ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Թեհ­րան։ Ի­րա­նի Նաւ­թի փոխ-նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ռը­զա Մու­կա­տամ յայ­տա­րա­րեց, որ Տա­վուօղ­լուի այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը նա­խա­տե­սուած է եր­կու օ­րուան ձե­ւա­չա­փով։ Ըստ ի­րեն, Տա­վու­տօղ­լուի շփում­նե­րուն բե­րու­մով յե­տաձ­գուած է Ի­րա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած՝ նաւ­թի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ տնտե­սա­կան կա­յու­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը։ Ի­րան­ցի փոխ-նա­խա­րա­րը Տա­վու­տօղ­լուի այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չէ հա­ղոր­դած։

Մինչ այդ, հա­ւա­նա­կան է, որ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի Ապ­րի­լի կէ­սե­րուն այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Թուր­քիա-Ի­րան բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այդ այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լին այ­ցե­լած էր Թեհ­րան եւ այդ ու­ղե­ւո­րու­թե­նէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Թուր­քիա­յէն բարձր մա­կար­դա­կով այց մը կը տրուի դէ­պի Ի­րան։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­ներն ալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դած այս այ­ցե­լու­թեան օ­րա­կար­գին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մեկ­նա­բան­ներ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ Տա­վու­տօղ­լուի Թեհ­րան այ­ցը կը հա­մընկ­նի Սու­րիոյ հրա­դա­դա­րի օ­րե­րուն եւ յա­ջորդ շա­բաթ Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ։

Քննար­կում­նե­րուն օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը բա­ցատ­րուի այն հան­գա­ման­քով, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ տա­կա­ւին աշ­խա­տանք կը տա­րուի ո­րոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­ներն ալ ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րեն այս այ­ցե­լու­թեան ժամ­կէ­տը։ Ուս­տի, հա­ւա­նա­կան է, որ Տա­վու­տօղ­լու Թեհ­րա­նի մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ շօ­շա­փէ թէ՛ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր նիւ­թեր։

 

 

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016