ՄԱՐՏԻ 8-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ՝ ԿԻՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ…

Այ­սօր ամ­բողջ աշ­խար­հը կը տօ­նէ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րը: Կը հնչեն տօ­նա­կան շնոր­հա­ւո­րանք­ներ, կի­նե­րուն կը տրուին նուէր­ներ, ծա­ղիկ­ներ, բա­ցիկ­ներ… Տե­ղի կ՚ու­նե­նան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն­ներ, ե­րե­կոյթ­ներ ու խնջոյք­ներ: Կի­նը մէկ ան­գամ եւս կը յայտ­նուի ու­շադ­րու­թեան ներ­քոյ:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Մար­տի 8-ի տօ­նը, որ այ­սօր պայ­ծառ գոյ­նե­րով ո­ղո­ղուած է, մէկ դար ա­ռաջ բո­լո­րո­վին այլ ի­մաստ ու­նե­ցած է, եւ այ­սօր տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ արթն­ցած շա­տեր չեն գի­տեր, թէ ժա­մա­նա­կին այս օ­րը ե­ղած է պայ­քա­րի օր, իսկ հե­տա­գա­յին ստա­ցած է տօ­նի ի­մաստ: Այ­սինքն, կի­նե­րը ի­րենց տօ­նը ձեռք բե­րած են պայ­քա­րի գի­նով: Այ­սօր, յի­շե­լով Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րը, անհ­րա­ժեշտ է յի­շել նաեւ այդ պայ­քա­րի պատ­մու­թիւ­նը:

1857 թուա­կա­նի Մար­տի 8-ին Նիւ Եոր­քի մէջ հա­գուս­տե­ղէ­նի, ցան­ցա­հիւս­կե­ղէ­նի ու կօ­շի­կի գոր­ծա­րան­նե­րու կին աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու դի­մած են՝ դժգո­հե­լով ի­րենց աշ­խա­տան­քա­յին խիստ վատ ու ա­նար­դա­րա­ցի պայ­ման­նե­րէն՝ եր­կար աշ­խա­տա­ժամ, ցած ամ­սա­կան եւ այլն: Ա­նոնք փո­ղոց դուրս ե­կած էին՝ պա­հան­ջե­լու 10-ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օր, լու­սա­ւոր ու չոր տա­րածք­ներ՝ աշ­խա­տե­լու յար­մար եւ տղա­մար­դոց աշ­խա­տա­վար­ձին հա­ւա­սար վար­ձատ­րու­թիւն: Այդ ժա­մա­նակ կի­նե­րը օ­րա­կան 16 ժամ կ՚աշ­խա­տէին, ո­րու փո­խա­րէն չնչին վար­ձատ­րու­թիւն կը ստա­նա­յին: Մինչ կի­նե­րու պայ­քա­րը, նմա­նա­տիպ պայ­քար տա­րած էին նաեւ տղա­մար­դիկ, որ եր­կա­րա­տեւ ճա­ռե­րէ յե­տոյ յա­ջո­ղած են ու­նե­նալ 10-ժա­մեայ աշ­խա­տան­քա­յին օր: Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բազ­մա­թիւ աշ­խա­տան­քա­յին հիմ­նարկ­նե­րու մէջ բա­ցուած էին արհ­ես­տի միու­թիւն­ներ՝ տղա­մար­դոց շա­հե­րը հսկե­լու հա­մար: Հա­ւա­նա­բար տղա­մար­դոց պայ­քա­րէն ո­գեշն­չուելով ալ կի­ներ դի­մած են այդ քայ­լին: 1857 թուա­կա­նի Մարտ 8-էն սկսեալ բազ­մա­թիւ կի­ներ եւս ան­դա­մակ­ցած են այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն: Ցոյ­ցի դուրս ե­լած կա­նայք նաեւ պա­հան­ջած են ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք:

