ՅԱ­ՐԱ­ՏԵ­ՒՈՒ­ԹԵԱՆ ԴԱՍ ՄԸ

Մեծ պա­հոց շրջա­նի 5-րդ Կի­րա­կին սո­վո­րա­բար կը կո­չուի «Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կին»՝ օ­րուան Ճա­շու Ա­ւե­տա­րա­նին (ՂՈՒ­ԿԱՍ ԺԸ) գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ «Ա­նի­րաւ Դա­տա­ւոր»էն առ­նե­լով իր ա­նու­նը։ Բայց ա­ռա­կին երկ­րորդ եւ կա­րե­ւոր դէմ­քը՝ «Այ­րի կին»ը եւ ա­նոր յա­րա­տե­ւու­թեան տի­պարն ալ ե­թէ նկա­տի առ­նուի, կա­րե­լի է ը­սել «Ա­ղօթք»ի, եւ մա­նա­ւանդ «Յա­րա­տեւ ա­ղօթք»ի նուի­րուած Կի­րա­կի, քա­նի որ Յի­սու­սի խօ­սած այս ա­ռա­կը կը վե­րա­բե­րի յա­րա­տեւ ա­ղօթ­քի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ։

Ար­դա­րեւ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, ինչ­պէս ա­մէն մար­զի մէջ, հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ ալ նպա­տա­կի հաս­նե­լու, յա­ջո­ղու­թիւն ձեռք բե­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ ազ­դակ մըն է։

«Յա­րա­տե­ւու­թիւն», իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ «սկսած ջան­քի մը, աշ­խա­տան­քի մը շա­րու­նա­կու­մը, տե­ւա­կա­նա­ցու­մը»՝ շա­րու­նակ, ան­դա­դար, ան­ձան­ձիր շա­րու­նա­կել աշ­խա­տան­քը՝ տե­ւա­կա­նաց­նել զայն հաս­տա­տա­միտ ու հաս­տա­տա­կամ կեր­պով։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ յա­րա­տեւ աշ­խա­տու­թիւն, անվ­հատ, ա­ռանց յու­սալ­քուե­լու ա­մէն ջանք ի վեր­ջոյ հա­սած է իր նպա­տա­կին եւ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուած։ Ուս­տի յա­րա­տե­ւու­թիւնն է, որ մար­դուս պէտք է նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար։ Աշ­խա­տու­թիւ­նը ե­թէ յա­րա­տեւ չէ, ար­դիւնքն ալ կաս­կա­ծե­լի է, եւ շատ ան­գամ ա­պար­դիւն ջանք։ Ան­շուշտ յա­րա­տե­ւու­թեան չափ կար­գա­պա­հու­թիւնն ալ (=discipline) կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ յա­ջո­ղու­թեան մէջ, բայց մա­նա­ւանդ ա­մէն աշ­խա­տու­թեան պէտք է ըն­կե­րակ­ցի յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, ինչ­պէս ա­մէն գի­տու­թեան՝ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը։ Յա­րա­տե­ւու­թիւն (=persévérance) եւ կար­գա­պա­հու­թիւն (=discipline) կ՚ամ­բող­ջաց­նեն աշ­խա­տու­թիւնն ու գի­տու­թիւ­նը՝ յա­ջո­ղու­թեան դժուա­րու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ճամ­բուն վրայ։

Հո­գե­ւոր կեանքն ալ ճա­նա­պարհ մըն է եր­կար ու խո­չըն­դոտ­նե­րով լե­ցուն, ո­րուն ա­ռար­կան է՝ ա­ղօթ­քը, որ կը կա­րօ­տի հո­գե­ւոր վար­ժու­թեան, այ­սինքն աշ­խա­տան­քի եւ գի­տակ­ցու­թեան՝ ո­րոնց ան­մի­ջա­կան օգ­նա­կան­ներն են՝ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը ու կար­գա­պա­հու­թիւ­նը։ Ու­րեմն կ՚ար­ժէ վեր­լու­ծել ա­ղօթ­քը՝ իր ի­մաս­տին մէջ, նպա­տա­կին տե­սա­կէ­տով։

Ար­տա­շէս Ղա­զա­րեան սա­պէս կ՚ը­սէ ա­ղօթ­քի մա­սին.

