«ՊԱՊՈՒԼԱ»Ն
Գահիրէի մէջ, Պէյն էլ Սուրէյնի եւ Տարպ էլ Կինենայի թաղերէն հայ բնակչութիւնը ատենէ մը ի վեր քաշուիլ սկսած էր, բայց հակառակ ատոր, դեռ հոն մնացողներուն թիւը կարելի էր բաւական մեծ նկատել:
Իրարու փակած ու փաթթուած երկու թաղերը, ուրկէ՛ կը սկսէին, եւ ո՛ւր կը վերջանային՝ չեմ յիշեր: Բայց Ֆրերներու դպրոցէն քիչ մը վեր, փողոցի դարձուածքին ճիշդ դիմացը, մսավաճառի խանութ մը կար: Տէրը եգիպտացի էր, բայց թաղին հայ յաճախորդները սիրաշահելու համար, խանութին ճակատը ոսկետառ հայերէնով «Մսավաճառ Սաատէ» գրել տուած էր: Գեղեցիկ էին գրուածքը եւ գեղագիրին ճաշակը, բայց այն կողմերը գեղագրութեան գործով զբաղող հայեր ծանօթ չէին մեզի:
Ո՞վ կրնար այդ ոսկետառ «Սաատէ»ին հեղինակը ըլլալ, կը հարցնէինք յաճախ մենք մեզի:
Ներսը յաճախորդներով միշտ լեցուն կ՚ըլլար, եւ մուտքին, կեռաւոր ձողերէ կախուած միսի մեծ կտորներ քով քովի հազիւ շարուած, շուտով կը հատնէին:
Ամէն անգամ երբ մօրաքրոջս այցելութեան երթայինք եւ խանութին առջեւէն անցնէինք, մայրս միշտ կը կենար եւ միս կը գնէր «Սաատէ»էն: Հոն ծախուած միսերը միշտ թարմ եւ ուրիշ տեղերէ աւելի համով կ՚ըլլային: Ես ճակատի հայերէն գիրերուն պատճառաւ, մօրս հետ միշտ ուրախութեամբ կը մտնէի խանութէն ներս:
Բայց ասկէ զատ մայրս կ՚ըսէր, որ »Սաատէ»ին տէրը արդար էր, կշիռքէն չէր գողնար, եւ հայու չափ ալ պարկեշտ էր...
Հայու չափ պարկե՞շտ...
-Արդեօք «Սաատէ»ին տէրը հա՞յ է,- հարցուցի օր մը մօրս:
-Չէ,- ըսաւ,- հայ չէ:
-Հայ չէ, բայց հայու չափ պարկե՞շտ, կարելի՞ էր այդպէս բան...
Սկիզբը շատ չհաւատացի մօրս եւ մտքիս մէջ »Սաատէ»ի խանութպանը շէնքի մը վերի յարկերէն յանկարծ վար ինկաւ...
Բայց ես կը սիրէի մսագործ խանութպանը, եւ վայրկեան մը վերջ յիշեցի, թէ ան լաւ միս կը ծախէր, խանութի ճակատին ալ ոսկետառ հայերէնով «Սաատէ» գրել տուած էր, եւ յետոյ, ամբողջ Գահիրէի մէջ դժուար էր իրմէ զատ ուրիշ հայատառ ծանուցագիրով մսավաճառի խանութ գտնել:
Ճիշդ է, Սաատը հայ չէր, բայց ես այնքան լաւ տպաւորուած էի իր մասին, որ հայ չըլլալը հետզհետէ այնքան ալ կարեւոր չերեւցաւ ինծի: Մսագործին ճիշդ անունը չեմ յիշեր այսօր, սակայն մայրս «Սաատէ»ին շատ մօտ եղող Սաատ անունը կը գործածէր իրմէ միս ապսպրած ժամանակ: Գիրուկ «Սաատ»ը խանութին մէջ գլուխը լաթով ծածկած կ՚աշխատէր: Արիւնոտ ձեռքերը շատ անգամ առջեւը կապած ճերմակ գոգնոցին կը սրբէր եւ յաճախորդներուն միս կտրելէ առաջ, երկու դանակներ իրարու կը քսէր...
