ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, Թուր­քիա-Յու­նաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան օր մը ապ­րուե­ցաւ՝ մի­ջազ­գա­յին վառ հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։ Այդ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ծնունդ կ­­՚առ­նէ քա­նի մը հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճա­ռէ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ ան­շուշտ Սու­րիա­յէն դէ­պի Եւ­րո­պա գաղ­թա­կա­նաց հոսքն է, որ դար­ձած է հրա­տապ օ­րա­կար­գա­յին խնդիր։ Այդ հար­ցի յաղ­թա­հար­ման անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­մանն է Թուր­քիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի ազ­դու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան կամ­քը։ Քա­նի որ ա­նոնք սկզբնա­կան հանգ­րուան­նե­րը կը հան­դի­սա­նան Սու­րիա­յէն դէ­պի Եւ­րո­պա ճա­նա­պար­հին վրայ, Ան­գա­րա-Ա­թէնք ա­ռանց­քի շփում­նե­րը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կ­­՚ար­ժա­նա­նան մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ։ Բաց աս­տի, Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ան­նա­խըն­թաց լա­ւա­տե­սու­թիւն մը կը տի­րէ ներ­կա­յին, իսկ միւս կող­մէ ալ՝ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լո­րո­վին նոր հար­թու­թեան մը վրայ են այս հանգ­րուա­նին։ Այս բո­լոր հար­ցե­րը շատ կա­րե­ւոր են ինք­նին, նաեւ ու­նին ի­րա­րու հետ ա­ռըն­չա­կից բա­զում ե­րե­սակ­ներ։ Ու­րեմն թուրք-հել­լէն շփում­նե­րը թե­ւա­կո­խած են ար­տա­սո­վոր խտու­թեան մը շե­մը։

Ա­հա նման ի­րա­վի­ճա­կի մը պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ե­րէկ Իզ­մի­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Յու­նաս­տան Բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի չոր­րորդ նիս­տը։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այս առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լեց Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րա­սը։ Հիւր վար­չա­պե­տին այս այ­ցը ու­նէր նաեւ պատ­մա­կա­նօ­րէն խորհր­դան­շա­կան բնոյթ։ Ար­դա­րեւ, տաս­նա­մեակ­ներ վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Յու­նաս­տա­նէն վար­չա­պետ մը ե­կաւ Իզ­միր։ Ծա­նօթ է, որ այս քա­ղա­քը մաս­նա­ւոր նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Վար­չա­պե­տա­րա­նի Իզ­մի­րի գրա­սե­նեա­կին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը ծա­ղիկ­ներ նուի­րե­ցին ի­գա­կան սե­ռէ լրագ­րող­նե­րուն՝ Մար­տի 8-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ցիփ­րաս Իզ­մի­րի մէջ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Եր­կու եր­կիր­նե­րէ ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ մաս­նակ­ցե­ցան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց շրջագ­ծով խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նուե­ցաւ փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցը։ Ներ­կայ էին նաեւ կու­սա­կալ­նե­րը այն քա­ղաք­նե­րուն, ո­րոնք կը գտնուին գաղ­թա­կա­նաց անց­քի ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Այս հրա­տապ նիւ­թին ա­ռըն­թեր, վար­չա­պետ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ շուրջ եր­կու ժամ ծա­ւա­լուն քննար­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն այս ե­րե­սակն ալ յա­գե­ցած էր նկա­տե­լիօ­րէն. Իս­թան­պուլ-Թե­սա­ղո­նի­կէ ա­րագ ճե­պըն­թա­ցի հաս­տա­տում, Իզ­միր-Թե­սա­ղո­նի­կէ նա­ւե­րու ու­ղիղ գիծ, Իզ­միր-Ա­թէնք ու­ղիղ թռիչք­ներ, Կիպ­րո­սի հարց, Յու­նաս­տա­նի թրքա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան վի­ճա­կը, Ա­թէն­քի մէջ մզկի­թի մը կա­ռու­ցու­մը եւ այլն։ Թրքա­կան մա­մու­լը կը մատ­նան­շէ, որ Ա­թէնք Եւ­րո­պա­յի միակ մայ­րա­քա­ղաքն է, ուր գո­յու­թիւն չու­նի մզկիթ մը։

Իզ­մի­րի ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րուն մի­ջեւ եւս սկսան տե­սակ­ցու­թիւն­ներ։ Յու­նաս­տա­նէն ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն, իսկ Թուր­քիա­յէն ա­ւե­լի քան հա­րիւր­վաթ­սուն ձեռ­նար­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ան­ցան շփման մէջ։ Բազ­մա­տաս­նեակ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքուե­ցան՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, շի­նա­րա­րու­թեան, շի­նա­նիւ­թե­րու, մե­տա­ղամ­շակ­ման, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, ծրար­ման եւ ծո­վա­յին փո­խադ­րում­նե­րու ո­լորտ­նե­րէն ներս։

Ա­ԶԱՏ ՇՐՋԱ­ԳԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ թրքահ­պա­տակ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սէն սկսեալ ա­ռանց վի­զա­յի պի­տի կա­րե­նան մուտք գոր­ծել Շեն­կէ­նի գօ­տի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016