ՀԲԸՄ ՆՈՐ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ­ՆԵ­ՐՈՒ ԻՐ Ա­ՌԱ­ՔԵ­ԼՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՄԻՆ­ՉԵՒ 20-ՐԴ ԴԱՐ

Ան­կաս­կած Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) անց­նող 110 տա­րի­նե­րուն նա­խախ­նա­մու­թեան պար­գե­ւը ե­ղաւ հա­յու­թեան: Ան տարի­նե­րու դա­ւալ­քին հետ դար­ձաւ նա­խա­մե­ծար: Եւ որ­պէս բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն՝ հա­սաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին անխ­տիր՝ բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ե­րի­տա­սար­դա­կան բիւր կա­րիք­նե­րուն: Հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն Միու­թեան ազ­գա­նուէր բա­րե­րար­նե­րը, վա­րիչ­ներն ու նա­խա­գահ­նե­րը գուր­գու­րա­ցին Միու­թեան ա­նու­նին ու վար­կին վրայ, պա­հե­լով զայն ամ­բող­ջո­վին թա­փան­ցիկ, ժո­ղովր­դա­յին եւ յար­գե­լի կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը:

Ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին հետ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը քայլ պա­հեց մեր ժո­ղո­վուր­դին ու հայ­րե­նի­քին կեան­քի ա­ռօ­րեա­յին հետ: Ծնունդ ա­ռած լոկ որ­պէս բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը Սփիւռ­քի մէջ, ան ա­րա­գօ­րէն իր ա­ռա­քե­լու­թեան դաշ­տը ըն­դար­ձա­կեց, մա­նա­ւա՛նդ Եղեռ­նէն ետք, հաս­նե­լու գաղ­թա­կան հա­յու­թեան ան­սահ­ման կա­րիք­նե­րուն՝ բա­նա­լով որ­բա­նոց, մայ­րա­նոց, դպրոց, ան­կե­լա­նոց, դար­մա­նա­տուն, եւ այս գրե­թէ մեր բո­լոր նո­րաս­տեղծ գա­ղութ­նե­րէ ներս: Ե­ղաւ բա­րիք մը բո­վան­դակ հա­յու­թեան:

Նոր սե­րուն­դին հա­յե­ցի եւ տոհ­մա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, այ­նու­հե­տեւ, մնաց իր գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւ­նը: Բա­ցաւ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը, ուր­կէ խմո­րուե­ցաւ հայ կեան­քին ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն տուող մեր գոր­ծիչ­նե­րը: Եւ ա­նոր օ­րի­նա­կով, գրե­թէ ա­մէն հա­մայն­քէ ներս Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը բա­ցաւ իր վար­ժա­րան­նե­րը, ո­րոնք ոչ միայն ե­ղան հայ մշա­կոյ­թի վա­ռա­րան­ներ, այ­լեւ՝ բե­րին բա­րիք հայ ազ­գին: Այդ վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան ու ազ­գա­յին մա­կար­դա­կը դար­ձաւ հո­մա­նիշ ա­մէն վար­կի ու յա­ջո­ղու­թեան:

Զու­գա­հե­ռա­բար, այդ վար­ժա­րան­նե­րէն ըն­թա­ցա­ւարտ թէ այ­լա­պէս գոր­ծի աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ ե­ղող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար բա­ցաւ հա­ւա­քա­տե­ղի, ա­կումբ, ուր հա­յատ­րոփ մթնո­լոր­տի մէջ հա­սակ ա­ռին մեր ա­ռողջ ու գա­ղա­փա­րա­պաշտ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը:

Ու դեռ ա­ւե­լի՛ն, Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մով Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը եօթանասուն տա­րի­ներ վառ պա­հեց մա­քուր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը այդ նոր սե­րուն­դին մօտ, թէ զան­գուած­նե­րուն, սի­րե­լու հայ­րե­նի­քը ու հպար­տա­նա­լու ա­նոր գի­տա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ու նաեւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի օ­րե­րուն ռազ­մա­կան նուա­ճում­նե­րով: Քա­ջա­լե­րեց ազ­գա­հա­ւա­քը Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ: Իր նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը տրա­մադ­րեց, սկզբնա­կան շրջա­նին, շի­նա­րա­րա­կան նպա­տակ­նե­րու եւ ա­ւե­լի ուշ՝ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան վսեմ գոր­ծին: Ու ար­դէն խա­ղա­ղած ու սահ­ման­նե­րով ա­պա­հով մեր հայ­րե­նի­քին մշա­կու­թա­յին վե­րել­քը ծա­նօ­թա­ցուց ար­տա­սահ­մա­նի հա­յու­թեան: Հպա՛րտ էր հա­յու­թիւ­նը իր Հա­յաս­տա­նով ու հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դով:

Մնաց մի՛շտ հա­ւա­տա­ցո­ղը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ան­սա­սա­նու­թեան, գե­րա­գա­հու­թեան ու ընդ­հան­րա­կա­նու­թեան: Հա­ւա­տաց Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ միաս­նա­կա­նու­թեան վսեմ գա­ղա­փա­րին հետ: Ջա­տա­գո­վեց, Պաղ տա­տե­րազ­մի բո­վան­դակ տա­րի­նե­րուն, որ­պէս­զի սփիւռ­քա­հա­յը ա­ւե­լի յա­րի իր հայ­րե­նի­քին ու Սուրբ Էջ­միա­ծի­նին, ո­րոնք պի­տի մնան յոյ­սի մնա­յուն գրա­ւա­կան­նե­րը կա­պուե­լու հա­յու­թեան հետ:

ՄՈՒՏՔ ԴԷ­ՊԻ 21-ՐԴ ԴԱ­ՐԸ

Ան­ցեալ դա­րու ա­ւար­տին ՀԲԸ­Մ-ը նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դէմ յան­դի­ման գտնուե­ցաւ: Նախ Մեծ Երկ­րա­շար­ժը: Միու­թիւ­նը նիւ­թա­կան, մարդ­կա­յին եւ ու­նե­ցած օ­տար բա­րե­սի­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­սաւ Ա­ղէ­տի գօ­տիէն տու­ժած մեր ժո­ղո­վուր­դին: Ան դար­ձաւ ջա­հա­կի­րը այդ ազ­նիւ գոր­ծին՝ օ­րի­նակ հան­դի­սա­նա­լով Միու­թեան նոյն գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող լծա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մե­ծա­գու­մար օգ­նու­թիւն­նե­րով ձեռք-ձեռ­քի տուած հա­սան ա­ղէ­տեալ­նե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի Եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թեան ծնուն­դին, Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը ող­ջու­նեց այդ ա­ւե­տի­սը եւ ըն­ձե­ռեց իր բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը հայ­րե­նի­քի բա­րօ­րու­թեան: Որ­քան Խորհրդային Հա­յաս­տա­նի, նոյն ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ եր­կա­րեց իր բա­րե­րար ձեռ­քը պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տան­քին: Հա­յաս­տա­նի նոր սե­րուն­դին հա­մար բա­նա­լու նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան, կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Կա­րե­ւոր էր, որ հայ ե­րի­տա­սար­դը ճանչ­նար Ռու­սաս­տա­նէն ան­դին միւս մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու նուա­ճում­նե­րը, քա­ղա­քա­կան ու ֆի­նան­սա­կան ա­ռօ­րեան, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, մշա­կոյթն ու լե­զուն: Բա­ցաւ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան ու օգ­նու­թեան հա­սաւ Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նին: Տար­բեր ո­րակ ու չա­փա­նիշ սկսաւ ար­ձա­նագ­րել մեր նոր սե­րուն­դը: Թե­լադ­րուած հա­մա­կարգ­չա­յին դրու­թիւ­նը շու­տով մուտք գոր­ծեց հայ ե­րի­տա­սար­դին ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քէն ներս:

Շա­րու­նա­կեց իր ան­վե­րա­պահ սէ­րը ցու­ցա­բե­րել Մայր Ա­թո­ռին, ա­պա­հո­վե­լով Էջ­միած­նի պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար նոր բա­րե­րար­ներ ու բա­րե­կամ­ներ, վե­րա­ծե­լով մեր Մայր Ա­թո­ռը հա­յու­թեան Վա­տի­կա­նին: Ուս­ման բարձր մա­կար­դա­կին հա­մար ան գուր­գու­րաց, որ­պէս­զի ար­ժա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ այ­սու­հե­տեւ գան ծա­ռա­յու­թեան ու ա­ռաջ­նոր­դեն սփիւռ­քա­հայ թէ հայ­րե­նի մեր թե­մե­րը: Նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, թան­գա­րան­ներ, գրա­դա­րան­ներ մայ­րա­վան­քը վե­րա­ծե­ցին լոյ­սի դարբ­նո­ցի մը:

Այս բո­լո­րով միա­տեղ պա­հեց իր սկսած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հայ սփիւռ­քէն ներս, այս ան­գամ քա­ջա­լե­րե­լով ար­հես­տա­վարժ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը միա­նա­լու Բա­րե­գոր­ծա­կա­նին ու ա­նով՝ հայ կեան­քին: Դժբախ­տա­բար ա­ւան­դա­կան մեր գա­ղութ­նե­րը կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով ի­րենց ան­ցեա­լի հմայ­քը եւ տա­րո­ղու­թիւ­նը, տարտղ­նուե­ցան դէ­պի նոր հո­րի­զոն­ներ: Մինչ այդ ծնունդ ա­ռին նոր հա­մայնք­ներ նախ­կին Խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թեան զա­նա­զան ոս­տան­նե­րուն մէջ: Դժբախ­տա­բար, Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցան մեծ թի­ւով հա­յեր, ի­րենց բախ­տը ո­րո­նե­լու տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ եւ ծնունդ տուին, մա­նա­ւա՛նդ Եւ­րո­պա­յի մէջ, նո­րաս­տեղծ գա­ղութ­նե­րու: Ու այս բո­լո­րին հաս­նե­լու էր Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը պար­զուէին ա­նոր դի­մաց:

2015-ԷՆ ԵՏՔ ՀԲԸՄ-Ը ԿԸ ՄՇԱ­ԿԷ ՆՈՐ ԾՐԱ­ԳԻՐ­ՆԵՐ

Այս տա­րուան Փետ­րուա­րին ար­դէն Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վը հա­յու­թեան կու գայ ներ­կա­յաց­նել ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րամ­շակ­ման իր յան­դուգն ծրա­գիր­նե­րը՝ «Յա­ռա­ջըն­թաց ու բար­գա­ւա­ճու­մ»: Ան­շուշտ ամ­բող­ջա­կան մշա­կու­մը ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, սա­կայն եւ այն­պէս յայտ­նի է, թէ ան­ցեա­լի իր ա­ւան­դա­կան ծրա­գիր­նե­րուն վրայ պի­տի ա­ւելց­նէ նո­րե­րը՝ մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նէն ներս:

Ռու­սա­հայ ծա­նօթ բա­րե­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը իր յատ­կան­շա­կան դե­րը պի­տի ու­նե­նայ՝ երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի պատ­մու­թեան մէջ հայ­րե­նաբ­նակ ազ­գա­յին մը մաս կը կազ­մէ տա­ռա­ցիօ­րէն ամ­բող­ջու­թեամբ եւ գե­րա­զան­ցա­պէս ա­րեւմ­տա­հայ մեր կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն ներս:

Վար­դա­նեան ար­դէն Հո­գե­ւոր գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի ան­դամ իր մնա­յուն գուր­գու­րան­քին ար­ժա­նի ը­րած է Մայր Ա­թո­ռը ու միա­նա­լով ՀԲԸ­Մ-ին պի­տի բե­րէ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեր մեծ Միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ա­նոր բա­րե­րար ձեռ­քը ար­դէն ընդ­հան­րա­պէս կը հաս­նի հայ դպրու­թեան ու կրթու­թեան:

Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի այ­սօ­րուան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը ծրագ­րէ դէմ յան­դի­ման ե­ղող նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հա­մար գտնե­լու լու­ծում­ներ, վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լով հայ սփիւռ­քի ա­ւան­դա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւ ըն­դար­ձա­կե­լով իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ար­հես­տա­վարժ շրջա­նակ­նե­րու մօտ եւ ա­պա­հո­վե­լու նիւ­թա­կան նոր մի­ջոց­ներ:

Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վին մէջ, բա­ցի նա­խա­գա­հէն՝ Տիար Պերճ Սեդ­րա­կեա­նէն կան նաեւ տես­լա­պաշտ կա­րե­ւոր ու­ժեր, ինչ­պէս՝ Սէմ Սի­մո­նեան, Վազ­գէն Եա­գու­պեան, Սար­գիս Ճէ­պէ­ճեան, Նա­զա­րէթ Ֆստըք­ճեան, Տքթ. Լե­ւոն Նա­զա­րեան, Ա­նի Մա­նու­կեան, Նու­պար Ա­ֆէ­եան ... ո­րոնք պա­հե­լով հան­դերձ Միու­թեան փա­ռա­ւոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, պի­տի փոր­ձեն նոր ծրա­գիր­նե­րով հան­դէս գալ մեր նոր սե­րուն­դին: Վստահ ենք, որ ա­ւե­լի քան մեր 1600-ա­մեայ հա­յե­րէն լե­զուն դար­ձեալ իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ այդ ծրա­գիր­նե­րուն մէջ: Ի վեր­ջոյ մեր հետ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քը քա­լող հին ժո­ղո­վուրդ­ներ եւս, ի վեր­ջոյ, ի­րենց 2000-ա­մեայ սփիւռ­քեան փոր­ձա­ռու­թե­նէ ետք, յան­գե­ցան այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ ժո­ղո­վուր­դի մը ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը կը պա­հուի լե­զուի գոր­ծա­ծու­թեամբ, որ կը հան­դի­սա­նայ ազ­գա­պահ­պան­ման գլխա­ւոր գրա­ւա­կա­նը:

Ու­րախ ենք տես­նե­լու յա­ջո­ղած նոր սե­րուն­դի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը Միու­թեան գե­րա­գոյն մար­մի­նէն ներս, որ ե­րաշ­խիքն է Միու­թեան նոր ա­ռա­քե­լու­թեան յա­ջո­ղու­թեան:

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱ­ՌԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016