Սաատը ճանչցուած էր թաղին մէջ:
Ան ծառերու լայն կոճղերէ շինուած մսագործի իր սեղաններուն ետեւ, տարիներով միս կտրած էր, եւ հիմա, գործածուելէ մաշած այդ սեղաններուն մէջտեղերը թեթեւ, բայց լայն փոսեր սկսած էին երեւիլ:
Բայց միայն երկար տարիներու յաճախորդները չէին որ զինք լաւ կը ճանչնային: Անոնց չափ ալ, խանութին առջեւ ժամերով կտոր մը ոսկորի սպասող անտէր շուներու ալ ծանօթ էր Սաատը...: Իսկ ան բարի մարդ էր եւ անտես չէր առներ շուները: Երբեմն թեւը կ՚երկնցնէր եւ առջեւի մեծ կամ պզտիկ ոսկորներէն կտոր մը, երկու, կ՚առնէր եւ ուժո՛վ խանութէն դուրս կը նետէր: Շուները անոնց ետեւէն արագ կ՚անհետանային եւ պահ մը խանութին առջեւը խռնուած յաճախորդներուն հանգիստ կու տային:
Սաատի խանութի եւ շուրջի նեղ փողոցներէն կառքեր չէին անցներ:
Մեր դպրոցական շրջաններու Պէյն էլ Սուրէյնի օթօպիւսներն ալ, թաղի հայ աշակերտութիւնը հաւաքելու համար, Էլ Կէյշ փողոցին վրայ գտնուող հայկական սրճարանին առջեւ կը հասնէին միայն:
Հոն ամէն առաւօտ, օթօպիւս մը լեցնելու չափ հայ երախաներ, սրճարանին առջեւի պզտիկ տարածութեան մը գետնին վրայ, կաւիճով խաղեր կը գծէին, հոս-հոն կը վազվռտէին ու օթօպիւսի գալուն կը սպասէին...: Հայկական սրճարանը միակ հայկականն էր քաղաքին մէջ: Անկէ զատ ուրիշներ չկային:
Հոն՝ քառակուսի ապակիներով փայտէ փեղկերու ետեւ, տարեցներ կամ մեծհայրիկներ, սրճարանին տկար լոյսերուն տակ անկիւն մը քաշուած, կէսօրէ վերջերը սուրճի կամ թէյի գաւաթներու շուրջ, մտերմիկ կը խօսակցէին...:
Անդին ուրիշներ դէմ դիմաց նստած նարտ կը խաղային, իսկ հետաքրքրուողներ, անոնց շուրջ կէս բոլորակ կազմած, ոտքի կամ նստած, խաղին կը հետեւէին: Զարը կը գլտորէր նարտի փայտէ տուփին մէջ եւ հազիւ դառնալէ դադրած, սրճարանին մէջ անմիջապէս խաղացողներուն բարձր ձայները լսելի կ՚ըլլային.
-Տո՛ւ սէ... Տո՛ւ պէշ...
-Իքի՛ պիր...
-Շէ՛շ պէշ...
