անունով ծովեզերեայ պանդոկ-լողաւազանին մէջ, ուր յաճախ կ՚երթայի եւ ուր բաւական ճանչուորներ ունէի: Ասոնք մեծ մասամբ տեղացի՝ լիբանանցի էին: Մէջերնին կային քրիստոնեայ եւ այլազգ, բայց ոչ՝ հայ, քանի որ շրջանակս բոլորովին օտարներէ կազմուած էր:
Ճամբորդութեան առաջին ուղղութիւնը եղաւ Ֆրանսան, ուր մնացի մօտ մէկ ամիս, բայց Փարիզին շատ սուղ քաղաք ըլլալուն պատճառով, որոշեցի անցնիլ Գերմանիա:
Բարեկամի մը այցելութեան ժամանակ ծանօթացայ լիբանանցի երիտասարդի մը՝ Միշելին, որ գերմանական ընկերութեան մը մէջ կ՚աշխատէր: Խօսակցութեան մէջ պատմեցի Լիբանանի կացութեան մասին եւ իմացուցի իրեն որ շատ գոհ չէի այդտեղի վիճակէն: Քիչ մը մտածելէ վերջ ըսաւ, որ իր ընկերութիւնը նպատակ ունի Միջին Արեւելքի մէջ մասնաճիւղ մը բանալու եւ մէկը կը փնտռէ որ կարողութիւնը ունենայ այդ ճիւղը բանալու Պէյրութ, ընկերութիւնը ներկայացնելու եւ իրենց շինած գործիքներն ու մեքենաները հոն ծախելու նպատակով: Եւ քանի որ ես աշխատած էի այդպիսի տեղ մը, համաձայնեցայ այդ ընկերութիւնը այցելել ու ծանօթանալ անոր աշխատանքին:
Շատ շուտով համաձայնեցանք, բայց պէտք էր անպայման վերադառնայի Լիբանան, որպէսզի նոր անցագրով վերստին մտնէի Գերմանիա:
Հազիւ հասած էի Պէյրութի օդանաւակայանը, նշմարեցի որ կացութիւնը սաստիկ լարուած էր: Դիմեցի գերմանական դեսպանատուն: Լիբանանցիներուս ալ պէտք էր դիմել ստանալու նոր անցագիր:
Այդ միջոցին կարծես Լիբանանին վիճակը հանգստացաւ, ու որոշեցի մնալ: Բախտը ունեցայ արագօրէն գործ գտնելու արեւմտեան Պէյրութի մէջ, իբր քարտուղար: Գործատեղիին տէրն ու տնօրէնը շատ համեստ այլազգ մըն էր, որ իր քոյրերն ու եղբայրները կ՚աշխատցնէր: Իմ աշխատած բաժինս կայծարձակ (radiator) կը ներածէր ու կ՚արտածէր: Ճարտարապետեր ունէինք, որոնք կը չափէին ու հաշիւ կ՚ընէին, թէ տուն մը որքա՞ն radiator-ի պէտք ունէր, որպէսզի ձմեռուան պաղ օրերուն հաճելի ըլլար տան շրջապատը ու մէկը չսառէր:
Մի քանի ամիսէն արդէն սորվեցայ հաշ-ւելու կերպը եւ բուն գործէս զատ սկսայ կամաց-կամաց radiator-ներու չափագրութիւնը ընել ու ծախել: Տնօրէնն ու ընտանիքը շատ զարմացան որ արդէն գլուխ կը հանէի այսպիսի գործ մը: Միակ հակառակորդ անձը գրասենեակի վարիչն էր, պաղեստինցի քրիստոնեայ մը, որ տարի մը վերջ հրաժարականը ներկայացուց ու գնաց:
Ուրախ էի գործիս մէջ, բոլորէն յարգը-ւած ու սիրուած: Արձակուրդներուն կը ճամբորդէի երբեմն, ամէն անգամ ուրիշ երկիր կը զատէի: Գացի Ֆրանսա, Անգլիա, Շուէտ, Գերմանիա, եւ այլն, բայց միշտ կ՚ուզէի վերադառնալ իմ սիրելի Պէյրութս, միշտ կը կրկնէի. «Եթէ ոեւէ մէկը չմնայ Լիբանան՝ ես վերջինը կ՚ըլլամ երկիրը ձգող»:
Մինչ այդ սկսաւ զինեալ պայքարը պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու միջեւ: Մեր տունը Tal-el-Zaatar-ի եւ Էշրէֆիէի մէջտեղ կը գտնուէր եւ վտանգաւոր տեղ մըն էր: Հանդարտ օրերուն կ՚երթայի գործիս, անցնելով Կանաչ Գօտի ըսուած պողոտայէն: Լիբանանցի կռուողները, մանաւանդ այլազգները, երբ գիտնային որ հայ եմ եւ ուր կ՚աշխատիմ՝ ճամբայ կու տային անցնելու եւ նոյնիսկ երբեմն իրենք կ՚առաջնորդէին զիս:
Կռիւները սաստկացան, աջէն-ձախէն կ՚իյնային ռումբերը, երբեմն ալ մարդիկ դռնէ դուռ զիրար կը սպաննէին: Օրին մէկը գլուխս մայր դռնէն դուրս հանեցի եւ ի՜նչ տեսնեմ. պաղեստինցի կռուողներ իրենց հրասայլին ետեւէն երկու-երեք վիրաւոր կամ մահացած երիտասարդներ կը քաշէին:
Անշուշտ այսպիսի տեսարաններ յաճախ կը կրկնուէին, որովհետեւ անոնք վստահ էին, որ George, Michel, Emile անունով քրիստոնեայ երիտասարդները անկարող էին իրենց դիմադրելու: Ասոր վրայ լիբանանցիները կատղեցան եւ մեծ թիւով եւ յարձակեցան Tal-el-Zaatar եւ գրաւեցին զայն: Շատեր գացին տեսնելու այդ թաղամասը, որ լիբանանցիներու համար անհասանելի վայր մըն էր, եւ ի՜նչ տեսնեն՝ փորուած հորեր, ուր տեղացի տղաք կիսամեռ կամ մեռած նետուած էին: Անոնց խեղճ մայրերը օրերով, շաբաթներով իրենց կը սպասէին ու զիրենք կը փնտռէին:
Անոր վրայ ա՛լ աւելի կատղեցան լիբանանցիները եւ սկսան հալածել պաղեստինցիները, որոնց կողմն էին նաեւ լիբանանցի այլազգները:
ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ
ՇԹՈՒԹԸՆԶԷ, ԳԵՐՄԱՆԻԱ