ՑԱՒԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ
Ընդհանրապէս կը գանգատին մարդիկ այս աշխարհի վրայ ապրուած կեանքէն։ Կը գանգատին, քանի որ ցաւը, վիշտը, նեղութիւնը աւելի՛ շատ կ՚ազդէ մարդուս, եւ կը տպաւորէ զանոնք։ Թէեւ կ՚ըսուի, որ մարդուս միտքը կը զտէ այդ տպաւորութիւնները եւ հետզհետէ դուրս կը վտարէ այն բոլոր աննպաստ եւ վշտալի դէպքերու յուշերը եւ չ՚արտօներ որ նեղութիւն պատճառեն եւ շարունակեն տպաւորել մարդկային կեանքը։
Բայց աշխարհի վրայ՝ կեանքի ընթացքին ցաւեր ու վիշտեր այնքա՜ն շատ են, այնքա՜ն իրերայաջորդ կու գան ու կ՚ազդեն մարդուս, որ եթէ մէկէն փրկուի մարդ, անմիջապէս նոր ցաւ մը կը յաջորդէ անոր, եւ մարդ ընդհանրապէս ցաւերու եւ վիշտերու ազդեցութեան տակ ապրելու կը ստիպուի։ Այսպէս, հետզհետէ բարդուելով ցաւերը՝ առիթ չեն տար, որ միտքը զտէ ու մոռնայ զանոնք։ Եւ մարդ կը շարունակէ իր գանգատը կեանքի նեղութիւններուն վրայով։
Աշուղ Ջիւանի որքա՜ն իրաւացի է երբ կ՚երգէ.
«Բացի ցաւից աշխարհի վրայ չը տեսայ բան,
«Նոր նոր ցաւեր նորից կու գան ձիւնի նման,
«Մարդկանց հոգուն չըկայ մի այլ երանաստան
«Էս լուսաշող եւ փառաւոր երկնից զատ»։
Ուստի մարդիկ, դարերու եւ շրջաններու ընթացքին, տեւապէս երջանկութիւնը փընտ-ռած եւ յուսացած են՝ «երկնային կեանք»ի մը մէջ գտնել զայն։ Բանականօրէն՝ եթէ չկա՛յ երջանկութիւն երկրի վրայ, ապա ուրեմն ան պէտք է ըլլայ ուրիշ տեղ մը՝ որ «երկի՛նք»ն է։ Եւ երկինքէն, վերէն յուսալ՝ մարդուս միշտ մխիթարանք եղած է այս աշխարհի վրայ ապրած ցաւերուն եւ նեղութիւններուն փոխարէն։ Անտեսանելի աշխարհի մը գոյութիւնը՝ մարդուս, այս աշխարհի ցաւերուն տոկալու, զանոնք տանելու զօրութիւն եւ հանդուրժողութիւն տը-ւած է։ Այս է ահաւասիկ «յոյս»ին կենսաբեր ուժը, այս պատճառով է, որ յոյսը անպակաս պէտք է ըլլայ մարդուս կեանքին մէջ։ Ան է, որ տոկալու եւ տանելու ուժ եւ կարողութիւն կու տայ զանազան ցաւերը, վիշտերը եւ նեղութիւնները այս աշխարհի վրայ։
Իսկ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան «յոյս» ունենալ կը յանձնարարէ երիտասարդներուն եւ կ՚ըսէ.