Սրճարանին ներսը ընդարձակ չէր, աղմկոտ ալ չէր: Հոն մթնոլորտը տաքուկ եւ ընկերական էր: Ասկէ զատ ամառ թէ ձմեռ, արեւոտ օրերուն, հաճելի էր բարեկամներով դուրսի պատերուն տակ շարուած սեղաններուն վրայ նստիլ, գաւաթ մը սուրճով ու հանդարտ մտքով երբեմն խօսիլ, ու երբեմն ալ Շարաա էլ Կէյշէն անցնող կառքերուն աղմկոտ վազքը դիտել...:
Հոն դանդաղ կ՚անցնէին ժամերն ու վայրկեանները:
Սրճարանին անկիւնէն քիչ հեռու, մօտ վաթսուն խոշոր քայլ անդին, Մխիթարեաններու վարժարանն էր:
Մօրաքս Տարպ էլ Կինենայի մէջ, դպրոցէն մէկ փողոց հեռու կը բնակէր:
Ես շատ կը յաճախէի իր տունը եւ վարժուած էի Պէյն էլ Սուրէյնի եւ անոր կից՝ Տարպ էլ Կինենայի ժողովրդական թաղերու մթնոլորտին...:
Հոն փողոցներուն մէջ, եւ քիչ մը ամէն տեղ, մանկութենէս յիշատակներ ցանած էի ետեւէս, երբ ատենին՝ դեռ կարճ տաբատով պզտիկ տղայ, մօրս ձեռքէն բռնած մօրաքրոջս տունը այցի կ՚երթայի...:
Մայրս շատ կը սիրէր իր քոյրը:
Հօրաքրոջս Հայաստան գաղթելէն վերջ, ան մեր ընտանեկան միակ կապը մնացած էր, եւ վստահ չեմ, բայց թերեւս ալ այդ պատճառաւ, մայրս քոյրը աւելի յաճախ տեսնելու միշտ կարօտ կը զգար:
Այն ատենները տուներուն մէջ հեռաձայն ունեցողներ շատ չկային, եւ մայրս գոնէ շաբաթը մէկ անգամ ա՛նպայման՝
«Պոյ մը քրոջս երթանք,- կ՚ըսէր:
«Պոյը» ի՞նչ էր ճիշդ չէի գիտեր, բայց ես կ՚ուրախանայի եւ անմիջապէս ոտքի կը ցատկէի, որովհետեւ գիտէի որ Մատլէնը՝ մօրաքիս ինծի տարեկից աղջիկը հոն կ՚ըլլար:
Փողոցին անունը մտքէս ելած է, բայց անոնց բնակած երկյարկանի շէնքին վարը փուռ մը կար: Հոն հացագործներ ամբողջ օրը, փայտէ երկար թիերու վրայ, փուռին մէջ հաց կը հրէին ու եփածները դուրս կը հանէին...:
Վառող փուռին տաքութիւնը կ՚անցնէր շէնքի մուտքի պատերուն, եւ նոր եփած հացերու անուշ հոտը կը տարածուէր ու մինչեւ վեր կը հասնէր:
Մօրաքիս ամուսինը՝ Գաբրիէլ տայտայս, իրիկունները գործէն վերադարձին.
-Մաքրի՜կ.....հացի պէտք ունի՞ս,- կը պոռար վարէն...:
Թարմ հացը, նոր փուռէն ելած եւ տաք՝ աւելի համով կ՚ուտուէր:
Մօրաքս շէնքին երկրորդ կամ երրորդ՝ վերջին յարկը կը բնակէր:
Իր յարկաբաժինը տանող աստիճանները շատ չէին, եւ տուն հասնելէ ետք հոն չէին վերջանար: Անոնք դեռ կը շարունակէին բարձրանալ, եւ միայն յարկ մը վեր գտնուող տանիքին միշտ կիսաբաց կամ լաւ չգոցուած դրան առջեւ կը հասնէին իրենց վերջակէտին: Երբեմն, հովը զօրաւոր եղած օրերուն, այդ դուռը կը ծեծէր, եւ ես ձայնը վարէն կը լսէի: Դուռէն անդին տանիքը ցանկապատ չունէր, եւ հոն գտնուողը, ծայրէն, երեք յարկ վար եղող փողոցը կը տեսնէր:
