ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԸ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի մէջ։ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան այն բո­լոր խնդիր­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը զբա­ղեց­նեն եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա եւ Ի­րան Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին կա­պակ­ցու­թեամբ նոյն բե­ւե­ռին մէջ չեն, հե­տե­ւա­բար ներ­կայ նուրբ հանգ­րուա­նին ա­նոնց մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ ար­ժա­նա­ցան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Թեհ­րա­նի մէջ Տա­վու­տօղ­լու պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ի­րա­քի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ Ի­սաք Ճի­հան­կի­րիի կող­մէ։ «Սա­տա­պատ» պա­լա­տէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած դի­մա­ւո­րու­մէն վերջ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ճի­հան­կի­րի ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Թեհ­րա­նի մէջ Տա­վու­տօղ­լու հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի կող­մէ։ 1 ժամ 45 վայր­կեան տե­ւեց այս դռնփակ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Տա­վու­տօղ­լու Թեհ­րա­նի մէջ յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա եւ Ի­րան թէեւ ու­նին տար­բեր հա­մո­զում­ներ, սա­կայն տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կա­սեց­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­նոնց կող­մէ հա­սա­րա­կաց հե­ռան­կա­րի մը ձե­ւա­ւո­րու­մը կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ «Մեր տա­րած­քաշր­ջա­նի ճա­կա­տա­գի­րը պէտք չէ թո­ղունք տա­րած­քաշր­ջա­նէ դուրս դե­րա­կա­տար­նե­րու։ Բո­լո­րին ծա­նօթ է, որ Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն՝ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս մշտա­կան կա­յու­նու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան ու ան­դոր­րու­թեան հաս­տատ­ման տե­սա­կէ­տէ։ Դժուար օ­րե­րուն մենք Ի­րա­նի հետ միա­սին էինք։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ալ մեր միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քը պի­տի ըլ­լայ ի նպաստ թէ՛ եր­կու եր­կիր­նե­րուն եւ թէ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Թեհ­րա­նի մէջ վար­չա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու մէջ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ա­ւար­տած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած է իր այ­ցե­լու­թիւ­նը, ինչ որ նոր շրջա­նի մը սկիզ­բը կը հա­մա­րուի։ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թեան զու­գա­հեռ՝ ա­նոր դէմ սահ­մա­նուած մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու ջնջուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ թրքա­կան կող­մի գո­հու­նա­կու­թիւ­նը կրկնե­լով՝ վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, թէ այս ա­ռու­մով ա­մե­նա­մեծ ու­րա­խու­թիւ­նը ապ­րած եր­կի­րը ե­ղած է Թուր­քիան։ Կարգ մը նիւ­թե­րու շուրջ եր­կու եր­կիր­նե­րը որ­քան որ ալ ու­նե­նան տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ՝ չեն կրնար փո­խել պատ­մու­թիւնն ու աշ­խա­հագ­րու­թիւ­նը։ «Այս պատ­մու­թիւ­նը վա­ղե­մի հա­րե­ւա­նու­թեան մը պատ­մու­թիւնն է», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ի­րան Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ դուռ մըն է դէ­պի Ա­սիա, իսկ Թուր­քիա Ի­րա­նին հա­մար դուռ մըն է դէ­պի Եւ­րո­պա։ Հե­տե­ւա­բար, եր­կու եր­կիր­նե­րը զի­րար կը փոխլ­րաց­նեն։

Տա­վու­տօղ­լու Թեհ­րա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Թուր­քիա-Ի­րան գոր­ծա­րար ֆո­րու­մին։ Այս առ­թիւ ան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ այ­լեւս զգա­լի դար­ձած է՝ մտայ­նու­թեան շա­հա­պաշտ փո­փո­խու­թեան մը կա­րի­քը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին՝ Տա­վու­տօղ­լու շեշ­տեց, որ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան կա­սեց­ման հա­մար քա­ղա­քա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսի­լը պի­տի ստեղ­ծէ ա­մուր գե­տին մը։ Կա­րե­ւո­րե­լով Սու­րիա­յէ ներս հրա­դա­դա­րի տե­ւա­կա­նա­ցու­մը՝ վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա եւ Ի­րան հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս պի­տի գան այն կող­մե­րուն մօտ, ո­րոնց վրայ կրնան ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նել։ Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քե­րով, Թուր­քիա, Ի­րան ու վստա­հա­բար տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րը ու­նին հա­սա­րա­կաց մօ­տե­ցում մը՝ Սու­րիոյ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ո­ՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸ­ՆԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քըր­պի շա­բա­թա­վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին կա­պակ­ցու­թեամբ։ ԱՄՆ-ի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընդգ­ծեց, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կողմ­նա­կից չէ Սու­րիոյ մէջ քիւր­տե­րու հա­մար ինք­նա­վար շրջա­նի մը ստեղծ­ման։ «Ա­ռանց դա­ւա­նան­քի խտրա­կա­նու­թեան, Սու­րիան կ՚ըն­դու­նինք որ­պէս ամ­բողջ մը», յայ­տա­րա­րեց Քըր­պի։

ՏՈ­ՒԵԱԼ­ՆԵՐ

Մինչ այդ, Սու­րիոյ Մար­դու ի­րա­ւանց դի­տարկ­ման կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րու կեդ­րո­նը կը գտնուի Անգ­լիոյ մէջ, տուեալ­ներ հրա­պա­րա­կեց  հրա­դա­դա­րի գոր­ծադ­րուած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թեան մա­սին։ Այս­պէս, հրա­դա­դա­րի ա­ռա­ջին շաբ­թուան ըն­թաց­քին Սու­րիոյ մէջ 687 հո­գի մա­հա­ցած է։ Այդ զո­հե­րուն 552-ը մա­հա­ցած է այն շրջան­նե­րէն ներս, ուր հրա­դա­դա­րը չի գոր­ծադ­րուիր։ Մնա­ցեալ 135-ը մա­հա­ցած է այն շրջան­նե­րէն ներս, ուր հրա­դա­դար գո­յու­թիւն ու­նի։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016