Ա­ւե­լի ուշ՝ 1910 թուա­կա­նին Քո­փեն­հա­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ըն­կեր­վար կա­նանց մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­խում­բի հա­ւա­քին, գեր­մա­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին բա­նուո­րա­կան շարժ­ման գոր­ծիչ, Գեր­մա­նիո­յ Հա­մայ­նա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Քլա­րա Ցետ­կին ա­ռա­ջար­կած է Մար­տի 8-ը հռչա­կել Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օր: Այս մէ­կը կոչ էր՝ աշ­խար­հի բո­լոր կի­նե­րուն՝ միա­նալ հա­ւա­սա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րին: 1911 թուա­կա­նին այս տօ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ, թէեւ Մար­տի 19-ին, նշուած է Աւստ­րիո­յ, Դա­նիոյ, Գեր­մա­նիո­յ եւ Զուի­ցե­րիո­յ մէջ: Ընտ­րե­լու եւ ղե­կա­վար պաշ­տօն­ներ զբա­ղեց­նե­լու ի­րա­ւուն­քէն զատ կի­ներ կը ձգտէին ձեռք բե­րել նաեւ գոր­ծա­րա­րու­թեամբ զբա­ղե­լու ի­րա­ւունք: Այդ ժա­մա­նակ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն կի­ներ եւ տղա­մար­դիկ մաս­նակ­ցած են այդ ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման ցոյ­ցե­րուն: Ար­դէն 1913 թուա­կա­նին ռուս կի­ներ սկսան տօ­նել ի­րենց Կա­նանց ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րը, ո­ր կը զու­գա­դի­պէր Փետ­րուա­րի վեր­ջին Կի­րա­կի օ­րուան (ըստ այն ժա­մա­նակ Ռու­սաս­տա­նի մէջ գոր­ծա­ծուող յու­լիո­սեան օ­րա­ցոյ­ցին): Նոյն թուա­կա­նին ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քին տօ­նը տե­ղա­փո­խուե­ցաւ եւ այդ օ­րուը­նէ ցայ­սօր կը նշուի Մար­տի 8-ին՝ ըն­դու­նուած ամ­բողջ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու կող­մէ:

Խորհր­դա­յին Միու­թեան մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նու­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, երբ ան տա­րա­ծուե­ցաւ ամ­բողջ Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րած­քով, տօ­նը սկսաւ նշուիլ նաեւ միւս խորհր­դա­յին ու ըն­կեր­վա­րա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ զայն սկսան տօ­նել չի­նա­ցի հա­մայ­նա­վար­նե­րը՝ 1922 թուա­կա­նէն ու սպա­նա­ցի հա­մայ­նա­վար­նե­րը՝ 1936 թուա­կա­նէն սկսեալ:

Իսկ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րը սկսած է որ­պէս հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան մի­ջո­ցա­ռում դի­տար­կուիլ 1977 թուա­կա­նէն սկսեալ, երբ ՄԱԿ-ի ո­րոշ­մամբ Մար­տի 8-ը հռչա­կուե­ցաւ ՄԱԿ-ի Կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու ու Հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան օր: Հարկ է նշել, որ 1945 թուա­կա­նին ստո­րագ­րուած ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յ­­նօ­րէն ճանչ­ցուած ա­ռա­ջին հա­մա­ձայ­նա­գիրն է, որ իր մէջ կ՚ընդգր­կէ նաեւ եր­կու սե­ռե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը՝ հռչա­կե­լով զայն որ­պէս մար­դու հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք:

Այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն ան­ցած են բազ­մա­թիւ տաս­նա­մեակ­ներ, բայց կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու հիմ­նախն­դի­րը չէ կորսն­ցու­ցած իր ար­դիա­կա­նու­թիւ­նը:

Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն յե­տոյ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ Մար­տի 8-ին նշուող Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան նուի­րուած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս դա­դ­րե­ցուե­ցան, եւ Ապ­րի­լի 7-ը ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ տօ­նել Մայ­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան տօն՝ որ­պէս պե­տա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նուած նոր տօն, ո­ր շատ ա­րագ կեր­պով տա­րա­ծուե­ցաւ հա­յե­րու շրջա­նին մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ ըլ­լա­լով նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­կան տօ­նե­րէն մէ­կը՝ Ա­ւե­տու­մը: Սա­կայն մար­դիկ տա­կա­ւին հա­ւա­տա­րիմ էին հին օ­րուան՝ Մար­տի 8-ին, եւ հան­րա­յին քննար­կում­նե­րը յան­գե­ցու­ցին կի­նե­րուն նուի­րուած եր­կու տօն ու­նե­նա­լու ար­դիւն­քին, իսկ Մար­տի 8-էն Ապ­րի­լի 7-ը գտնուող ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծը յայ­տա­րա­րուե­ցաւ կի­նե­րու միամ­սեակ:

Հա­յաս­տա­նը վստա­հա­բար աշ­խար­հի այն ե­զա­կի եր­կիր­նե­րէն մին է, ե­թէ ոչ միա­կը, ուր կի­նե­րու ամ­բողջ ա­միս մը՝ միամ­սեակ ու­նի, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կար ժա­մա­նակ կայ խօ­սե­լու թէ՛ կի­նե­րու խնդիր­նե­րու, ի­րա­ւունք­նե­րու, հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ա­նոնց դե­րի, թէ նաեւ՝ նուա­ճում­նե­րու, ձեռք­բե­րում­նե­րու, յա­ռա­ջըն­թա­ցի մա­սին:

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րու նկատ­մամբ խտրա­կա­նու­թիւն չկայ, եւ կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նուած են ինչ­պէս երկ­րի ներ­սը՝ օ­րէնք­նե­րով, այն­պէս ալ՝ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ վա­ւե­րա­ցուած մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նագ­րե­րով: Ան­կա­խու­թե­նէն ետք Հա­յաս­տա­նը կ՚ան­դա­մակ­ցի կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեա­ն ուղ­ղուած կարգ մը մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նագ­րե­րու, ինչ­պէս նաեւ 2000 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տի հրա­մա­նով ստեղ­ծուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տին կից կա­նանց խոր­հուրդ, ո­րու հիմ­նա­կան խնդիր­ներն են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կի­նե­րու հիմ­նա­հար­ցե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կար­գու­մը եւ կի­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան ա­պա­հո­վու­մը: Միա­ժա­մա­նակ կան բազ­մա­թիւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս կը զբա­ղին կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով: Այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հիմ­նա­կա­նը բաղ­կա­ցած են կի­նե­րէ, եւ մա­նա­ւանդ յա­ռա­ջա­դէմ կի­նե­րը շատ նա­խան­ձախն­դիր են ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րու հաս­տատ­ման, ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ բռնու­թիւն­նե­րու նուա­զեց­ման, կին-պաշ­տօ­նեա­նե­րու ա­ւե­լի մեծ քա­նակ ու­նե­նա­լու, գոր­ծա­րա­րու­թեան դաշ­տի մէջ ա­զա­տօ­րէն գոր­ծե­լու եւ այլ հար­ցե­րու ա­ռու­մով:

Հայ կի­նը դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է իբ­րեւ ու­ժեղ եւ իր ազ­գի տղա­մար­դոց քով կե­ցած ան­հա­տա­կա­նու­թիւն մը: Հայ ժո­ղո­վուր­դը, հի­նէն սկսեալ, միշտ ալ յա­տուկ յար­գանք եւ վե­րա­բեր­մունք ու­նե­ցած է հայ կնոջ հան­դէպ եւ այ­սօր ալ այդ վե­րա­բեր­մուն­քը կը շա­րու­նա­կուի՝ ա­ւե­լի ամ­րապն­դուե­լով եւ նոր դրսե­ւո­րում­ներ ստա­նա­լով:

ԿԻ­ՆԵ­ՐՈՒ ԸՆՏ­ՐԵ­ԼՈՒ Ի­ՐԱ­ՒՈՒՆՔ

 Ա­ռա­ջին ան­գամ կի­նե­րուն ընտ­րե­լու ի­րա­ւունք տուած են Ո­ւա­յո­մին­կի մէջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, 1869 թուա­կա­նին, այ­նու­հե­տեւ՝ Նոր Զե­լան­տա 1893 թուա­կա­նին, Աւստ­րա­լիա՝ 1902 թուա­կա­նին եւ Ֆին­լան­տիոյ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ գտնուող Ռու­սա­կան կայս­րու­թեան մէջ՝ 1906 թուա­կա­նին: Բրի­տա­նու­հի­նե­րը ձայ­նի ի­րա­ւունք ստա­ցած են 1918 թուա­կա­նին, իսկ ա­մե­րի­կեան նա­հանգ­նե­րու մեծ մա­սին մէջ՝ 1920 թուա­կա­նին:

Ա­մե­նէն վեր­ջի­նը կի­նե­րուն ընտ­րե­լու ի­րա­ւունք տուած են Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մէջ, 2011 թուա­կա­նին: Ներ­կա­յիս այդ ի­րա­ւուն­քը միայն Վա­տի­կան չկայ, քա­նի որ հոն միակ իշ­խա­նու­թիւ­նը Հռո­մի պապն է, իսկ զինք ընտ­րող կար­տի­նալ­նե­րու շար­քին մէջ չկան կի­ներ:

