ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսէն ներս Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները բնութագրուեցան որպէս ցեղասպանութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը հաստատեց թիւ 75 օրինագիծը, որով Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ ոճրագործութիւնները բնութագրուեցան որպէս ցեղասպանութիւն։ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւններէն վերջ՝ օրինագծին մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու շարքին նշուած է նաեւ հայոց անունը։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման եւ անոր գործակիցներուն կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուած ծայրայեղ ջարդարարութիւններուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրուած է ընդունուած բանաձեւին մէջ։ Այսպէս, այդ բոլորին ենթարկուած ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններն են՝ ասորիները, հայերը, քաղդէացիները, ինչպէս նաեւ եզիտիները։ Անոնց դէմ սպանդը պատերազմական յանցագործութիւն է, մարդկութեան դէմ ոճիր եւ ցեղասպանութիւն։
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՎԻՃԱԿԸ
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Հալէպի մէջ ներկայիս սննդամթերքի սղութիւն չկայ, վիճակը ընդհանրապէս հանդարտ է, տեղի կ՚ունենան ամուսնութիւններ եւ ծնունդներ, թէեւ բախումները վերջնականօրէն չեն դադրած։ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Րէիսեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուց, թէ քաղաքը սովորական աշխատանքային վիճակն մէջ է։ Առայժմ, կենցաղային դժուարութիւններ գոյութիւն ունին։ Ելեկտրական ուժանիւթի եւ ջուրի հետ կապուած խնդիրները չեն լուծուած։ Ամիսներէ ի վեր Հալէպի մէջ հոսանք չկայ, սակայն ընթացքին ժողովուրդը գտած է այլ լուծումներ։ Կան անձեր, որոնք հսկայ ելեկտրական սարքաւորումներով հոսանք կը վաճառեն բնակիչներուն, բնականաբար, շատ բարձր գինով։ Նոյնը խնդրոյ առարկայ է նաեւ ջուրի պարագային։ Կան հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ, որոնք պետական արտօնութեամբ կը փորեն հորեր եւ դուրս բերուած ջուրը կը վաճառեն բնակիչներուն։ Երբեմն 80 եւ 100 խորութեամբ հորերէն ջուր դուրս կը բերուի։ Ժողովուրդը այդ մէկը կ՚օգտագործէ կենցաղային կարիքները հոգալու համար, իսկ խմելու ջուրը առանձին կը գնուի, ինչ որ նոյնպէս բաւական սուղ է։ Հալէպի մէջ սովորական երեւոյթ մը դարձած է տեսնել մարդիկ, որոնք դոյլերով կամ տակառներով ջուր կը փոխադրեն։
Ժիրայր Րէիսեանի բացատրութիւններով, նախորդ օրերուն Հալէպի մուտքի միակ ճանապարհը ենթարկուած էր յարձակումներու։ Միայն երկու օրէ ի վեր որոշ թափով երթեւեկութիւն մը կ՚իրականացուի։ Քաղաք մուտքի միակ ճանապարհը բաց է, սակայն ռմբահարումներուն հետեւանքով վատ վիճակի մէջ է։ Քաղաքի շրջապատման ժամանակ շուկայի մօտ առատութիւնը պակսած է, բայց ներկայիս սննդամթերքի սղութիւն մը չկայ։ Այդ օրերուն ալ թէեւ գիները բարձրացած էին, սակայն անհրաժեշտ սննդամթերքը կար։ Քանի որ ճանապարհը բացուած է, կ՚ակնկալուի, որ վառելանիւթ մտնէ Հալէպ։ Ընդհանուր առմամբ, սննդամթերք կը տրամադրուի ժողովուրդին։ Հացի խնդիր չկայ, փուռերը կ՚աշխատին, ըստ էութեան կան կենցաղային դժուարութիւններ։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մարդիկ կը գտնեն լուծումներ։ «Կեանքը կը շարունակուի, ամէն տան մէջ ճրագ կը վառուի, կը շարունակուին ամուսնութիւնները, երախաներու ծնունդները, մկրտութիւնները», ըսաւ Ժիրայր Րէիսեան եւ աւելցուց, թէ Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան ծրագրերով կ՚իրականացուին երախաներու պատուաստումներ։
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎՐԱՅ ՅՈՅՍԵՐ
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայերը վերջին ամիսներուն նկատելի թափով մը կը բռնեն Գանատայի ճանապարհը։ «news.am» կայքէջի հաղորդումներով, Հայաստան հաստատուած սուրիահայերէն Խաչիկ Ջոզիկեան նշեց, թէ սուրիահայերը զանազան պատճառներով կը հեռանան Հայաստանէն եւ կը յուսան Գանատայի մէջ աւելի բարեկեցիկ ապագայ մը ունենալ։ Ըստ իրեն, այնքան ալ բարձր չէ թիւը այն սուրիահայերուն, որոնք կը լքեն Հայաստանը։ Անոնցմէ շատեր իրենց ապագան կը տեսնեն Հայաստանի մէջ ու կը հասկնան, թէ իրենց համար Հայաստանը ամենաապահով վայրն է։
«Սկսած են երթալ Գանատա, նոյնիսկ Լիբանանէն ու Սուրիայէն կ՚երթան Գանատա։ Այնտեղ որոշ առաւելութիւններ կը տրուին սուրիացիներուն եւ այս պատճառով ալ կ՚երթան։ Թէ յստակ ինչ պատճառներով կ՚երթան Հայաստանէն, չեմ կրնար ըսել։ Իւրաքանչիւրը ունի իր խնդիրներն ու պատճառները, սակայն պէտք է հասկնանք, որ ամենաապահով վայրը բոլորիս համար մեր հայրենիքն է։ Այս պատճառով, այսօր աւելի քան 10 հազար սուրիահայ կայ Հայաստանի մէջ։ Թէ ի՞նչ հեռանկար կայ Գանատայի մէջ, կ՚երթան այնտեղ ու կը տեսնեն, կը հասկնան, կ՚երեւի։ Պէտք է ըսեմ, որ շատերը իրենց ապագան կը պատկերացնեն ապահով հայրենիքին մէջ ու մեկնողները շատ չեն», ըսաւ Ջոզիկեան։