ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ
Կիւմրի: Վայր մը, ուր կ՚ապրի հայ ժողովուրդի խտացուած ցաւի մէկ մասնիկը: Ցաւը, արդէն քսանութ տարիէ ի վեր՝ ներկայ է Կիւմրիի մէջ եւ կարծես հրաշագեղ այս քաղաքը լքելու ցանկութիւն չունի:
Հայոց հիւսիսային դարպասն է Կիւմրին, հնագոյն պատմութիւն ունեցող Ալեքսանտրապոլը, ուր 1988 թուականի ահեղ երկրաշարժը շեղեց այնտեղ ապրող մարդուն կեանքի ընթացքը: Հազարաւոր մարդկային կեանքեր խորտակ-ւեցան, հազարաւոր տուներ փոշի դարձան, կիւմրեցին իր ճակատագրին մէջ յաւերժ կրեց վիրաւորի պիտակը: Այսօր ալ, երկրաշարժէն տարիներ ետք, այդ խարանը տակաւին կիւմրեցիի վրան է: Թէեւ նոր Կիւմրին աչքի կը զարնէ երկրաշարժէն ետք կառուցուած նոր շէնքերով, բայց շատ են նաեւ կիսափուլ, վթարային շէնքերու թիւը, եւ շատ են նաեւ ժամանակաւոր կացարանները, որոնց մէջ կը բնակին երեք հազարէ աւելի կիւմրեցիներ: Փայտեայ, թիթեղէ եւ այլ նիւթերէ կարկատուած տնակներ, որոնք ունին ո՛չ ջուր, ո՛չ ջեռուցում, ո՛չ սանհանգոյց (=սանիտարական հանգոյց=լուացարան, լոգարան, զուգարան), ոչ ալ՝ խոհանոց: Անոնց տանիքներէն ամառ-ձմեռ ջուր կը կաթի, յաճախ նաեւ ջուրը կը լեցուի մարդոց անկողիններուն մէջ, եւ այդ խոնավ, անյոյս կացարաններու մէջ ապրող մարդիկ բոլորն ալ հիւանդութիւններու տէր դարձած են: Անոնք կ՚ապրին անասելի յուսահատութեան մէջ, կորսնցուցած են իրենց հաւատը եւ անորոշ, ոչինչ ըսող հայեացքներով կը դիտեն իրենց տուները ժամանած անծանօթ մարդոց: Դըժ-ւար է նայիլ մանաւանդ այդ կացարաններու մէջ ապրող երախաներուն, ծերերուն, որոնք առաւել խնամքի կարիք ունին…
Այդ ժամանակաւոր կացարաններէն մաս մը կը գտնուի Կիւմրիի երբեմնի «Ֆանտաններ» (Շատրուաններ) կոչ-ւող թաղամասին մէջ: Խորհրդային տարիներուն անտառով ու զբօսայգիով նշանաւոր այդ թաղը այսօր լքուած տարածք մըն է, Կիւմրիէն կտրուած վայր մը, ուրկէ կ՚անցնինք յաղթահարելով անբարեկարգ ճամբաներն ու ձմրան վերջին օրերուն յառաջացած ցեխերը:
Նոյնիսկ Կիւմրիի հրապարակէն առնուած կիւմրեցի թաքսիի վարորդը կը զարմանայ, թէ ի՞նչ գործ ունինք «Ֆանտաններ», եւ երբ կը լսէ, որ կիւմրեցի աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Համասեան ելոյթ պիտի ունենայ այնտեղ, ա՛լ աւելի կը զարմանայ ըսելով՝ «Այդ շուներով ու աղբով լեցուն տարածքի մէջ ինչպէ՞ս պիտի նուագէ մեր Տիգրանը»…
Այնուհետեւ, մօտենալով Ֆանտաններուն եւ տեսնելով հաւաքուած բազմութիւնը, կը զարմանայ, որ ինչո՞ւ կիւմրեցիներ տեղեակ չեն եղած համերգէն։ «Է՜, Կիւմրին աշխարհէն կտրուած է, ինչէ՞ն տեղեակ ենք, որ մեր Տիգրանի համերգէն տեղեակ ըլլանք», կ՚ըսէ թաքսիի վարորդը: Կիւմրեցիները ամբողջ սրտով «մեր Տիգրանը» կը կոչեն աշխարհի լաւագոյն բեմերը նուաճած եւ միշտ Կիւմրիի անունը բարձր պահած այդ համեստ տղան: Հարիւրաւոր նշանաւոր բեմերէ, լեցուն եւ տաքուկ դահլիճներէ ետք Տիգրան Համասեան այս անգամ սակայն, ընտրած է մէկ այլ «բեմ»՝ իր հարազատ Կիւմրիի ամենէն չքաւոր թաղամասի մէկ հատուածը: Ժամանակաւոր թիթեղեայ տնակներու քով դրուած անոր երաժշտական գործիքը՝ դաշնամուրը, վերացական պատկեր հաղորդած էր աղքատներու այդ թաղամասին: Բոլորի կողմէ լքուած եւ կարծես մոռացութեան մատնուած «Ֆանտաններ»ը երբեք այդքան մարդ չէր այցելած, ինչքան որ այցելեց Տիգրան Համասեանի համերգին օրը:
Համերգը մէկ մասն էր նախաձեռնութեան մը, որու հեղինակը կիւմրեցի երիտասարդ լուսանկարիչ Հայկ Բարսեղեանն է: Ան, Յունուար ամսուն այցելելով «Ֆանտաններ» եւ մօտէն մանրամասն լուսանկարելով հոն թիթեղեայ տնակներու մէջ, խիստ անմարդկային պայմաններու տակ ապրող կիւմրեցիներու կեանքը, հրապարակելով իր կատարած լուսանկարները, դրամահաւաք մը սկսած է միջազգային դրամահաւաքի կայքերէն մէկուն՝ www.crowdfunder.co.uk միջոցով: Այս նախաձեռնութենէ ետք ձեւաւորուած է երիտասարդ կիւմրեցիներէ կազմուած SOS GYUMRI խումբը, որու անդամները զանազան միջոցներով փորձած են թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ անհատ բարերարներու եւ թէ տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել տարրական կենցաղային բոլոր պայմաններէ զուրկ տնակներու մէջ ապրող մարդոց կեանքին վրայ: Կիւմրեցի անօթեւաններու մասին հաղորդում պատրաստած է արաբական նշանաւոր «Ալ Ճազիրա» հեռուստաընկերութեան անգլերէն բաժինը, շուտով՝ Ապրիլին «Պի. Պի. Սի.»ն պիտի այցելէ Կիւմրի՝ տեսաֆիլմ պատրաստելու այս բացառիկ նախաձեռնութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու կիւմրեցի անօթեւաններու խնդրին:
Նախաձեռնողները վերջնաժամկէտ մը դրած են՝ մինչեւ 20 Մարտ հաւաքել 175 հազար տոլար՝ մանաւանդ խիստ չքաւոր պայմաններու տակ ապրող տասներեք ընտանիքի համար բնակարան ապահովելու համար: Մինչեւ համերգի օրը հաւաքուած էր 40 հազար ամերիկեան տոլար, համերգի օրն ալ, բեմին վրայ դրուած արկղին մէջ ներկաները հանգականութիւններ կատարեցին, իսկ առհասարակ, նախաձեռնութեան հեղինակներու յոյսը խոշոր կազմակերպութիւններն են, որոնք կ՚օգնեն՝ բնակարաններ նուիրաբերելու համար ընտանիքներուն: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ բրիտանական նշանաւոր կայքի պայմաններէն մէկն ալ այն է, որ եթէ մինչեւ վերջնաժամկէտի օրը նախատեսուած գումարը չհաւաքուի, ապա այդ նպատակաւ բացուած հաշիւը պիտի սառեցուի եւ գումարը ետ պիտի վերադարձուի նուիրատուներուն:
Այն ընտանիքները, որոնք այս օրերուն ուշադրութեան առարկայ դարձած են, իրենց տուները կորսնցնելով երկրաշարժի ժամանակ, մինչեւ հիմա կարգի կը սպասեն՝ բնակարան ստանալու, սակայն պետական միջոցները բաւարար չեն գտնուած՝ այդ հարցը վերջնականապէս լուծելու համար: Յամենայնդէպս, այդպէս կ՚ըսուի պաշտօնական մերժում-պատասխանին մէջ:
Տիգրան Համասեան, իբրեւ ճանչցուած ու նշանաւոր անձ, իր համերգի միջոցաւ կրցաւ մեծ ուշադրութիւն հրաւիրել նշուած խնդրին: Ան յայտարարեց, թէ քանի որ ձեռք բերուելիք բնակարանները նոր պիտի ըլլան, ապա ինքն ալ պիտի ջանայ նոր նուագներ հնչեցնել այդ առթիւ կազմակերպուած համերգին, եւ իր նոր ձայնասկաւառակէն երկու նոր ստեղծագործութիւն նուագեց, ինչպէս նաեւ՝ այլ գործեր իր ծանօթ նուագներէն: Իր նուագակցութիւնը ան երբեմն-երբեմն կ՚ընդմիջէր փոքրիկ մեկնաբանութիւններով, զորս կը կատարէր իր սիրելի Կիւմրիի բարբառով: Մօտ մէկ ժամ տեւած համերգի աւարտին Կիւմրիի փոխքաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեան Տիգրան Համասեանին շնորհեց Կիւմրիի քաղաքապետի «Ոսկէ մետայլ»ը, նշելով, որ ան միշտ բարձր պահած է Կիւմրիի անունը:
Համերգի աւարտին հանրաճանաչ դաշնակահարը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Ծնած ըլլալով Կիւմրի, երկրաշարժէն տարի մը առաջ՝ 1987 թուականին, եւ մինչեւ 1999 թուականը ապրած ըլլալով Կիւմրիի մէջ, Տիգրան Համասեան նշեց, որ իրեն լաւ ծանօթ է երկրաշարժէն տուժածներու կեանքը, Կիւմրի ապրելու տարիներուն յաճախ առընչուած է անոնց կեանքի դժուարութիւններուն, սակայն, ըսաւ, թէ այն ինչ որ ինք տեսած է Ֆանտաններ թաղամասի ժամանակաւոր տնակներուն մէջ, վեր է երեւակայութենէն եւ միայն ապշանքի ու ամօթի զգացում կրնայ յառաջացնել:
«Մեր բոլորիս համար ամօթ է, որ մարդիկ տակաւին այս պայմաններու տակ կ՚ապրին: Արդէն երեսուն տարի պիտի ըլլայ, բայց պայմանները նոյնն են եւ դեռ՝ աւելի վատ: Մենք բոլորս ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի մարդիկ դուրս ելլեն այս տնակներէն, ուր ապրելու ոչ մէկ պայման կայ: Ես կոչ կ՚ընեմ ամէն մարդու, ուշադրութիւն դարձնել անօթեւան կիւմրեցիներու խնդրին, գան Հայաստան, տեսնեն, օգնեն, այստեղէն ալ օգնեն, բան մը ընեն, որպէսզի տուն յատկացուի այս մարդոց: Ես մեծ յոյսեր ունիմ, որ այս դրամահաւաքը յաջողութեամբ կ՚աւարտի եւ մարդիկ կը հասնին իրենց երազանքներուն։ Լաւ է ուշ, քան՝ երբեք», ըսաւ Տիգրան Համասեան:
SOS GYUMRI խումբի նախաձեռնած այս համերգը վերջինը պիտի չըլլայ: Տիգրան Համասեանն ալ ըսաւ, որ իր պայքարը պիտի շարունակէ եւ այլ միջոցներով եւս պիտի նպաստէ նախաձեռնութեան:
«ՀԱՍԱԾ Է ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԱՂԱՊԱՐՈՒԱԾ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ ՉԻ ՄՏԱԾԵՐ, ԱԶԱՏ ԿԸ ԳՈՐԾԷ»
Համերգին քիչ թիւով պաշտօնեաներու կարգին ներկայ էր նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան: ԺԱՄԱՆԱԿ հարցումներ ուղղեց Սրբազան Հօր։
-Սրբազան Հայր, կարծես առաջին անգամն է որ տեղի կ՚ունենայ նման նախաձեռնութիւն մը՝ Կիւմրիի մէջ, ի՞նչ արդիւնք կ՚ունենայ Ձեր կարծիքով:
-Նախաձեռնութիւնը ողջունելի է: Ես ուրախ եմ, որ եկած է ժամանակը վստահաբար, հասած է երիտասարդութիւն մը, որ կաղապարուած չափանիշներով չի մտածեր, ազատ կը գործէ, ոչ սթանտարտ կը մտածէ, իր մասին չի մտածեր, ուրիշի մասին կը մտածէ:
-Ի՞նչ կը կարծէք՝ կ՚ունենա՞յ արդիւնք այս նախաձեռնութիւնը:
-Յուսանք: Այսպիսի պարագաներուն միշտ չէ, որ ես լաւատես եմ, բայց՝ յուսանք: Ինծի համար, յամենայնդէպս, այնքան արդիւնքը կարեւոր չէ, որքան՝ երեւոյթը, ինչպէս ըսի՝ այս երիտասարդներու համար շատ ուրախ եմ:
-Սրբազան Հայր, ի՞նչ կը կարծէք, այն վիճակը, որ այսօր կը տիրէ այս տնակային աւանի մէջ, տեղական իշխանութիւններու աշխատանքի թերացո՞ւմը չէ, որուն պատճառաւ երիտասարդները ստիպուած կ՚ըլլան այս տեսակ միջոցներով լրացնել:
-Իշխանութիւնը բացթողումներ շատ ունի, բայց եթէ նոյնիսկ չունենար, հաւանաբար հնարաւորութիւնները բաւարար չ՚ըլլար՝ ամէն ինչ ընելու: Այնպէս որ հասարակութեան օժանդակութիւնը միշտ ալ պէտք է իշխանութիւններուն:
Այս մէկը համազգային խայտառակութիւն է, միայն իշխանութիւններու մեղքը չէ, բոլորիս խայտառակութիւնն է, բոլորիս ամօթն է՝ Հայաստան, Սփիւռք, հայութիւն, իշխանութիւն, բարերարութիւն…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