Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԵՒ ԱՀԱ ԳԱՐՆԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ…
Մարդկային առօրեան, որքան ալ ըլլայ ծանրաբեռնուած, երբեք ի վիճակի չէ ազդելու բնութեան վրայ։ Բնութիւնը ունի իր թափը, իր հոսքը... Մարդկութեան երթը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ո՛ր մէկ ժամանակին ի՛նչ առաջնահերթութիւն որ ալ ըլլայ, վերջին հաշուով՝ բնութիւնն է, որ կը պարտադրէ ամէն ինչ։ Եւ սա ո՛չ միայն պայմաններու, այլ նաեւ՝ տրամադրութեան առումով։
Տեսէք՝ արագիլները արդէն հասեր են Նայիրեան երկիր եւ սկսեր՝ բոյն հիւսել այնտեղ։ Գարնանամուտին անոնք կը յուշեն բնութեան վերանորոգ կարողութեան մասին։ Գարնան աւետիսը կը բերեն անոնք, որպէսզի գարնան թարմութեամբ լեցուի բոլորին սիրտը։
Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016