ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը վեր­ջերս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ պատ­կե­րա­ւոր ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի մը կազ­մա­կերպ­ման։ «Լիոնս» ա­կում­բի ցան­ցի Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղին եւ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջի այս մրցա­շար­քը։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մէին Շիշ­լի մար­զա­կում­բէն Սար­վէն Չաք­մաք եւ Տիա­նա Ալ­թուն։

Այս­պի­սի մրցա­շար­քի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը կը հա­մա­րուի յատ­կան­շա­կան, ո­րով­հե­տեւ պատ­կե­րա­ւոր ճատ­րա­կը ինք­նին ար­դէն ա­ռա­ւել ու­շագ­րաւ խաղ մըն է։ Ճատ­րա­կի այս ձե­ւին մէջ մար­զիկ­նե­րը կը մրցին ա­ռանց ի­րենց առ­ջեւ ու­նե­նա­լու ճատ­րա­կի տախ­տակ մը։ Ա­նոնք բարձ­րա­ձայն կ՚ար­տա­յայ­տեն ի­րենց քայ­լե­րը ու նշում­ներ կը կա­տա­րեն թուղ­թի վրայ։ Այ­սինքն, խա­ղա­ցող­նե­րը կը մրցին ի­րենց յի­շո­ղու­թեան եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան հաշ­ւոյն։ Այս հե­տաքրք­րա­կան մրցա­շար­քը ու­նե­ցաւ տասն մաս­նա­կից եւ ար­դա­րա­ցուց ճատ­րա­կի սի­րա­հար­նե­րուն բո­լոր սպա­սում­նե­րը։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Ա­րի Քի­րե­միտ­ճեան։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ըն­թաց­քին յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան Սար­վէն Չաք­մա­քին, Տիա­նա Ալ­թու­նին, ինչ­պէս նաեւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թէք­պը­չա­քին։  

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016