ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ
«Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներ» անուան տակ կը ճանչցուին այն հոգեւորականները՝ որոնք Վարդանանց պատերազմէն (451) յետոյ, Ատրորմիզդ մարզպանի թելադրանքով, պարսիկներու Յազկերտ Բ.-ի հրամանով ձերբակալուեցան՝ Հայերու ապստամբական եւ ըմբոստական նոր խլրտումներէն զերծ պահելու համար երկիրը, եւ տարուեցան Ապար աշխարհի Նուշապուհ բերդը։ Այնտեղ անոնց առաջարկուեցաւ ընդունիլ մազդեզական՝ պարսիկ կրօնին պատկանող դաւանանքը՝ իրենց կեանքը փրկելու համար։
Ղեւոնդեաններ մերժեցին այս առաջարկը։
454 թուականին քուշաններու դէմ մղած պատերազմի ընթացքին՝ պարսիկները պարտութիւն կը կրեն։ Մոգերը, այսինքն պարսիկ քուրմերը եւ աստղագէտները այս պարտութեան պատճառը կը վերագրեն Ղեւոնդեաններուն՝ որու հետեւանքով ալ անոնք կը նահատակուին։
Պատմութեան վկայութեան համաձայն Ղեւոնդեաններ կը յիշուին՝ Յովսէփ Կաթողիկոս, Սահակ Եպիսկոպոս, Ղեւոնդ Երէց, Մուշէ Քահանայ, Արշէն Երէց, Գաճաճ Սարկաւագ, որոնց հետ էին նաեւ՝ Աբրահամ Երէց եւ Խորէն Երէց, որոնք աքսորուեցան։
Որոշ ժամանակ մը վերջ չդիմանալով երկրին տօթակէզ, կիզիչ եղանակին՝ Խորէն Երէցը մահացաւ։
Իսկ Աբրահամ Երէցը աւելի վերջ թոյլտուութիւն ստացաւ իր երկիրը վերադառնալու եւ ձեռնադրուեցաւ Բզնունիքի եպիսկոպոս։
Աբրահամ Երէցի կը վերագրուի ասորական «Վկայք Արեւելից» երկի հայերէն թարգմանութիւնը։
Սուրբ Հոգեւորականներու այս խումբին՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակութեան օրը այս տարի նշուեցաւ Փետրուար 2-ին։
Եւ երբ կը յիշենք անգամ մը եւս Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաները, կարելի չէ չյիշել Եղիշէ մատենագրի սա հրաշալի՜ քառեակը՝ այն չորս յատկանիշները, որոնք կը մեծցնեն, կը բարձրացնեն քահանայութիւնը, որ ինքնին արդէն մեծ յարգ ու արժէք ունի։ Ուստի «հոգեւորական» անունը՝ եկեղեցական պաշտօնեաներու յատուկ ընդհանուր նկարագրի մը արտայայտութիւնն է, որ ինքնին կը մատնանշէ անոնց յատուկ կեցուածքը աշխարհայինի նկատմամբ։
Եղիշէ մատենագիրը սապէս կը նկարագրէ զանոնք.
«Ընչատեացք էին իբրեւ զանկարօտս.
«Սրբասէրք էին իբրեւ զանմարմինս.
«Անաչառք էին իբրեւ զարդարադատս.