«Ի՞նչ է ա­ղօթ­քը։ Ա­ղօթք՝ ա­ղա­չանք, խնդրանք առ Աս­տուած, օրհ­նու­թիւն, գո­հու­թիւն, փա­ռա­բա­նու­թիւն. խօսք ընդ Աս­տուած, Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու գլխա­ւոր մի­ջոց։

«Իր քա­րոզ­նե­րէն մէ­կուն մէջ Յով­հան­նէս Երզն­կա­ցին (Պլուզ) հե­տե­ւեալ կեր­պով կը ստու­գա­բա­նէ բա­ռը.- Ա­ղօթք բա­ռը երկ­վան­կա­նի է. ա­ռա­ջին վան­կը աղ(օթքն) է, որ ու­նի ա­ղա­ղա­կի ի­մաստ՝ սրտի խոր­քէն բխած, ա­ղա­չա­կան, ա­ղեր­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Իսկ -օթք-ը՝ պատ­շաճ յա­րակ­ցու­թիւ­նը, այ­սինքն ամ­բող­ջա­ցու­ցիչ ա­ռըն­չու­թիւնն է՝ ո­րով կը յոր­ջոր­ջուի՝ կ՚ա­նուա­նուի ա­ղօթք բա­ռը ամ­բող­ջու­թեամբ։ (Մա­տե­նա­դա­րան, ձեռ. դ 2173, թ. 391 ա)։ Այս ի­մաս­տով ա­ղօ­թել կը նշա­նա­կէ Աս­տու­ծոյ հետ միա­տե­ղուիլ, Աս­տու­ծոյ շնոր­հը հագ­նիլ, աս­տուա­ծա­յի­նով զգես­տա­ւո­րուիլ, աս­տուա­ծա­յի­նը կրել։

«Ա­ղօթ­քը՝ որ­պէս Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ձեւ, ու­նի իր մի­ջո­ցը՝ որ է Սուրբ Հո­գին։

«Քրիս­տո­նէու­թեան հա­ւա­տի հա­մա­ձայն, Սուրբ Հո­գին նաեւ ա­ղօթ­քի ու­սու­ցիչն է եւ օգ­նա­կա՛­նը, խրա­խու­սի­չը ա­ղօթ­քի ժա­մա­նակ՝ ա­նոր ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը.- Նոյն­պէս եւ Սուրբ Հո­գին օգ­նու­թեան կը հաս­նի մեր տկա­րու­թիւն­նե­րուն, քա­նի որ մին կ՚ա­ղօ­թենք…։ (Հռոմ. Ը 26)։ Ար­դա­րեւ Սուրբ Գրքի մէջ տրուած են Յի­սուս Քրիս­տո­սի եր­կու լրիւ ա­ղօթք­նե­րը եւ Գեթ­սե­մա­նիի մէջ Ա­նոր ա­ղօթ­քի ո­րոշ մա­սե­րը. (Մատթ. ԻԶ 36-46), (Մարկ. ԺԴ 32-42), (Ղուկ. ԻԲ 39-46)։

«Այս ա­ղօթք­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը՝ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթքն է, իսկ միւ­սը՝ Յի­սուս ար­տա­սա­նած է այն ժա­մա­նակ, երբ կան­խա­ւե­տե­լով իր յաղ­թա­կա­նը աշ­խար­հի ու մա­հուան նկատ­մամբ, կը պատ­րաս­տուէր վե­րա­դառ­նալ Իր Հօր մօտ. (Յովհ. ԺԷ 1-26)։ Յի­սուս, հա­ւա­տա­ցեալ քրիս­տո­նեա­յին կը պա­տուի­րէ յա­ճախ ա­ղօ­թել՝ յա­ճա­խա­կի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ մնալ Հօ­րը հետ (Կո­ղոս. Բ 2), ա­ղօ­թել ա­մե­նայն ժամ (Ղուկ. ԺԸ 1, ԻԱ 36) եւ (Ե­փես. Զ 16) եւ ան­դա­դա՛ր (Ա Թե­սաղ. Ե 17)։

