«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԱՐԱ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ
«Մարալ» երաժշտութեան ու պարի միութիւնը երէկ երեկոյեան գեղարուեստասէր հասարակութեան ներկայացուց «Արա եւ Շամիրամ»ը։ Թատերական պարը ներկայացուեցաւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան առընթեր Աքաթլարի «Մուսթաֆա Քեմալ» կեդրոնին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար, համայնքային շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր եւ բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Նախաձեռնարկ միութեան վարչութեան ատենապետը՝ Բիւզանդ Աքպաշ այս առթիւ յուշանուէր մը յանձնեց քաղաքապետին՝ առ ի շնորհակալութիւն իր աջակցութեան։
«Արա եւ Շամիրամ»ը բեմադրուեցաւ Անի Իփէքքայայի վերահսկողութեան ներքեւ։ Այս առթիւ յայտնի դերասանուհիին ալ յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Անի Իփէքքայայի փորձառութիւնը արժեւորելով ծրագրին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Լեռնա Փափազեան։ Պարուսոյցներն էին Դալար Քէօսէօղլու, Ալիտա Մութլու Տիվանեան եւ Արաս Ռիւստեմօղլու։ Շահան Սարըօղլուն ալ ծրագրին մասնակցած էր որպէս փոխ-բեմադրիչ։
«Մարալ» միութեան համոյթը, որ առաջին անգամ ներկայացաւ գեղարուեստասէրներուն, հայկական դիցաբանութեան աւանդական կերպարներուն յայտնի պատմութիւնը ուրոյն մօտեցումով մը ներկայացուց հանդիսատեսներուն եւ իր արձանագրած յաջողութեամբ արժանացաւ ծափողջոյններու։