Վտանգաւոր էր:
Մօրաքս ու մայրս արգիլած էին ինծի տանիք բարձրանալ, եւ այդ արգելքը մտքիս մէջ աւելի ազդու դարձնելու համար, երախաներ փախցնող, կամ անոնց ետեւէն թռող եւ հասնող, «Պապուլա» անունով հրէշ մը հնարած էին...:
-Նայէ՛, Պապուլան հոն է: Եթէ տանիք բարձրանալ փորձես՝ ան քեզ կը բռնէ, հեռուները կը տանի, եւ անկէ վերջ ա՛լ երեսս չես տեսներ...- կ՚ըսէր մայրս:
Իսկ մօրաքս, մօրս ըսածին ուժ տալու համար, նեղուած դէմքով ու տխրաձայն՝
-Ի՛մ ալ երեսս բնա՛ւ չես տեսներ...- կ՚աւելցնէր:
Ես յուսահատ կու լայի եւ մօրս վիզին կը փաթթը-ւէի...:
Բայց «Պապուլա»ն անշուշտ իրաւ չէր, եւ բոլոր տնեցիներուն մէջ միայն ե՛ս չէի գիտեր այդ:
Մօրաքիս յարկաբաժնին դրան ճիշդ դիմացը, տանիք բարձրացող աստիճաններու առաջին դարձուածքին անկիւնը, վերէն ջուրի լայն խողովակ մը կ՚իջնէր:
Մայրս ու մօրաքս մոխրագոյն լաթի կտորի մը ջղջիկի ձեւ տուած էին, եւ գլուխը դէպի դուրս ցցուած՝ ջուրի խողովակին ու քովի պատի բացուածքին մէջ տեղաւորած էին զայն:
Ամէն անգամ երբ ուզէի տանիք բարձրանալ՝
-Տե՛ս, Պապուլան ծակէն կ՚ելլէ, ետեւէդ կը հասնի...- կ՚ըսէին ու հեռուէն քուրջի կտորը ինծի կը ցուցնէին:
Սկիզբը կը հաւատայի, եւ շատ անգամ բաց դրան մէջ մինակս կեցած, անոր նայելով չէի համարձակեր սանդուխի աստիճաններուն մօտենալ: Կը վախնայի...։
Բայց տանիքին քաշողական ուժը զօրաւոր էր եւ ես չդիմանալով այդ ուժին, կ՚ուզէի ամէն գնով տանիք բարձրանալ:
Անգամ մը վախով ու դողով, փորձի համար «Պապուլա»յին կողմը պզտիկ քար մը նետեցի հեռուէն:
«Պապուլա»ն տեղէն չշարժեցաւ:
Կրկնեցի փորձս:
«Պապուլա»ն անհանգիստ չեղաւ եւ շարունակեց անշարժ մնալ:
Ես զարմացայ...:
-Ո՞ւր էր «Պապուլա»ն, ինչո՞ւ ծակէն դուրս չէր ելլեր...- մտածեցի ու սկսայ աւելի համարձակ դառնալ...:
Բայց վախը մէջս կատարելապէս դեռ չէր փարատած:
Օր մը չեմ յիշեր մայրս ճիշդ ի՛նչ ունէր ընելիք, տան աշխատանքը շուտով վերջացուց եւ հայելիին առջեւ մազերը շտկած ժամանակ, ուրիշ անգամներու պէս՝
-Պոյ մը քրոջս երթանք,- ըսաւ:
Յետոյ գլուխս շոյեց եւ գաղտնիք մը միայն ինծի վստահելու ձեւով՝
-Քեզ քիչ մը մօրաքիդ քով պիտի ձգեմ, բայց վերջը պիտի անցնիմ եւ միասին տուն դառնանք,- աւելցուց ցած ձայնով...
