ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԿԻՒՄՐԻՆ

Կիւմ­րի այ­ցե­լող հիւ­րերը ի­րենց քայ­լե­րը կ՚ուղ­ղեն դէ­պի քա­ղա­քի կեդ­րո­նը՝ Յաղ­թա­նակ պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող տե­սար­ժան վայ­րե­րէն մէ­կը՝ Ձի­թող­ցոց տուն, ո­ր կը նկա­տուի Կիւմ­րիի այ­ցե­քար­տե­րէն մին: Կար­միր եւ սեւ քա­րե­րէ շինուած այս գե­ղե­ցիկ տու­նը՝ Ձի­թող­ցոց տու­նը, թան­գա­րան է, որ կը կո­չուի Կիւմ­րիի Ժո­ղովր­դա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­յին կեն­ցա­ղի թան­գա­րան: Մէկ բաժ­նին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են Կիւմ­րի քա­ղա­քի հնա­գոյն ա­ռօ­րեան, մշա­կոյթն ու պատ­մու­թիւ­նը, իսկ միւս բաժ­նին մէջ պահ­պա­նուած է Կիւմ­րիի մե­ծա­հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կուն՝ Ձի­թող­ցեան­նե­րուն (Ձի­թող­ցոց) տու­նը՝ իր ներ­քին ու ար­տա­քին յար­դա­րան­քով, ինչ­պէս որ կար ան­ցեալ դա­րուն:

Կիւմ­րիի նշա­նա­ւոր բնա­կիչ­ներ Ձի­թող­ցեան չորս եղ­բայր­նե­րը գաղ­թած են Ձի­թող գիւ­ղէն եւ 1872 թուա­կա­նին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ կա­ռու­ցած են այդ ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար մե­ծա­շուք այս ա­ռանձ­նա­տու­նը, ո­րուն մէջ այ­սօր նոյ­նու­թեամբ պահ­պա­նուած են Ձի­թող­ցեան­նե­րու ապ­րած կեան­քի կեն­ցա­ղա­յին ման­րա­մաս­նե­րը:

Ա­ռանձ­նա­տու­նին մէջ տե­ղա­կա­յուած Քա­ղա­քա­յին կեան­քի եւ ազ­գա­յին ճար­տա­րա­պե­տու­թեան թան­գա­րա­նէն ներս այ­ցե­լուն կրնայ տես­նել 19-րդ դա­րու կէ­սէն մին­չեւ 60-ա­կան, 20-րդ դա­րու սկիզբը՝ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ քա­ղա­քի մէջ տա­րա­ծում գտած ար­հեստ­նե­րը, մար­դոց ապ­րած կեն­ցաղն ու գո­յու­թեան ու­նե­ցած մշա­կոյ­թը։

Դա­տե­լով թան­գա­րան­նե­րու ցու­ցաս­րահ­նե­րէն՝ բարձր կեն­ցա­ղա­յին մշա­կոյթ ու­նե­ցած է Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը: Ըլ­լա­լով սահ­մա­նա­յին բերդ-քա­ղաք, Ա­լեք­սանդրա­պո­լը ե­ղած է ա­ռեւ­տու­րի եւ ար­հեստ­նե­րու կա­րե­ւոր կեդ­րոն, միա­ժա­մա­նակ՝ հայ մշա­կոյ­թի խո­շո­րա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն մին՝ Անդրկով­կա­սի մէջ: Ան նշա­նա­ւոր էր մա­նա­ւանդ իր ար­հես­տա­ւոր­նե­րով: 19-րդ դա­րուն այս­տեղ ա­ւե­լի շատ ար­հես­տա­ւոր­ներ կա­յին, քան Թիֆ­լի­զի մէջ: Քա­ղա­քը բաժ­նուած էր ար­հես­տա­ւոր­նե­րու միու­թիւն­նե­րու, որոնք կ՚ապ­րէին եւ կ՚աշ­խա­տէին նոյն տու­նին մէջ: Թան­գա­րա­նի մէջ հնա­րա­ւոր է տես­նել ար­հես­տա­նոց­նե­րու վրայ ե­ղած պաս­տառ­նե­րը՝ դեր­ձակ­ներ, կօշ­կա­գործ­ներ, պղնձա­գործ­ներ եւ այլն: Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս, յար­գի էին Կիւմ­րիի դար­բին­նե­րու, մե­տա­ղա­գործ­նե­րու, քա­րա­գործ­նե­րու, ոս­կե­րիչ­նե­րու վար­պե­տու­թիւ­նը: Այդ ար­հեստ­նե­րէն շա­տեր Կիւմ­րիի մէջ գո­յու­թիւն ու­նին մինչեւ այ­սօր:

