Ջանիբէկեանի Հիմնադրամը Գնած Է ՈՒԻԼԻԸՄ Սարոյեանի Ֆրեզնոյի Բնակարանը
«Հայերն այսօր» կայքէջը կը տեղեկացնէ.-
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն Ուիլիըմ Սարոյեան շրջան մը ապրած եւ ստեղծագործած էր Ֆրեզնոյի «Քուփըր» միջնակարգին կից գտնուող բնակարանի մը մէջ, W. Griffith Way հասցէին վրայ: Այսօր մեծանուն գրողի տունը կը գտնուի ամայացած ու դատարկուած վիճակի մէջ, եւ խնամքի բացակայութեան պատճառով՝ լուրջ վերանորոգման կարիքն ունի:
Խորապէս գիտակցելով Սարոյեանի թողած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութեան, նկատի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը եւ նպատակ ունենալով փրկել զայն ոչնչացումէ՝ անցեալ տարի զայն գնեց Արթուր Ջանիբէկեանի կողմէ ստեղծուած «Մտաւորական զարթօնք» հիմնադրամը, որ վերջին երկու տարիներուն մեծ զարկ տուած է «Ուիքիփետիա»ի մէջ հայկական նիւթերու զարգացման եւ նպաստած է հայկական մտաւորական ներուժը միջազգային մակարդակի բարձրացնելու ջանքերուն:
Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ բնակարանը պիտի վերակառուցուի եւ պիտի դառնայ տուն-թանգարան՝ հանդիսանալով մշակութային օճախ մը ո՛չ միայն համայն հայութեան, այլ նաեւ՝ ամբողջ աշխարհին համար: Տուն-թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօներ եւ այլ մշակութային միջոցառումներ:
Հիմնադրամը կը մշակէ եւ շուտով հանրութեան դատին պիտի յանձնէ տուն-թանգարանի վերակառուցման նախագիծն ու գործունէութեան ծրագիրը:
Միւս կողմէ, Սարոյեանի նշեալ տունը վաճառքի հանուած էր 2015-ի Մայիսի 4-ին։