«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ»

Վաղը, Ռու­սաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի բա­ցուի «Հա­յաս­տան. լի­նե­լու­թեան ա­ռաս­պել­ներ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ա­ւե­լի քան 160 ցու­ցան­մոյշ՝ Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նէն, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի թան-­գա­րան­նե­րէն եւ Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նէն։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­յե­ցա­կար­գին հա­մա­պա­տաս­խան հրա­տա­րա­կուած է նաեւ ձեռ­նար­կի պատ­կե­րա­գիր­քը, ո­րուն մէջ ներ­կա­յա­ց-ւած են հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը՝ վա­ղն­ջա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­-ցու­մը միաս­նա­բար պի­տի կա­տա­րեն Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Վլա­տի­միր Մե­տիս­քին։ Ներ­կայ կը գտնուին նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը՝ Սերժ Սարգ­սեան եւ Վլա­տի­միր Փու­թին։ Մին­չեւ Յու­նի­սի 13-ը բաց պի­տի մնայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րին։ Ծանօթ է, որ երկու երկիրները մշակութային գետնի վրայ տարիներէ ի վեր կը համագործակցին լուրջ թափով։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւորն է «Ռոս­կոսսթ­րախ» ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը, ո­րու սե­փա­կա­նա­տէրն է ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար Տա-­նիլ Խա­չա­տու­րով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016