«Յի­սուս կը յան­դի­մա­նէ՛, կը պար­սա­ւէ կեղ­ծա­ւոր ի ցոյց մարդ­կան, ձե­ւա­պաշ­տօ­րէն կա­տա­րուած ա­ղօթք­նե­րը (Մատթ. Զ 5). կը պա­տուի­րէ մա­նա­ւանդ ծա­ծուկ ա­ղօ­թել (Մատթ. Զ 6), եւ ա­ղօ­թե­լու ժա­մա­նակ հե­թա­նոս­նե­րու պէս շա­տա­խօս չըլ­լա՛լ (Մատթ. Զ 7)։

«Ըստ Ե­կե­ղե­ցիի սուրբ հայ­րե­րու ու­սու­ցում­նե­րուն, ա­ղօթ­քը մո՛ւտք է հո­գե­ւոր ո­լորտ, մի­ջոց եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն երկ­նա­յին ի­րա­կա­նու­թեան հետ.- Մտքի համ­բար­ձում երկ­նա­յին ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու, եւ ա­ռաջն­թաց առ ան­նիւ­թա­կա­նը եւ աս­տուա­ծա­յին բազ­մա­խոր­հուրդ ճա­նա­չու­թիւ­նը. (Նե­ղոս Սի­նա­յե­ցի. Դ­-Ե դա­րեր)։ Ուս­տի ա­ռանց հա­ւա­տի ա­ղօթ­քը ա­նուժ է եւ ան­զօր, միա՛յն հա­ւատ­քէ բխող ա­ղօթքն է, որ կա­րող է ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նե­նալ, լսե­լի ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ։ Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցին տուած է ա­ղօթ­քի տա­սը հիմ­նա­կան խոր­հուրդ­ներ՝ քա­ղուած Սուրբ Գիր­քէն եւ սուրբ հայ­րե­րէն, ուր ան ա­ղօթ­քի մի­ջո­ցով կը շեշ­տէ մար­դուն կա­պը Բարձ­եա­լի հետ՝ ներշն­չուած Սուրբ Հո­գիով, եւ կա­րե­ւո­րել ա­ղօթ­քը՝ որ­պէս կա­տա­րե­լու­թեան հաս­նե­լու մի­ջո՛ց։ Ըստ Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցիի, ա­ղօթ­քի սրբու­թիւն­նե­րը ե­րեքն են՝ սրտի, լե­զուի եւ ձեռ­քե­րու, քան­զի ա­ղօթ­քը ա­նոնց մի­ջո­ցով կը կա­տա­րուի։

«Ձեռ­քե­րու սրբու­թիւ­նը այն է, որ Ա­ռա­քեա­լը ը­սած է.- Կ՚ու­զեմ որ ա­մէ­նու­րեք, երբ այր մար­դիկ ա­ղօթ­քի կանգ­նին՝ Աս­տու­ծոյ բարձ­րա­ցու­ցած ի­րենց ձեռ­քե­րը դէ­պի վեր, ա­ղօ­թեն։ (Ա Տի­մոթ. Բ 8)։ Այ­սինքն՝ ձեռ­քե­րը տե­սա­նե­լի կեր­պով մա­քուր պա­հեն ա­գա­հու­թիւն­նե­րէ, զրկանք պատ­ճա­ռող ա­մէն ին­չէ, ա­րիւ­նէ։ Եւ միայն մա­քուր եւ սուրբ ձեռ­քերն են որ հա­մար­ձակ կեր­պով կա­րե­լի է բարձ­րաց­նել դէ­պի վե՛ր։

