ՍՈՒ­ՐԻՈՅ ՀԱ­ԿԱ­ՄԱՐ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ԲԱ­ՆԱ­ԼԻ ԴԵ­ՐԸ

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ներ­կա­յիս կ՚անց­ը­նէ յոյժ տագ­նա­պա­լի հան-գը­րւան մը։ Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ խթա­նուած «Ա­րա­բա­կան գա­րու­նը» (2011-էն սկսեալ), հա­կակ­շռէ դուրս ել­լե­լով, Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէէն ան­ցաւ Մի­ջին Ա­րե­ւելք, ստեղ­ծե­լով իս­լա­մա­կան ինք­նա­կոչ այլ ծայ­րա­յեղ «Խա­լի­ֆա­յու­թիւն»ը։ Տագ­նա­պը բար­դա­ցաւ, երբ մէկ կող­մէ Թուր­քիա, ու միւս կող­մէ՝ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա, ու­զե­ցին ա­մէն գնով տա­պա­լել Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Մինչ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նպա­տակն էր դէմ կե­նալ Ի­րա­նի ազ­դե­ցու­թեան տա­րա­ծու­մին, Թուր­քիա մտա­հոգ էր հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան իր սահ­ման­նե­րուն վրայ քրդա­կան ու­ժե­րու զօ­րաց­մամբ։

Միա­ժա­մա­նակ, սա­կայն, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՊ) գո­յա­ռու­մը սպառ­նա­լից վտանգ մըն էր ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիի տկա­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ռու­սաս­տա­նի մէջ­քին Ուք­րա­յնոյ կո­րուս­տը ի­րեն հա­մար նկա­տե­լով շրջա­փա­կու­մի ա­նըն­դու­նե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը, հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը չու­շա­ցաւ։ Խրի­մի կցու­մէն (Մարտ 2014) ա­ռաջ ար­դէն, կը շա­րու­նա­կուէր զօ­րա­ցու­մը Թար­թու­սի ու Լա­թա­քիոյ նա­ւա­յին խա­րիսխ­նե­րուն, հոն տե­ղա­կա­յե­լով իր նա­ւա­տոր­մի­ղին միա­ւոր­նե­րը, եւ այ­նու­հե­տեւ ձեռ­նար­կե­լով այս վեր­ջի­նի օ­դա­կա­յա­նի ընդ­լայ­նու­մին եւ օգ­տա­գոր­ծու­մին։

2015 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րէն սկսեալ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւե­րը ու Կաս­պից ծո­վու հրե­տա­նին սկսան անխ­նայ ռմբա­կո­ծել ոչ միայն Ի­ՇԻՊ-ի ռազ­մա­գի­տա­կան դիր­քե­րը, այլ՝ քա­րիւ­ղա­հանք­ե­րը, ու նաեւ դէ­պի Թուր­քիա ուղ-ղըւող քա­րիւ­ղա­տար փո­խադ­րա­կառ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ի­ՇԻՊ-ի եւ ա­նոր դաշ­նա­կից զի­նեալ խըմ-բա­ւո­րում­նե­րը։ Իբ­րեւ հե­տե­ւանք, եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ալ թի­կուն­քով, շուրջ 900 քմ. Թուր­քիոյ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան սահ­ման­նե­րու եր­կայն­քին, զօ­րա­ցան քրդա­կան ժո­ղովր­դա­վար միա­ւոր­նե­րուն՝ ԵՓԿ-ի ջո­կատ­նե­րը, Հա­սա­քա­յէն, Թէլ-Ա­պիա­թէն, Քո­պա­նիէն մին­չեւ Աֆ­րին, այլ բնո­րո­շու­մով՝ Ռո­ժա­ւա։

Թուր­քիա, օգ­տա­գոր­ծե­լով իր ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, Նո­յեմ­բեր 4, 2015-ին, իր եր­կու հա­լա­ծիչ­նե­րու մի­ջո­ցով վար ա­ռաւ ռու­սա­կան «Սու-24» տի­պի օ­դա­նա­ւը։ Ռու­սաս­տա­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ։ Զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը առ­կախուե­ցաւ, տնտե­սա­կան եւ այ­լա­զան կա­պե­րը եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ նուա­զա­գոյ­նին ի­ջան։

Ներ­կա­յիս, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի բոր­բո­քած տագ­նա­պին, ո­րուն կեդ­րո­նա­կան ռազ­մա­դաշ­տը Սու­րիան է, յատ­կա­պէս ա­ռըն­չուած են հե­տե­ւեալ եր­կիր­նե­րը ու զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը։ Մէկ կող­մէ՝ Սու­րիա, Պարս­կաս­տան (եւ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը), Ռու­սա­կան Դաշ­նու­թիւ­նը։ Միւս կող­մէ՝ սու­րիա­կան բա­նա­կի ընդ­դի­մա­դիր զի­նուո­րա­կան­ներ (ո­րոնց­մէ ներ­կա­յիս խորհր­դան­շա­կան թիւ մը մնա­ցած է), հա­մա­կիր սիւն­նի զի­նեալ­ներ, Ժապ­հաթ էլ Նուս­րա («Էլ Քաի­տէ»ի հա­մա­կիր), Ահ­րար էլ Շամ, Ժէյշ էլ Իս­լամ, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա, Թուր­քիա, Ի­ՇԻՊ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա։