1918 թուա­կա­նին եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մեծ մա­սին մէջ կի­ներ ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք չու­նէին: Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ 1919 թուա­կա­նին կա­յա­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին հա­յոց Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րան ան­ցած ութ­սուն ե­րես­փո­խան­նե­րէն ե­րե­քը կի­ներ էին: Հայ կնոջ քա­ղա­քա­կան ան­ցեա­լը այն­քան ալ լու­սար­ձա­կի տակ չէ առ­նուած, մա­նա­ւանդ՝ շատ քի­չեր ծա­նօթ են ա­նոնց դժուա­րին, բայց բո­լոր ի­մաստ­նե­րով ար­ժա­նա­վա­յէլ կեն­սագ­րու­թեան փաս­տե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան կին ե­րես­փո­խան­ներն էին՝ Կա­տա­րի­նէ Զա­լեան-Մա­նու­կեա­ն, Պեր­ճու­հի Պար­տիզ­պա­նեան-Բար­սե­ղեա­ն եւ Վառ­վա­ռա Սա­հա­կեա­ն:

Ե­րեքն էլ Հայ յե­ղա­փո­ղա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) ան­դամ էին: Դէ­պի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եր­թա­լու ա­նոնց նպա­տակ­նե­րը բնո­րոշ է յե­ղա­փո­խա­կան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րուած կի­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար անձ­նա­կա­նը սեր­տօ­րէն միա­հիւ­սուած է հա­սա­րա­կա­կա­նին:

Ինչ­պէս կը կար­դանք Սո­նա Զէյթ­լեա­նի «Հայ կնոջ դե­րը հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման մէ­ջ» գիր­քին մէջ (Լոս Ան­ճե­լըս, 1992) Կա­տա­րի­նէ Զա­լեան-Մա­նու­կեա­ն Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի կինն էր: Ընտ­րուե­լով ե­րես­փո­խան, ան աշ­խա­տած է ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ: Ըլ­լա­լով բժշկու­հի՝ ան նուի­րուած էր գաղ­թա­կան­նե­րու ու որ­բե­րու օգ­նու­թեա­ն՝ օր ու գի­շեր պայ­քար մղե­լով հա­մա­ճա­րակ­նե­րու դէմ: Որ­բա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ ալ հան­դի­պած է ա­պա­գայ ա­մուս­նոյն, եւ 1917 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­նոնք ա­մուս­նա­ցած են: Այդ ա­մուս­նու­թե­նէն ծնած է Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի միակ ժա­ռան­գը՝ Սե­դան: 1919 թուա­կա­նին, երբ դուստ­րը տա­կա­ւին չորս ամ­սու էր, Ա­րամ Մա­նու­կեա­ն վա­րակ­ուած է ժան­տա­տեն­դով ու մա­հա­ցած: Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ Կա­տա­րի­նէի զրկանք­նե­րուն գու­մա­րուած են պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րը: Մա­հա­ցած է 1965 թուա­կա­նին, իսկ մա­հուը­նէ ա­ռաջ իր դստեր ը­սած էր. «Ես չտե­սայ, բայց դուն ան­պայ­ման կը տես­նես այն օ­րը, երբ մար­դիկ կը յի­շեն ու կը գնա­հա­տեն քու հայրդ: Ես վստահ եմ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը չի մո­ռ­­նար զին­ք»:

Պեր­ճու­հի Պար­տիզ­պա­նեան-Բար­սե­ղեա­ն ծնած է 1886 թուա­կա­նի­ն, Է­տիր­նէ, Թուր­քիա: Տա­կա­ւին տասն­վեց տա­րե­կան էր, երբ հան­դի­պած է ա­պա­գայ ա­մու­սնին՝ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման գոր­ծիչ Սար­գիս Բար­սե­ղեա­նին: Ա­մուս­նոյն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ան ստեղ­ծած է «Հայ կի­նե­րու միու­թիւ­ն»: Մեկ­նած է Ժը­նեւ՝ ու­սա­նե­լու գրա­կա­նու­թիւն եւ ման­կա­վար­ժու­թիւն: Այս շրջա­նին ալ սկսած է ստեղ­ծա­գոր­ծել՝ Էտ­նա կեղ­ծա­նու­նով («Փո­թո­րի­կէն վեր­ջ» պատ­մուածք­նե­րու ժո­ղո­վա­ծոյ մը հրա­տա­րա­կած է): Պեր­ճու­հիի եւ Սար­գի­սի ա­մուս­նա­կան կեան­քը կարճ տե­ւած է, Սար­գի­սը նա­հա­տա­կուած է: Ա­մուս­նոյն մա­հէն յե­տոյ Պեր­ճու­հին տե­ղա­փո­խուած է Թիֆ­լիզ, յե­տոյ՝ Ե­րե­ւան: Ընտ­րուե­լով խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան՝ հա­մա­կար­գած է Ա­մե­րի­կեան խնա­մա­տա­րու­թեան կո­մի­տէի հետ տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րը: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ շա­տե­րու պէս բռնած է գաղ­թի ճամ­բան: Հաս­տա­տուած է Փա­րիզ, ուր պաշ­տօ­նա­վա­րած է Նան­սէ­նեան գրա­սե­նեա­կէն ներս եւ շա­րու­նա­կած է գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Մա­հա­ցած է 1940 թ­­ուա­կա­նին:

Վառ­վա­ռա Սա­հա­կեա­ն խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Ա­ւե­տիք Սա­հա­կեա­նի կինն էր: Ընտ­րուե­լով խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան՝ դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ կրթա­կան ծրագ­րե­րու հա­մա­կար­գող: 1920 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րին ռու­սա­կան բա­նա­կի գրա­ւու­մէն յե­տոյ ա­նոր ա­մու­սի­նը այլ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րու հետ բան­տար­կուած է Ե­րե­ւա­նի մէջ: Իսկ 1921 թուա­կա­նին Փետ­րուա­րեան յե­ղա­փո­խու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ Վառ­վա­ռան, ա­մու­սի­նը եւ եր­կու զա­ւակ­նե­րը ան­ցած են Թաւ­րիզ: Այս­տեղ վեց տա­րի ապ­րե­լէ յե­տոյ Սա­հա­կեան­նե­րը փո­խադ­րուած են Ի­րաք, բայց ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րը վատ անդ­րա­դար­ձած են Վառ­վա­ռա­յի ա­ռող­ջու­թեան վրայ, եւ ըն­տա­նի­քը ստի­պուած ե­ղած է տե­ղա­փո­խուիլ Լի­բա­նան: Պէյ­րու­թի մէջ Վառ­վա­ռան նո­րէն աշ­խու­ժօ­րէն ներգ­րա­ւուած է հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ՝ մաս­նակ­ցե­լով Հայ օգ­նու­թեան խաչ կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Մա­հա­ցած է 1934 թուա­կա­նին:

Ի դէպ, այդ նոյն տա­րի­նե­րուն աշ­խար­հի մէջ ա­ռա­ջին կին դես­պա­նը նոյն­պէս հայ ե­ղած է՝ Ճա­բո­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Տիա­նա Աբ­գա­ր (Ա­նա­հիտ Ա­ղա­բէ­կեան), ո­րու ջան­քե­րով 1920 թուա­կա­նին Ճա­բո­նը ճանչ­ցած է Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը:

Այ­սօր ալ, հայ կի­նը փա­ռա­բա­նուած է աշ­խար­հի մէջ, իբ­րեւ խե­լա­ցի, գոր­ծու­նեայ, տա­ղան­դա­ւոր եւ ստեղ­ծա­ծար կին, որ ա­մէ­նուր է՝ ա­րուես­տի աշ­խար­հէն մին­չեւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, գոր­ծա­րա­րու­թե­նէն մին­չեւ հա­սա­րա­կա­կան շար­ժում­ներ…:

ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ

Համաշխարհային Կանանց օրուան ընդառաջ, Ռուսաստանի երաժշտական աշխարհի ամենայայտնի էսթրատային աստղերէն Նիքոլայ Պասքով համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Մարտի 8-ի շարժառիթով Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը՝ որպէս նուէր երկրի իգական սեռի ներկայացուցիչներուն։ Նիքոլայ Պասքովի համերգը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով երաժշտասէր կանայք։ Յայտագրի տեւողութեան Պասքով հանդէս եկաւ նաեւ հայերէն կատարումներով։ Ան ջերմ ծափողջոյններու արժանացաւ երգելով՝ «Երեւանի սիրուն աղջիկը»ը եւ «Սիրոյ ամառ»ը։

Հարկ է նշել, որ Նիքոլայ Պասքով կ՚անուանուի «Ռուսաստանի ոսկէ ձայնը»։

 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016