«Աներկիւղք էին իբրեւ զանմահս»։
Այս կը նշանակէ՝ թէ քահանաները ինչքը, ստացուածքը, նիւթը կ՚ատէին, կը մերժէին իբրեւ մարդիկ՝ որ ո՛չ մէկ բանի կարօտ էին։ Անշուշտ որ ինչքը պէ՛տք է, բնական պահանջք մըն է մարդուս համար, որ կեանք մը կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։
Բայց դատապարտելի՛ է այս մասին չափազանցութիւնը ինչպէս ամէն մարզի մէջ եւ մանաւանդ «հոգեւորական»ի հանգամանքով ծառայողներու մէջ։ Եւ աւելի եւս դատապարտելի է հոգեւորականներու՝ ինչքը, ստացուածքը դիզելու համար իր առողջութիւնը եւ մանաւա՛նդ բարոյական սկզբունքները զոհե՛լը։ Դատապարտելի՛ է ինչքը դիզելու համար կեանքի ամբողջ գործունէութեան շարժառիթը նկատել հարստութիւնը, պերճանքը, չափազանցութիւնները։
Սխա՛լ է նաեւ հարստութիւնը լոկ անձնական հաճոյքի եւ շատ անգամ փառքի համար կիրարկելը։
Մէկ խօսքով, սիրելի՜ներ. դատապարտելի՛ է ագահութիւնը, ինչ որ կը համարուի «մահացու մաղք», քանի որ ան ծնունդ կու տայ ուրիշ զանազան մեղքերու։ Ուստի եթէ մէկը իրապէս «հոգեւորական»ի նկարագիր ունի, «հոգիի մարդ» է, ապա ուրեմն ան հոգեւոր արժէքներու կարեւորութիւն ընծայող անձ մը պէտք է ըլլայ՝ համապատասխան իր հոգեվիճակին, ընդհանուր նկարագրին եւ ո՛չ երբեք նիւթապաշտ։
Արդարեւ կարելի չէ, թէ՛ մտապէս, թէ՛ հոգեպէս երկու հոգեվիճակի մէջ ապրիլ մարդուս համար, այսինքն մա՛րդ թէ՛ հոգեւորական, թէ՛ նիւթապաշտ չի՛ կրնար ըլլալ, ինչ որ բանականութեան եւ իրերու բնութեան բոլորովին հակառա՛կ է։ Եւ ո՜րքան վտանգ կը սպառնան անոնք՝ որ հոգեւորականի երեւոյթով նիւթապա՜շտներ են…։
Իսկ նեղ առումով հոգեւորականը աւելի եւս ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալու է այս մասին, ան պէտք է ապրի եւ գործէ իր ուխտին եւ կարգին համաձայն եւ հեռո՛ւ մնայ ամէն արարքէ՝ որ դէ՛մ է իր ուխտին ու կարգին։ Մարմին, այսինքն նիւթը, հոգին եւ միտքը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն մարդը, բայց ո՛չ երբեք պէտք է գերազանցեն զիրար, քանի որ մարմին-հոգի-միտք եթէ կորսնցնեն իրենց ներդաշնակութիւնը, կը խաթարուի, կը խանգարուի մարդուս ամբողջ էութիւնը եւ կը կորսնցնէ իր կշիռը, որուն վրայ հիմնուած ու հաստատուած է իր աշխարհային կեանքը։ Եւ շատ անգամ, այս ներդաշնակութեան խաթարման պատճառով է որ մարմնական, հոգեկան կամ մտային անհանգստութիւններ կը գոյանան, եւ կը խանգարուի հոգիի, մարմնի եւ մտքի ներդաշնակութիւնը եւ ուրեմն անդորրութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ Կատարեալ է, զօրաւոր է եւ անթերի այն մարդը՝ որ կարողութիւն ունի ներդաշնակելու մարմինը, հոգին եւ միտքը։
Իսկ նեղ առումով հոգեւորականներու պարագային աւելի եւս պատասխանատուութիւն կը վերաբերի, քանի որ անոնք ո՛չ միայն իրենց անձէն, այլ եւ ժողովուրդին հոգեւոր եւ ինչո՛ւ չէ, մտաւոր պատասխանատուութեան համար ալ համարատու են։ Եւ ուրեմն նիւթապաշտ եւ աշխարհասէր հոգեւորական մը անհաճոյ կը դառնայ նախ Աստուծոյ առջեւ եւ յետոյ կը պզտիկնայ յաչս հաւատացեալներու։
Մշակը արժանի՛ է իր վարձքին։ Անտարակոյս ճիշդ է այդ աւետարանական պատգամը՝ քրիստասաւանդ անշեղ սկզբունքը, բայց այդ արժանաւորութիւնը համապատասխան եւ համեմատական ու համարժէք ըլլայ վարձքին՝ ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս, ի՛նչ որ կ՚ենթադրէ չափաւորութի՛ւն։
Եւ այս Մեծ պահոց շրջանին կ՚արժէ անգամ մը եւս խորհիլ, խորանալ չափաւորութեան կարեւորութեան վրայ։ Հոն՝ ո՛ւր չափաւորութիւն եւ պարզութիւն կայ՝ հոն կայ զօրութիւն, կատարելութիւն եւ անշո՛ւշտ երջանկութիւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 10, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024