«ՆՈՒԻՐԷ ԿԵԱՆՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԾՐԱԳԻՐ
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ բարեգործական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Իմ արեւը դարձիր»։ Այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի «Նուիրէ կեանք» հիմնադրամին։ Երաժշտական թատերականացուած ներկայացում մը իրականացուեցաւ այս առթիւ եւ սոյն իրադարձութեան մասնակցութիւն բերին յիշեալ հիմնադրամի նպաստընկալ փոքրիկները։
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Անի Ռափեան յայտնեց, թէ իրենք կ՚աշխատին հնարաւորինս յաճախակիօրէն գործակցիլ այն կառոյցներուն հետ, որոնք կը զբաղին երախաներու բուժմամբ։