ԳԻՏՑԱԾԸ ՉՍՈՐՎԵՑՆԵԼ…
Մարդկային տկարութիւն մը, կամ թերութիւն մըն է «գիտցածը չսորվեցնե՛լ» ուրիշին, ի՛նչ որ կարելի է տեսնել շատ մը մարզերու մէջ ընդհանրապէս։ Մինչդեռ գիտելիք ու գիտութիւն՝ մարդկային արժէք մը, մշակութային եւ ընկերային հասարակաց հարստութիւն մըն է՝ որ պէ՛տք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ, ինչպէս կը փոխանցուի որեւէ ստացուածք, որպէս ժառանգ։ Մարդիկ ընդհանրապէս ժառանգութեան առարկայ կ՚ընդունին նիւթական արժէքները, հարստութիւնը, ստացուածքը։ Եւ դարձեալ մարդիկ կ՚անտեսեն բարոյական եւ մտաւոր արժէքներու փոխանցման եւ ժառանգի միջոցաւ սերունդներու հարստացման կարեւորութիւնը։
Վարպետը իր աշկերտէն կը զլանայ, կը խնայէ ասպարէզի, արհեստի վերաբերեալ բոլոր գիտելիքները, կա՛մ պակաս եւ կամ անկատար կերպով կը փոխանցէ զանոնք, կարեւորագոյնը ծածկելով եւ պահելով իրեն, եւ շատ անգամ այդ կարեւոր գիտելիքը կ՚ամլանայ եւ կը կորսուի կ՚երթայ պատմութեան խաւար խոռոչներուն մէջ։
Ուսուցիչն ալ, յաճախ անգիտակցաբար, կատարեալ կերպով չի փոխանցեր ամէն գիտելիք, կարծես միշտ պակաս կէտ մը կը մնայ ուսանողին փոխանցուածներուն մէջ։ Անշուշտ այս մասին կարելի է հարցնել, թէ՝ հապա եթէ ուսուցիչը կու տայ ամէն գիտութիւն ու գիտելիք անթերի կերպով եւ ուսանողը զանոնք ընդունելու մէջ թերանայ, ո՞վ է յանցաւորը, ո՞րուն պէտք է վերագրել սխալը։ Այո, բայց տալու դիրքին մէջ գտնուողին պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ անթերի եւ կատարեալ տա՛լ. ընդունողին սխալը իրեն կը պատկանի եւ ամէն մարդ պէտք է ի՛ր սխալին ու թերութեան համեմատ տուժէ։ Եւ եթէ ամէն մարդ իր պարտականութիւնը անթերի կատարէ՝ արդէն որեւէ հարց գոյութիւն չ՚ունենար…։
Հոս հարցը տարբեր է. եթէ տգիտութիւն մը գոյութիւն ունի, եթէ անկատարութենէ կը խօսուի, ո՞րուն պէտք է վերագրել յանցանքը կամ սխալը. չգիտցողի՞ն, թէ՝ չսորվեցնողին։ Աւելի պարզ հարցնենք. եթէ մէկը որեւէ բան չի գիտեր, ո՞վ է յանցաւորը այդ անգիտութեան. չսորվո՞ղը, թէ՝ չսորվեցնողը։ Ո՞ր մէկուն կը պատկանի այդ պարտազանցութիւնը։
Եթէ մէկու մը առաջնորդողը, ուղեցոյցը կո՛յր է, հետեւողը բնականաբար կը կորսնցնէ իր ուղին եւ փոսը կը գլորի։ Պարզ է ասիկա։
Ուրեմն երբ կը դիմաւորուինք անգիտակ, անտեղեակ անձերու, պէտք է հարցնենք, զանոնք քննադատելէ եւ մեղադրելէ առաջ, թէ՝ անոնք յանցաւո՞ր են, թէ անոնց չսորվեցնողները՝ սորվեցնելու, առաջնորդելու եւ ուղեցոյց ըլլալու մէջ թերացողները…։
Բան մը պահանջելու իրաւունք ունենալու համար, նախ պէ՛տք է տրուած ըլլայ, մա՛րդ չի կրնար պահանջել որեւէ բան, ոեւէ անձէ, եթէ այդ բանը, այդ անձին նախապէս չէ տրուած։ Բնական եւ բանական չէ՞ այս։ Ի՞նչ տուած ես, որ ի՛նչ կը պահանջես։ Ուստի մէկը դատապարտելէ առաջ պէտք է լաւ ուսումնասիրել, թէ ո՛ր մէկուն կը պատկանի սխալը կամ յանցանքը։
Սա ալ աւելցնենք. ամէն մարդ ինքզինք ինքնաշխատութեամբ զարգացնելու յատկութիւնը եւ կարողութիւնը չունի եւ պահանջքը կը զգայ միշտ ուղեցոյցի մը, առաջնորդողի մը, եւ ուրեմն այդ ուղեցոյցին կամ առաջնորդողին կը վերաբերի անթերի եւ կատարեալ կերպով կատարել իր պարտականութիւնը եւ գիտակցիլ իր պատասխանատուութեան՝ մարդ հասցնելու նկատմամբ։