«ԱՌ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆ
«Աստուածավառ յուսովք պճնեալ
«Տուր զսիրտ քո, ա՜յ իմ որդեակ,
«Լուսոյն բարի, որ փայլ ի փայլ
«Յերկնից շողայ իբրեւ պսակ»։
Եւ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս Այվազովսկի ո՜րքան գեղեցիկ կերպով ցոյց կու տայ երջանիկ ըլլալու ճամբան, երբ կը յանձնարարէ՝ չգանգատիլ, ձեւով մը ընդունիլ, քաջութիւնը ունենալ տոկալու եւ յօժարութեամբ դիմաւորելու «կեանքի ամէն խոր ցաւեր»ը։
«Համն առել եմ աշխարհումը
«Կեանքի ամէն խոր ցաւերին,
«Գանգատ չարի իմ սրտումը,
«Ալ երջանիկ է իմ հոգին»։
Ուստի կ՚երեւի, թէ՝ հասարակաց համոզումը այն է, որ կան միշտ ցաւ ու վիշտ, նեղութիւններ այս աշխարհի վրայ՝ որոնցմէ գրեթէ բոլոր մարդիկ ստացած են իրենց բաժինը՝ շատ կամ քիչ չափով, բայց անպայման «համը առած են…» ցաւին, այս աշխարհի մէջ։ Կա՞յ աշխարհի վրայ մէկը, որ գոնէ անգամ մը համը առած չըլլայ «ցաւ»ին։
Սակայն կը տեսնուի նաեւ, թէ՝ ամէն մէկուն համոզումը եւ ըմբռնումը տարբեր է աշխարհային ցաւերու մասին՝ ոմանք կը գանգատին, ոմանք յոյսի մէջ կը փնտռեն փրկութիւնը, ոմանք ալ չգանգատելու մէջ կը տեսնեն մխիթարութիւնը, երջանկութիւնը։ Բայց, ինչպէս ըսինք, հասարակաց համոզումը այն է, որ ցաւեր ու վիշտեր անխուսափելի է այս ժամանակաւոր աշխարհի վրայ՝ այնքան ատեն որ կ՚ապրի կեանք մը հոս, երկրի վրայ։ Մարդ կը ծնի, կը տառապի, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու կը մատնուի, ո՛ր մէկուն կը տոկայ, ո՛ր մէկուն չի կրնար հանդուրժեր, ձեւով մը կը շարունակէ կեանքը… եւ բնական ընթացքով կը վերջանայ, որուն կ՚ըսեն «մա՛հ»։ Իրականին՝ մահը կեանքին վերջը չէ՛, այլ կեանքի տառապանքներուն, ցաւերուն, նեղութիւններուն վերջն է, եւ մահը կ՚ոչնչացնէ այդ բոլորը, իսկ կեանքը կը շարունակ-ւի տարբեր միջոցի մը տարբեր մակարդակին վրայ։
Ուրեմն կարելի՞ է ըսել, թէ մահը՝ առանց ցաւի, առանց նեղութիւններու, առանց տառապանքի կեանքի մը սկիզբն է՝ առանց մարմինի, միայն հոգիին կեա՛նքը։ Քանի որ հոգին այլեւս մարմնին զգացած եւ տպաւոր-ւած ցաւերէն զե՛րծ է, ազատ եւ անկախ ամէն աշխարհային-նիւթական ազդեցութիւններէ։ Մահը՝ առանց ցաւի կեա՛նքն է։
Արդէն երբ կը կարդանք բանաստեղծներու եւ իմաստասէրներու արտայայտութիւնները, կ՚անդրադառնանք այս ճշմարտութեան, թէ՝ այնքան ատեն որ այս աշխարհի վրայ, մարմնաւոր կեանք կ՚ապրի մարդ, անխուսափելի՛ է ցաւը եւ վիշտը, քանի որ մարդուն աշխարհի վրայ ապրելու ստիպուելու պատճառը ա՛յդ է՝ տառապիլ, ցաւ ու վիշտերու ենթարկուիլ եւ կարօտը ունենալ երկնային կեանքի մը երանութեան, այսինքն բոլոր այդ նեղութիւնները ապրիլ՝ երկնային կեանքի մը յոյսովը։
Աշխարհային-մարմնաւոր կեանքին անխուսափելի բաժինն է տառապանքը, նեղութիւններու ենթարկումը, իսկ ասոր փոխարէն յոյսին լոյսը անոր մխիթարանքն է, փրկութեան միջոցը եւ երջանկութեան ու երանութեան պատճա՛ռը։
Մարդ կը ծնի՝ տառապելու եւ տանջուելու համար եւ կը մեռնի՝ այդ տառապանքներէն ու տանջանքներէն փրկուելու համար։
Անոնք որ ժամանակաւոր, կարճ երջանկութիւններով կը գոհանան այս աշխարհի վրայ եւ իրապէ՛ս իրենք զիրենք երանելի՜ կը զգան, անոնց համար մահը ո՛չ թէ փրկութիւն, այլ՝ կեանքի վե՛րջն է։
Բայց «կեանք» ըսուածը՝ միջոցին մէջ, անժամանակ, անհունէն դէպի անհո՜ւն ընթացող ընթացք մը, վիճակ մըն է եւ երբ հոգին մարմին ստանայ «երկրային կեանք», իսկ եթէ հոգին մարմնէն անջատուի՝ «երկնային կեանք» կ՚անուանուի։
Բայց իր ընդհանուր առումով կեանքը միշտ գոյութիւն ունի, անժամանակ է եւ մշտնջենաւո՜ր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 3, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024