«Իսկ լե­զուի սրբու­թիւ­նը այն է, որ պէտք է Աս­տու­ծոյ ա­ղօ­թել՝ զերծ մնա­լով խօս­քի բար­կու­թիւն­նե­րէ, ու­նայ­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ, հայ­հո­յանք­նե­րէ, ա­ղա­ղակ­նե­րէ, բամ­բա­սան­քէ, չա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ, զրպար­տանք­նե­րէ։ Եւ վեր­ջա­պէս, սրտի սրբու­թիւ­նը իր, ըն­կեր­նե­րու եւ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ է, ա­ղօթ­քը պէ՛տք է ըլ­լայ սրտա­բուխ, ան­կեղծ՝ սիր­տը մաք­րե­լով բո­լոր մեղ­քե­րէ եւ աղ­տե­րէ ե՛ւ չար խոր­հուրդ­նե­րէ, քա­նի որ ըստ քրիս­տո­նէա­կան մար­դա­բա­նու­թեան (=մարդ էա­կը ու­սում­նա­սի­րող գի­տու­թիւն), սիր­տը մար­դուս նե­րաշ­խար­հի հո­գե­ւոր կեդ­րոն եւ Սուրբ Հո­գիի շնոր­հի ըն­դու­նա­րան է. (ՍԱՂՄ. ԾԱ 10), (Ա­ՌԱԿ. Դ 23), խոր­հուրդ­նե­րու շտե­մա­րան, Սուրբ Հո­գիի տա­ճար (Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ)։ Կան ան­հա­տա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­յին՝ հա­ւա­քա­կան կամ հա­սա­րա­կա­կան ա­ղօթք­ներ։ Ան­հա­տի ա­ղօթ­քը յա­ճախ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ ներ­քին խօս­քի մի­ջո­ցով՝ ա­ռանց բա­ռեր ար­տա­սա­նե­լու։

«Իսկ հրա­պա­րա­կա­յին կամ հա­սա­րա­կա­կան ա­ղօթ­քը նման է հա­սա­րա­կա­կան պարտ­քի վճա­րու­մի… երբ ա­մէնքս կար­գուած ժա­մուն ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լով, միա­բան կեր­պով կ՚ա­ղօ­թենք. (Սի­մէոն Ա Ե­րե­ւան­ցի. 1763-1780)։

«Ըստ բնոյ­թի ա­ղօթք­նե­րը կ՚ըլ­լան հա­ւա­տի եւ փա­ռա­բա­նու­թեան, զղջման եւ ա­պաշ­խա­րու­թեան, դա­ւա­նա­կան, բա­րեխ­րա­տա­կան եւ այլն։ Ի­րենց նշա­նա­կու­թեամբ ալ կը կո­չուին -խնդրուածք­ներ-, -օրհ­նու­թիւն­ներ-, եւ -գո­հու­թիւն­ներ-։ Յա­կոբ Մծբնա­ցին հա­կիրճ կեր­պով կու տայ ա­նոնց բնու­թա­գրե­րը. խնդրուածք­ներ այն ա­ղօթք­ներն են, երբ գոր­ծուած մեղ­քե­րու հա­մար գթու­թիւն եւ ո­ղոր­մու­թիւն կը խնդրուի Աս­տուծ­մէ. իսկ օրհ­նու­թիւն­ներ եւ գո­հու­թիւն­ներ՝ երբ խնդու­թեամբ գո­հու­թիւն կը յայտ­նուի երկ­նա­յին Հօր եւ կ՚օրհ­նուին իր բո­լոր գոր­ծե­րը…»։­

Ա­ղօթ­քի մէջ պէ՛տք է ու­շադ­րու­թիւն ը­նել՝ չշփո­թե­լու մա­նա­ւանդ «շա­տա­խօ­սու­թիւն»ը եւ «յա­րա­տե­ւու­թիւն»ը։ Միշտ յար­գի է քիչ խօս­քով՝ շատ բան ը­սել, հաս­տա­տա­կամ ըլ­լալ եւ չվհա­տիլ։ Յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը եր­բե՛ք շա­տա­խօ­սու­թիւն եւ ու­նայ­նա­բա­նու­թիւն չէ՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016