Սու­րիա­կան տագ­նա­պը ներ­կա­յիս թե­ւա­կո­խած է վտան­գա­ւոր հանգ­րուան մը։ Թուր­քիա եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա, ա­մէն մէ­կը իւ­րա­յա­տուկ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ տա­րուած, կը ձգտին ան­պայ­ման տա­պա­լել Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Թուր­քիա, ա­ռա­ջին հեր­թին, կ՚ու­զէ ճզմել, հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան իր սահ­ման­նե­րու եր­կայն­քին գոր­ծող, հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ քիւրտ զի­նեալ­նե­րը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ընկ­ճել Թուր­քիոյ, մա­նա­ւանդ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րու մէջ, ՓՔՔ­-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն զի­նեալ ապս­տամ­բու­թիւ­նը։

Ռու­սաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­յին նպա­տակն է իր հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րէն վտա­րել ծայ­րա­յեղ իս­լամ զի­նեալ­նե­րը, Փոքր Կով­կա­սի մէջ իր տի­րա­պե­տու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու հա­մար։ Սու­րիա­կան բա­րե­կամ իշ­խա­նու­թիւն մը, միա­ժա­մա­նակ, պի­տի նպաս­տէր ա­րեւմ­տեան Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ իր ազ­դե­ցու­թեան պահ­պան­ման։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը եւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պան ԵՓԿ-ին թի­կունք կանգ­նե­լով, կը փոր­ձեն, ի­րենց կար­գին, հա­կակ­շիռ ու­նե­նալ այս շրջա­նին մէջ։

Ա­րեւ­մուտ­քին եւ Ռու­սաս­տա­նի վե­րո­յի­շեալ հիմ­նա­կան ձգտում­նե­րուն հա­սա­րա­կաց խո­չըն­դո­տը Ի­ՇԻՊ-ն է։

Ռու­սա­կան Դա­շնու­թիւ­նն ու Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ներ­կա­յիս կը փոր­ձեն զի­նա­դուլ մը ի­րա­կա­նաց­նել Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թեանց եւ ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տին հետ, միաս­նա­բար կազ­մա­լու­ծե­լու հա­մար Ի­ՇԻՊ-ը։ Նման նպա­տա­կի մը ի­րա­կա­նաց­ման շատ ալ հա­մա­միտ չեն Թուր­քիան ու Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան, ա­ռա­ջի­նը՝ քրդա­կան սպառ­նա­լի­քի վտան­գը վե­րաց­նե­լու հա­մար, իսկ երկ­րոր­դը՝ Ի­րա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը ջլա­տե­լու հա­մար Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ։

Սու­րիոյ մէջ վտան­գա­ւոր բնոյթ ստա­ցած հա­կա­մար­տու­թեան վերջ տա­լու հա­մար, Կի­րա­կի, 21 Փետ­րուա­րին, Յոր­դա­նա­նի մէջ գու­մա­րուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը ա­ւար­տին, Ճոն Քե­րի յայ­տա­րա­րեց առ­ժա­մեայ, մաս­նա­կի զի­նա­դուլ մը, գոր­ծակ­ցա­բար հա­մա­ձայ­նուած Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Զի­նա­դու­լէն ա­ւե­լի, «թշնա­մու­թեանց կա­սե­ցու­մը» կը յայ­տա­րա­րուէր այս երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով։ Ա­ռա­ջին նման հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը լոյս տե­սած էր ար­դէն տասն օր ա­ռաջ, Միւ­նի­խի մէջ կա­յա­ցած նա­խորդ հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին։ Են­թադ­րա­բար, նա­խա­գահ­ներ Փու­թին եւ Օ­պա­մա պի­տի ամ­բող­ջաց­նէին զի­նա­դու­լի սկզբուն­քա­յին վե­րո­յի­շեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։

Բնա­կա­նա­բար, Ի­ՇԻՊ ոչ միայն ան­տե­սեց նման հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, այլ չու­շա­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց դի­մե­լու։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Դա­մաս­կո­սի ա­րուար­ձան­նե­րէն Սայ­յի­տա Զէյ­նէ­պի մէջ, պատ­ճառ դառ­նա­լով 60 հո­գի­ի մա­հուան, նաեւ վի­րա­ւո­րե­լով 180 ան­ձեր։ Նոյն­պէս, Հոմ­սի մէջ դար­ձեալ ա­կա­նուած ինք­նա­շար­ժի պայ­թու­մի հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցան 46 հո­գի, ու վի­րա­ւո­րուեցան 100 ու­րիշ­ներ։ Ըստ ՄԱԿ-ի աղ­բիւր­նե­րուն, Սու­րիոյ մէջ մին­չեւ հի­մա սպան­նուած է 250 հա­զար հո­գի, կան 1 մի­լիոն վի­րա­ւոր­ներ, եւ 2011 թուա­կա­նէն սկսեալ, երկ­րի բնակ­չու­թեան կէ­սէն ա­ւե­լին տե­ղա­փո­խուած կամ ար­տա­գաղ­թած է։

Սէուա­տա­կան Ա­րա­բիա եւ Թուր­քիա կա­տա­րած են յայ­տա­տա­րու­թիւն մը, որ կը նա­խա­տես-ւի եր­կու եր­կիր­նե­րու միա­ցեալ զօր­քե­րու ար­շա­ւանք Ի­ՇԻՊ-ի դէմ։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ռու­սաս­տան վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նին։

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՄԻ­ՆԱ­ՍԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016