Ես ուրախացայ եւ հայելիին մէջ իրեն ժպտեցայ:
Մօրաքս Տարպ էլ Կինենայի տան մէջ մինակ էր, եւ ներսի սենեակը մաքրութեան գործով զբաղած:
Պապուլայի վախին ես հիմա որոշ չափով վարժուած էի, եւ ան այլեւս առաջուայ չափ շատ չէր մտահոգեր զիս: Բայց տակաւին կը զգուշանայի եւ միշտ կ՚ուզէի գիտնալ, թէ ան դեռ իր տե՞ղն էր:
Դուռը կամացուկ մը բացի եւ առանց ձայնի դուրս սպրդեցայ: Մօրաքս ներսէն չլսեց:
«Պապուլա»ն անշարժ կեցած ինծի կը նայէր:
Կռնակս բազրիքին կռթնցուցած, զգուշութեամբ առաջին քանի մը աստիճաններէն բարձրացայ ու երբ «Պապուլա»յին մօտեցայ, սանդուխէն վեր խոյացայ ու մէկ շունչով տանիքի դրան առջեւ հասայ ու հրեցի դուռը:
Հին դուռը փասոտած ծխնիներու վրայ դարձաւ, լացաւ եւ բացուեցաւ:
Դիմացս, բաց տանիքին վրայ միայն հով կար, մարդ չկար: Ձայն ալ չկար, հանդարտ էր...: Որոշեցի օգտագործել առիթը եւ տանիքէն վար դիտել: Քարքարուտ յատակին վրայ զգոյշ յառաջացայ, եւ տանիքին առանց ցանկապատի փողոց նայող սահմանածայրը, անգիտակ վտանգէն, սրունքներս կախեցի ու անհոգ նստայ:
Ես գոհ էի, վերջապէս իրականացած էր երազս:
Այնչափ ալ դժուար չէր եղած տանիք բարձրանալը... մտածեցի: Ա՞յս էր բոլորը... պարապ տե՞ղը այդչափ ատեն «Պապուլա»յէն վախցած էի: Ո՞ւր էր մօրս ու մօրաքիս ըսած «Պապուլա»ն... թող գա՛ր՝ տեսնէի...։
Մօրաքրոջս տանիքին վրայ ինքզինքս հիմա անվախ կը զգայի, եւ եթէ այդ վայրկեանին «Պապուլա»ն անսպասելիօրէն դիմացս ելլէր, պատրաստ էի նոյնիսկ դէմը կենալու եւ կռուելու...:
Բայց «Պապուլա»ն չերեւցաւ:
Անոր տեղ յանկարծ Եորղօն միտքս ինկաւ: Եորղօն եւ իր լաթեռնան:
Շէկ, ոլորուած պեխերով, հաստ յօնքերով ու բարեձեւ հասակով, ան լաթեռնայի բեռան տակ կքած, ծանր քայլերով կ՚անցնէր Տարպ էլ Կինենայի նեղլիկ փողոցներէն եւ որոշ հեռաւորութիւններու վրայ, բանուկ անկիւններու կամ խանութներու դիմաց կը կենար: Յետոյ ուսէն վար կ՚առնէր սեւ լաթեռնան եւ հետը բերած բացուող-գոցուող շարժական սեղանի մը վրայ խնամքով կը զետեղէր զայն: Անկէ վերջ իր միշտ գործածած նաւաստիի կապոյտ գլխարկը ետ կը հրէր, ճակտին քրտինքը կը սրբէր եւ խորունկ շունչ մը կը քաշէր:
Լաթեռնային առջեւի մասին վրայ, ապակիէ հաւկը-թաձեւ շրջանակի մը մէջ, կարմիր թուշերով երիտասարդ աղջկայ մը պատկերը կար: Անոր առջեւ Եորղօն հասակը կը ծռէր, եւ դերասանի ձեւերով գլխարկը հանելէ վերջ, կը դառնար գործիքին քով եւ մանիճը կը դարձնէր: Անմիջապէս գործիքէն հազար պուզուքիներով նուագուող ուրախ ձայներ կ՚ելլէին: Եորղօն չեմ գիտեր ուրկէ՛, վայրկենաբար դափ մը մէջտեղ կը հանէր, եւ ձեռքին, արմուկին կամ ալ ծունկին զարնելով կ՚ընկերանար նուագին:
Երբեմն ալ երբ եղանակը սիրածներէն ըլլար, աջ ձեռքը ականջին կը տանէր, եւ աչքերը երկինք դարձուցած, թոքերուն բոլոր ուժովը կ՚երգէր: Այդ վայրկեաններուն, Եորղոյին եւ գործիքին ձայները կը միահիւսուէին եւ տարածուելով փողոցի տուներէն ներս կը մտնէին:
Եորղօն վարպետ էր գործին մէջ եւ լաւ գիտէր մթնոլորտ տաքցնելու գաղտնիքը: Անցորդներ, խանութներու յաճախորդներ, պզտիկ տղաք ու աղջիկներ շուտով կը հաւաքուէին շուրջը եւ հաճոյքով կը հետեւէին իր ուրախ երգերուն:
Օր մը մօրաքիս տան առջեւ Եորղօն դարձուց լաթեռնային մանիճը, եւ գործիքը սկսաւ եղանակ մը նուագել: Եորղօն դափը ցնցեց, աջ ձեռքը ականջին տարաւ, եւ կատարելապէս վերացած՝ մաքուր հայերէնով սկսաւ երգել...
