ԱԹԷՆՔ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱ
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի հետ կը շարունակէ առաջնահերթօրէն քննարկել գաղթականաց ճգնաժամը։ Սուրիոյ ներքին պատերազմին եւ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ տակնուվրայութեան հետեւանքով թափ ստացած է դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը, որու շրջագծով Թուրքիա եւ Յունաստան ունին մասնաւոր դիրք մը։ Հետեւաբար, Եւրոմիութիւնը ներկայիս այս երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները յառաջ կը տանի համապատասխան առաջնահերթութեամբ։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք վերջին օրերուն դարձեալ այս առաջնահերթութիւնով շփումներ կ՚ունենայ Աթէնքի եւ Անգարայի ղեկավարութիւններուն հետ։ Թուսք երէկ այցելեց Անգարա, ուր Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ հիւրընկալուեցաւ Չանքայայի ապարանքէն ներս։ Ան այսօր ալ կը տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Անգարա ժամանելէ առաջ Թուսք այցելեց նաեւ Աթէնք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ։
Տանըլտ Թուսքի Անգարա այցելութիւնը զուգադիպեցաւ յառաջիկայ Երկուշաբթի Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած ԵՄ-Թուրքիա գագաթաժողովի նախօրեակին։ Այս գագաթաժողովը միեւնոյն ժամանակ կը համարուի գաղթականաց խնդրին ձօնուած ամենաբարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։
Կը հաղորդուի, որ Տանըլտ Թուսք Անգարայի երէկուան շփումներուն ժամանակ ընդգծած է, որ Եւրոպա հասնող գաղթականներուն թիւը կը շարունակէ մնալ շատ բարձր։ Իր կարգին, Ահմէտ Տավուտօղլու շեշտած է, որ այս խնդիրը անկարելի է թողուլ միայն Թուրքիոյ եւ Յունաստանին։ Վարչապետը շեշտած է նաեւ, թէ այս հարցին շուրջ լիակատար փոխըմբռնման մէջ կը գտնուին Աթէնքի եւ Անգարայի ղեկավարութիւնները։
Տավուտօղլու Թուսքի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի չփոխէ գաղթականներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու ուղղեալ իր դիրքորոշումը ու միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ կը մնայ Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համատեղ գործունէութեան ծրագրին։ Սուրիայէ ներս կայունութեան հաստատման համար ալ պատրաստակամ է ամէն տեսակ նախաձեռնութեան՝ Սուրիոյ հետ։
Իր կարգին, Տանըլտ Թուսքն ալ ընդգծեց, որ սուրիացի գաղթականներուն համար յատկացուած ելմտական միջոցներուն փոխադարձ արժեւորումը եւ անոնց փոխանցուիլը արագ ձեւով պիտի ծրագրաւորուի։ Ան համոզուած է, թէ Թուրքիա ինք պէտք է որոշէ, որ ինչ պէտք է ընէ գաղթականաց հոսքը դանդաղեցնելու համար։ Ան քննադատեց նաեւ Ռուսաստանի դիրքորոշումը գաղթականաց հարցի պարագայ։
Միւս կողմէ, ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հոլանտայի Վարչապետ Մարք Ռութէ յայտարարեց, որ գաղթականաց թիւը պէտք է ըլլայ զերօ։