Բոլոր այս խորհրդածութիւնները կը կատարենք, երբ կը դիտենք մեր շուրջը՝ ուր ընդհանրապէս կը քննադատենք եւ երբեմն ալ կը մեղադրենք որոշ պաշտօնատարներ, դիրք ու աստիճան ունեցողներ, որոնք կը թերանան իրենց պարտականութեան մէջ։ Բայց չենք խորհիր, թէ իրենց ի՞նչ տրուած է որ իրենցմէ պահանջուի, այդ պաշտօնին՝ դիրքին կամ աստիճանին լաւագոյն կերպով պատրաստուած ըլլալու համար պէտք եղած գիտելիք ու գիտութիւն տրուա՞ծ է, որոշ չափով փորձառութեան համար առիթ ընծայուա՞ծ է, թէ ոչ առանց պատրաստելու, չըսելու համար անարժանաբար, անգիտակցաբար պաշտօնի մը կոչուած են, կամ աստիճան ու դիրք տրուած է անոնց։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը սիրելի՜ բարեկամներ, դուք ալ պիտի վկայէք նման երեւոյթներու եւ անձերու։
Ինքնաքննութեան եւ քննադատութեան միջոցով է, որ ընկերութիւնը կրնայ յառաջդիմել ու զարգանալ։
Եւ կեանքի մէջ իսկակա՛ն յաջողութիւնը եւ իրական հերոսութիւնը շիտա՜կ ապրիլն է՝ իրաւացի եւ արդար ըլլալ ամէն գործունէութեան մէջ…։
Զարմանքով կը դիտենք, թէ այս մասին բոլորովին խաւա՜ր անտարբերութիւն մը կը տիրէ ամէնուրեք եւ որեւէ աշխատանք որեւէ քաջալերանքի առարկայ չի դառնար։ Եւ աւելի եւս մասնաւորելով, մեր մէջ, դժբախտ մտայնութիւն մը կայ, մանաւանդ կղերական դասուն մէջ, այն է՝ «գիտցածը ուրիշին չսորվեցնել», կարծես, կրօնական արարողութիւններն ու խորհուրդները «գաղտնիք»ներ եղած ըլլային, եւ միայն որոշ անձերու յատուկ շնորհներ՝ տեսակ մը մենաշնորհ, որ երբեք պէտք չէ ուրիշին եւ շատերուն փոխանցել, որպէս «գաղտնի գիտութիւն»։
Մինչդեռ գիտակցօրէն եւ իմաստին թափանցելով կատարուած ամէն գործ, նաեւ պաշտամունք շատ աւելի արդիւնաբեր կ՚ըլլայ։ Զոր օրինակ, երբ եկեղեցւոյ ոեւէ ծառայողի աստիճան եւ իրաւասութիւն կը տրուի, նախապէս զայն լա՛ւ պատրաստել, գիտութեան ու գիտակցութեան միջոցով սպառազինել եւ յետոյ անոր պարտականութիւն եւ իրաւասութիւն, մէկ խօսքով՝ պատասխանատուութիւն տալ աւելի նպատակայարմար չ՚ըլլա՞ր։ Մեր շուրջը «անգիտակից իրաւասու»ներ եւ «անպատասխանատու պատասխանատու»ներ տեսնել իրապէ՛ս կ՚անհանգստացնէ մեզ, ո՛չ միայն մեզ, այլ ամէն գիտակից եւ անկեղծ ծառայասէրները, նուիրուածները կը վշտացնէ այս երեւոյթը։
Խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ներ. պաշտօնատարի մը, իրաւասու ճանչցուած մէկու մը իր պաշտօնին ու իր պատասխանատուութեան անգիտակից եւ անհաղորդ մնալը եւ ճշմարիտ նուիրականներ չտեսնել ո՜րքան ցաւ կը պատճառէ իրաւ, անկեղծ ու նուիրուած ծառայասէրներու։ Եւ այս աննպաստ երեւոյթին պատճառներէն մէկը եւ առաջնակարգն է՝ գիտութիւնը որպէս «գաղտնիք» պահելու եւ նորերու չփոխանցելու թիւր եւ մոլար մտայնութիւնը։
Մինչդեռ մարդ սորվեցնելով կը սորվի եւ սորվելով կ՚անմահանայ, եթէ հարցը «անմա՛հ» մնալ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 26, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024