 Թան­գա­րա­նի ա­ռա­ջին սե­նեա­կին մէջ այ­ցե­լու­նե­րը կը դի­մա­ւո­րեն հին Կիւմ­րիի նշա­նա­ւոր մար­դոց լու­սան­կար­նե­րը, իսկ ար­դէն Ձի­թող­ցեան­նե­րու տու­նին մէջ կա­հա­ւո­րան­քը պահ­պա­նուած է այն­պէս, ինչ­պէս ե­ղած է Ձի­թող­ցեան­նե­րու օ­րօք: Ցու­ցադ­րուած են ա­նոնց հա­րուստ եւ հնաոճ կա­հոյ­քը, որ բե­րուած է Ռու­սաս­տա­նէն, ձե­ռա­գործ գոր­գե­րը, դաշ­նա­մու­րը, ո­ր բե­րուած է Ի­տա­լիա­յէն: Ձի­թող­ցեան­ները ու­նե­ցած են այն ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար հարս­տու­թեան խորհրդա­նիշ նկա­տուող բո­լոր ի­րե­րը՝ հնաոճ պա­տի եւ պա­հա­րա­նի ժա­մա­ցոյց­ներ, սպասք, ե­րա­խա­նե­րու ա­ռա­ջին քայ­լե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ յար­մա­րանք­ներ եւ այլ ի­րեր, ո­րոնք բո­լորն ալ խնամ­քով ցու­ցադ­րուած են տուն-թան­գա­րա­նին մէջ:

Շատ մը ցու­ցան­մոյշ­ներ կը գրա­ւեն այ­ցե­լու­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը. Ձի­թող­ցեան­նե­րու ա­ռանձ­նա­տու­նին մէջ կայ ա­ռան­ձին սե­նեակ մը, որ կը կո­չուի օ­րիոր­դի սե­նեակ. պա­տու­հա­նին քով կե­ցած օ­րիոր­դը իր սի­րե­լիին կը սպա­սէ: Հա­րուստ ար­հես­տա­ւո­րի ձեռ­նա­փայ­տը նոյն­պէս բո­լո­րի ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ, ան ար­հես­տա­ւո­րի հա­մար ծա­ռա­յած է թէ՛ ա­թոռ եւ թէ ձեռ­նա­փայտ: Հին ար­հեստ­նե­րով ու ա­ր-ւեստ­նե­րով հե­տաքրք­րուող­նե­րու հա­մար թան­գա­րանը ու­նի յա­տուկ ցու­ցաս­րահ մը, ուր ներ­կա­յա­ցուած են ար­հես­տա­ւո­րի եւ ու­նե­ւոր խա­ւի բնա­կա­րան­նե­րու ներք­նա­տես­քը, ար­հես­տա­ւոր­նե­րու հա­գուստ­նե­րը, աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծիք­նե­րը եւ այլն:

Յատ­կան­շա­կան է, որ մին-չեւ 1988 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժը Ձի­թող­ցեան­նե­րու տու­նին մէջ տե­ղա­կա­յուած Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­յին կեն­ցա­ղի թան­գա­րա­նը գոր­ծած է ըն­դա­մէ­նը չորս տա­րի, քա­նի որ հիմ­նադ­րուած է 1984 թուա­կա­նին: Ինչ­պէս մեզի ներ­կա­յա­ցու­ցին թան­գա­րա­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րը, այդ չորս տա­րի­նե­րը թան­գա­րա­նի հա­մար ե­ղած են լա­ւա­գոյն ժա­մա­նակ­ներ, թան­գա­րանը ու­նե­ցած է այ­ցե­լու­նե­րու ան­նա­խա­դէպ քա­նակ, մին­չեւ իսկ Խորհր­դա­յին Միու­թեան բո­լոր եր­կիր­նե­րէ կու­ գա­յին տես­նե­լու այդ նշա­նա­ւոր տուն-թան­գա­րա­նը: Երկ­րա­շար­ժէն ան­մի­ջա­պէս ետք Ձի­թող­ցեան­նե­րու ա­ռանձ­նա­տու­նը, ինչ­պէս նաեւ Կիւմ­րիի կարգ մը թան­գա­րան­ներ ու մշա­կոյ­թի կեդ­րոն­ներ, դար­ձած են ա­պաս­տա­րան, ուր կը բնա­կէին ա­նօ­թե­ւան մի քա­նի ըն­տա­նիք­ներ: Եր­կար ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ ե­ղած է, որ թան­գա­րա­նը կրկին վե­րա­դառ­նայ իր այ­սօ­րուան վի­ճա­կին, բա­րե­կար­գուած է, ցու­ցան­մոյշ­նե­րը թար­մա­ցուած են եւ այ­սօր նոյն­պէս թան­գա­րա­նը բազ­մա­թիւ այ­ցե­լու­ներ ու­նի: Ան նե­րա­ռուած է Կիւմ­րիի զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցի շրջա­գի­ծէն ներս, եւ բո­լոր զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցին այս­տեղ եւ թան­գա­րա­նի ցու­ցան­մոյշ­նե­րու մի­ջո­ցաւ կը պատ­մեն քա­ղա­քի հա­րուստ պատ­մու­թիւ­նը: Այ­ցե­լե­լով այս թան­գա­րանը՝ հե­տաքրք­րա­կան ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն մը կա­տարած կ՚ըլ­լաք 19-րդ դա­րու Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի ետ, դէ­պի հարիւր յիսուն տա­րի ա­ռաջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած մշա­կոյ­թով հա­րուստ Հա­յաս­տան:

ԿԼԿԼԱՆ ԲԱ­ԺԱ­ԿԸ՝ ՔԱ­ՂԱ­ՔԻ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՆԻՇ

Կիւմ­րիի քա­ղա­քա­յին կեն­ցա­ղի թան­գա­րա­նին մէջ ցու­ցան­մոյշ մը կ՚ա­ռան­ձնա­նայ: Ան մինչ այ­սօր ալ կը նկա­տուի Կիւմ­րիի ար­հես­տա­գոր­ծու­թեան խորհր­դա­նի­շը: Կլկլան կոչուող բա­ժակն է այդ մէ­կը, որ Կիւմ­րիի մէջ կը կո­չեն մու­շուր­բա: Ան­ցեալ դա­րուն կիւմ­րե­ցի­նե­րու մօտ ա­ւան­դոյթ մը ե­ղած է՝ մու­շուր­բա նուի­րել հիւ­րե­րուն եւ քա­ղա­քի այ­ցե­լու­նե­րուն: Մու­շուր­բան պղին­ձէ ջրա­ման մըն է, ո­րուն մէջ ջու­րը կը պա­հէ իր սառ­նու­թիւ­նը։ Պղին­ձէ պատ­րաս­տուած բա­ժա­կին ներ­քին կա­ռոյ­ցը այն­պէս շի­նուած է, որ ջու­րով լե­ց-ւե­լու պա­րա­գա­յին՝ օ­դը մէ­ջը կը մնայ, ու խմե­լու ժա­մա­նակ պղպջակ­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լով լսե­լի կը դարձ­նէ կլկլո­ցի ձայ­նը:

Այս կա­խար­դա­կան նկա­տուած գա­ւա­թը տես­նե­լու ու ձեռք բե­րե­լու հա­մար, ժա­մա­նա­կին աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ե­կած են Կիւմ­րի եւ այ­ցե­լած են զայն պատ­րաս­տող վար­պե­տի՝ Սու­րէն Ժամ­կո­չեա­նի ար­հես­տա­նոցը, որ­պէս­զի ձեռք բե­րեն գա­ւա­թը: Սու­րէն Ժամ­կո­չեան կլկլան գա­ւաթ պատ­րաս­տե­լու գաղտ­նիքը իր հետ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ բե­րած է Էրզ­րու­մէն եւ այ­սօր ալ ա­նոր զա­ւա­կը՝ Է­դիկ Ժամ­կո­չեան կը շա­րուան­կէ իր հօր ար­հես­տը: Այ­սօր մու­շուր­բա­յի պա­տուի­րա­տու­նե­րը հիմ­նա­կա­նին նուէր տա­լու նպա­տա­կով զայն գնող­ներն են. ե­թէ Կիւմ­րի այ­ցե­լե­լու ժամանակ կ՚ուզես հետդ բան մը տա­նիլ, այդ մէկը կլկլան գա­ւաթն է:

Ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ ի վեր՝ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Ոս­կէ մու­շուր­բա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին ոս­կե-ջըրւած մու­շուր­բա­ներ կը տրուին տա­րուան ըն­թաց­քին ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ ակ­նա­ռու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու, իսկ բո­լոր մու­շուր­բա­նե­րուն վրայ դրոշմո­ւած կ՚ըլ­լայ վար­պետ Է­դի­կի փո­րագ­րուած կնի­քը՝ ԺԷՍ (Ժամ­կո­չեան Է­դիկ Սու­րէ­նի):

