ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՅԱՅՏՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐՈՒՀԻ ԻՐՄԱ ՓՈԼԱՏ ԵՐԷԿ ԻՐ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱԺՆԵՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Մեր համայնքային շրջանակները վերջին շրջաններուն յուզումով հետեւեցան յայտնի բարերարուհի եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Իրմա Փոլատի առողջական վիճակի արձանագրած վերիվայրումներուն։ Արդարեւ, Իրմա Փոլատ միջոց մը առաջ ենթարկուեցաւ մէջքի եւ ողնայարի վերաբերեալ վիրահատութեան մը, որմէ վերջ ունեցաւ երկարաշունչ բուժման շրջան մը։ Այդ ընթացքին ան դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ, որովհետեւ ապաքինման գործընթացը իսկապէս հարթ չէր իր տեսանկիւնէն։ Յամենայնդէպս, վերջին շրջաններուն իր առողջական վիճակը բարելաւուեցաւ, վերելք արձանագրեց, ինչ որ անշուշտ նախեւառաջ իր տեսանկիւնէն ուրախառիթ էր եւ այդ զարգացումը ողջունուեցաւ նաեւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։
Այս բոլորէն վերջ, Իրմա Փոլատ երէկ իր ապաքինման առթած ուրախութիւնը բաժնեց բարեկամական շրջանակին հետ։ Ան Ճիհանկիրի «Փրոքոփի» ճաշարանին մէջ մէկտեղուեցաւ բարեկամուհիներուն հետ, որոնք անկեղծ զգացումներով ողջունեցին իր ապաքինումը։ Ճաշարանի սեփականատէր Ալեքս Քարաքուլաքեան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Իրմա Փոլատն ու ընկերուհիները, որոնք բաժակ բարձրացուին իրարու առողջութեան համար եւ ունեցան անմիջական զրոյց։ Այս հաւաքոյթի կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուցած էր Տիանա Քարաքուլաքեան, որ մայրն է Ալեքս Քարաքուլաքեանի։