Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
«Եւրօ-2016»ի Մրցումները Առանց Համակիրներու
ՈՒԷՖԱ-ն հաստատեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, նկատի ունենալով անվտանգութեան հետ կապուած դրդապատճառները, «Եւրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցումները կրնան տեղի ունենալ… առանց համակիրներու:
«Մենք աշխատանք կը տանինք, որպէսզի բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշութիւնները նկատի առնուին: Թէեւ ներկայիս վտանգի սպառնալիքներ չկան, բայց կը մտադրենք մրցումները կայացնել առանց համակիրներու եւ կամ մրցումներուն կայացման վայրը փոփոխութեան ենթարկել: Մեզի համար առաջնահերթ խնդիր է համակիրներուն անվտանգութեան ապահովութիւնը», նշուեցաւ ՈՒԷՖԱ-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016