ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵՄ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ
Այսօր, Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գագաթաժողովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիայէն դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքին վերաբերեալ խնդիրները, որոնք ներկայ ժամանակա-շըրջանին հրատապ կը համարուին կողմերուն միջեւ։
Պրիւքսէլի այսօրուան գագաթաժողովի սեմին Եւրոյանձնաժողովի Մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ ճգնաժամերու գիծով կոմիսար Խրիստոս Սթիլիանիտիս յայտարարեց, թէ սուրիացի փախստականներուն բարումով Թուրքիոյ համար խոստացուած 3 միլիառ եւրօ ելմտական օժանդակութեան առաջին մասին յատկացումը ընթացքի մէջ է։ Ան շեշտեց, թէ գաղթականաց ճգնաժամի կարգաւորման ճանապարհին մեծ կարեւորութիւն կը ներակայացնէ Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ ցարդ գաղթականներու համար կատարուածներուն շուրջ եւ աւելցուց, թէ գաղթականաց հոսքը վերջին շրջանին առաւել բարդ կացութեան մը մատնած է Պալքանեան երկիրներն ու Յունաստանը։ Եւրոպացի կոմիսարը գաղթականաց ճգնաժամին վերաբերեալ առկայ հանգրուանը որակեց նուրբ եւ աւելցուց, թէ բարդ գործընթաց մը կը սկսի ամբողջ Եւրոպային տեսակէտէ։ Իր խօսքերով, անհրաժեշտ է, որ Եւրոպայի մէջ փութով հաստատուի զուգորդուած մօտեցում մը։
Սթիլիանիտիսի վերոյիշեալ յայտարարութիւնները թէեւ ակնյայտ կը դարձնեն այս հարցին վերաբերեալ Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութիւնը, սակայն Պրիւքսէլի այսօրուան գագաթաժողովի օրակարգն ալ հարիւր տոկոսով հարթ չէ։ Կողմերը անընդհատ շփման մէջ կը գտնուին իրարու հետ, սակայն գործընթացի տեւողութեան կը յառաջանան յաւելեալ փոխադարձ պահանջներ։ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ գաղթականաց ճգնաժամի կապակցութեամբ նոր համաձայնութեան մը կնքուիլը օրակարգի վրայ է։ Թուրքիոյ վրայով դէպի Յունաստան ուղղուած ապաստանեալներու իւրաքանչիւր օրուան քանակութեան լուրջ համեմատութեամբ կրճատուիլը կը նախատեսուի այս քայլով։ Բաց աստի, Թուրքիայէն կը պահանջուի աւելի շատ ճիգ գործադրել՝ Եւրոպայի մէջ անբաղձալի գաղթականները ետ ընդունելու ուղղութեամբ։
Ներկայիս լուրջ մտահոգութիւններ կան՝ թէ գարնան շրջանին Թուրքիոյ վրայով դէպի Յունաստան գաղթականաց հոսքը կրնայ լուրջ թափ մը ստանալ։ Եւրոմիութեան պատասխանատուները կ՚ընդգծեն, որ Թուրքիոյ հետ ցայսօր կնքուած համաձայնութիւնները ակնկալուած մակարդակի մը վրայ արդիւնք չեն տուած։ Վերջին շաբաթներուն դարձեալ վերելք արձանագրած է Եւրոպա անցած ապաստանեալներուն թիւը։ Հետեւաբար, եւրոպական կողմը կը պահանջէ Թուրքիայէն աւելի շօշափելի խոստումներ։ ԵՄ-ի անդամ տասն երկիրներու կողմէ բարձրաձայնուած են այդպիսի խոստման մը պահանջները՝ ներառեալ շրջանային նախագահ Հոլանտան եւ Գերմանիան։
Այսօրուան գագաթաժողովին ընթացքին Թուրքիան կը ներկայացնէ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի տանտիրութեամբ կը կայանայ հաւաքը, որուն կը մասնակցին նաեւ ԵՄ-ի անդամ 28 երկիրներուն կողմէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։ Պրիւքսէլի մէջ Տավուտօղլու կը տեսակցի նաեւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ։ Բացի գաղթականաց հարցէն, վարչապետը կ՚արծարծէ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ Թուրքիոյ ակնկալութիւնները։ Օրակարգի վրայ կու գան թրքահպատակներու պարագային վիզաներու ջնջման գործընթացին վերաբերեալ նիւթեր։
Երէկ, Պրիւքսէլ մեկնելէ առաջ Ահմէտ Տավուտօղլու սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի փափաքիր Սուրիոյ պառակտումը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Անգարայի այս տեսակէտները բաժնած է նաեւ շաբաթավերջին Թեհրանի մէջ ունեցած շփումներուն ընթացքին։ «Մենք պէտք է ձեռնամուխ ըլլանք այնպիսի ջանքերու, որոնք աւելի մեծ ծաւալներով կրնան միաւորել տարածքաշրջանը։ Այս ուղղութեամբ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Իրան կրնան բերել իրենց նպաստը», ըսաւ ան։