Պատէն կախուած իմ ջութակը ինկաւ փշրուեց...
Ես յանկարծակիի եկայ: Բայց այս ի՞նչ էր, Եորղօն հայերէ՞ն կ՚երգէր... Եորղօն հա՞յ էր, թէ՞ միայն այդ երգը գիտէր երգել...
Հապա իր անո՞ւնը...:
Մայրս այս հարցումիս՝
-Ան յոյն է,- ըսելով պատասխանած էր այն օրը...:
Ես պզտիկ էի, սակայն կրնայի զանազանել Եորղոյին գրեթէ մաքուր հայերէն առոգանութիւնը, եւ թերեւս ալ այդ պատճառաւ շատ չէի համոզուած մօրս այն օրուայ պատասխանէն: Բայց անկէ վերջ ես չէի մոռցած Եորղօն եւ իր հայ ըլլալու հարցն ալ միշտ չլուծուած հանելուկ մնացած էր մտքիս մէջ: Հիմա տանիքին ծայրը նստած, Եորղօն դարձեալ յիշեցի, եւ վայրկեան մը՝
-Արդեօք այսօր վարի փողոցէն կ՚անցնի՞,- մտածեցի…
Տանիքէն, մանաւանդ նստած տեղէս, փողոցը ամբողջ երկայնքին կ՚երեւէր:
Ի՛նչ լաւ կ՚ըլլար եթէ անցնէր, յուսացի եւ Եորղոյին սպասեցի:
Յանկարծ դիմացի շէնքի երկրորդ յարկի պատշգամէն աղջիկ մը պոռալով վարի հացագործէն հաց ա-պըսպրեց, եւ երկար չուանի մը ծայրէն կողով մը փողոց իջեցուց: Կողովը արդէն մէկ յարկ իջած էր, երբ հետաքրքրուեցայ, եւ ուզեցի անոր վար հասնիլը դիտել: Առջեւ ծռեցայ, բայց անմիջապէս գլուխս դարձաւ, եւ կարծեցի, թէ փողոցէն աներեւոյթ ձեռքեր զիս ուժով վար քաշեցին: Փորձեցի ետ կենալ ու շտկուիլ, բայց չկրցայ, քաշող ուժերը զօրաւոր էին: Աչքերս մթագնեցան, եւ զգացի, որ մարմինս աւելի ծռեցաւ:
Շատ չէր մնացած փողոց իյնալու:
Յանկարծ, առանց ձայնի, երկու զօրաւոր ձեռքեր ետեւէս մէջքիս փաթթուեցան ու իրենց տիրոջ գիրկին մէջ ամուր սեղմեցին զիս...
Վախցած աչքերով վեր նայեցայ ու տեսայ մօրաքիս այլայլած դէմքը եւ ինձմէ աւելի վախցած աչքերը, որոնք ինծի նայելով կարծես ըսել կ՚ուզէին՝
-Քեզի չէի՞նք ըսած թէ «Պապուլա»ն անհնազանդ տղաքը կը տանի...:
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Քամփինաս,Պրազիլ
2 Նոյեմբեր 2011