Մու­շուր­բա­յի պատ­րաս­տու­թեան հում­քե­րը զա­նա­զան են, ար­ծաթ, պղինձ, ա­րոյր, ըստ պատ­րաս­տուած նիւ­թի, կը տար­բե­րին նաեւ ա­նոր գի­նե­րը: Մա­նա­ւանդ ար­ծա­թէ մու­շուր­բա­նե­րը ձեռք կը բե­րեն այն մար­դիկ, որոն­ք ար­ծա­թեայ հնաոճ ի­րե­րու հա­ւա­քա­ծոյ ու­նին: Ձե­ռա­գործ այս ի­րը այն­քան փա­ռա­բա­նուած է, որ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ՝ 2013 թո­ւականին Կիւմ­րիի մէջ կեդ­րո­նա­կան Սա­յաթ-Նո­վա ու Խա­ղա­ղու­թեան օ­ղակ փո­ղոց­նե­րու հատ­ման խաչ­մե­րու­կին տե­ղադ­րուե­ցաւ Մու­շուր­բա­յի՝ Կլկլան գա­ւա­թի ար­ձա­նը։ Ան­ծա­նօթ մար­դիկ, տես­նե­լով կեդ­րո­նա­կան փո­ղո­ցի մէջ տե­ղադ­րուած գա­ւա­թի ար­ձա­նը, կը հարցնեն, թէ ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ան եւ կիւմ­րե­ցի­նե­րը կը պատ­մեն ար­դէն ծա­նօթ պատ­մու­թիւ­նը:

Եւ առ­հա­սա­րակ, կիւմ­րե­ցի­նե­րը շատ կը սի­րեն ի­րենց քա­ղա­քը ու պատ­մու­թիւն­ներ ու­նին քա­ղա­քի ա­մէն մէկ ան­կիւ­նի, շէն­քի, կեդ­րո­նի, փո­ղո­ցի մա­սին, զորս սի­րով կը ներ­կա­յաց­նեն ան­ծա­նօթ­նե­րուն: Բա­ւա­կան է նկա­տեն, որ դուն ան­ծա­նօթ ես՝ սի­րով կը ստանձ­նեն այս կամ այն փո­ղո­ցի կամ շէն­քի պատ­մու­թիւ­նը պատ­մե­լու գոր­ծը, եւ հպար­տու­թիւն կը զգան ի­րենց հնա­գոյն քա­ղա­քի պատ­մու­թեան հա­մար: Այս­տեղ նկա­րա­հա­նո­ւած են հայ­կա­կան շար­ժան­կար­ներ, եւ կիւմ­րե­ցի­ներ կը շտա­պեն հիւ­րե­րուն ցոյց տալ այն տու­ներն ու պատշ­գամ­նե­րը, ուր նկա­րա­հա­նուած են սի­րուած հայ­կա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րը: Պատ­մու­թիւն ու­նին մա­նա­ւանդ փայ­տաշէն պատշ­գամնե­րով տու­նե­րը: Փայ­տէ պատշ­գամնե­րը բնո­րոշ ե­ղած են հին Կիւմ­րիին, այ­սօր ալ կան տու­ներ, ո­րոնք տա­կա­ւին հին, փայ­տէ պատշ­գամնե­րով են:

Երկ­րա­շար­ժէն ետք բա­ւա­կա­նին փո­խուած է հին Կիւմ­րին յի­շեց­նող փո­ղոց­նե­րու տես­քը: Նոր շէն­քե­րը նոր դի­մա­գիծ տուած են քա­ղա­քին, սա­կայն կան փո­ղոց­ներ ու շէն­քեր, ո­րոնք տա­կա­ւին ան­ցեալ դա­րե­րը կը յի­շեց­նեն եւ կը կրկնա­պատ­կեն Կիւմ­րիի հմայ­քը:

Իսկ ա­մենէն մեծ հմայ­քը Կիւմ­րիին կը հա­ղոր­դեն կիւմ­րե­ցի­նե­րը՝ հիւ­մո­րով, խօս­քա­շէն եւ հիւ­րա­սէր բնի­կ այդ մար­դիկ, ո­րոնց կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­նոնց ապ­րած դժուա­րին կեան­քին, պար­զա­պէս կը զար­մաց­նէ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016