ՏԻՐԱՄԱՅՐԸ ԽՆԱՄԱՏԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ
Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին համար երէկ խնամատար (vasi) մը նշանակուեցաւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած վճիռով։ Մեր համայնքէն չորս անհատներու՝ Թադէոս Պէպէքի, Յարութ Էօզէրի, Նազար Պինաթլըի եւ Տքթ. Արթին Մեծատուրի կողմէ բացուած դատի արդիւնքին՝ պատրիարքին համար խնամատար նշանակուեցաւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։
Իսթանպուլի Դ. իրաւունքի ատեանին կողմէ, դատավարութեան երկրորդ նիստէն վերջ, դատաւոր Մուսթաֆա Եալչընի կողմէ տրուեցաւ այս որոշումը։ Վճիռի արձակման ծիրին մէջ մատնանշուեցաւ առաջին դատական նիստէն յետոյ դատաբժշկական մասնագէտին կողմէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս Նորին Ամենապատուութեան տրուած այցելութեան։ Նոյն շրջագծով ընդգծուեցաւ, թէ ան կը ծառայէ անկողնոյ ու կը տառապի «տեմանս»է։ Դատաւորը դիտել տուաւ, որ դատաբժշկական մասնագէտին կողմէ պատրաստուած տեղեկագրին մէջ ալ յարմար դատուած է պատրիարքին համար խնամատարի մը նշանակումը։
Այս պայմաններուն ներքեւ յանգուեցաւ եզրակացութեան եւ Մարի Մութաֆեան խնամատար նշանակուեցաւ իր պատրիարք որդւոյն համար։ Ան պատասխանատու պիտի ըլլայ Նորին Ամենապատուութեան անձնական-նիւթական գործարքներէն։ Կը նախատեսուի, որ այս դատավճռին հիմնաւորումը հրապարակուի միջոց մը վերջ, քանի մը օրէն։ Դատաւորը յայտնած է նաեւ, թէ որոշումը կարելի է Վճռաբեկ ատեանին մօտ ութ օրուան ընթացքին վիճարկել։
Հարկ է նշել, որ այս դատավարութեան ընթացքին Պատրիարքարանը ներկայացուած է իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի եւ իր օգնականին՝ Սիմոն Իշի առաջնորդած փաստաբանական գրասենեակին կողմէ։ Տակաւին յայտնի չէ, որ բեկանման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլա՞յ, թէ ոչ։ Սիմոն Իշ երէկուան վճռի արձակուելէն վերջ մեզի յայտնեց, թէ այս կարգադրութիւնը կը վերաբերի պատրիարքի զուտ անհատական գործարքներուն ու որեւէ կապ չունի անոր պատրիարքական լիազօրութիւններուն կամ անոնց փոխարինման դրութեան հետ։ Մեր հարցման պատասխանելով՝ ան ըսաւ, թէ յաչս պետութեան չի կարծեր, որ կարգավիճակի փոփոխման կամ իրադրութեան նոր ընկալման մը պատճառ դառնայ այս որոշումը։ Ան խորհուրդ տուաւ սպասել նաեւ վճռի հիմնաւորման հրապարակման։
Նոյն կապակցութեամբ երէկ կարծիքը շօշափեցինք նաեւ Թադէոս Պէպէքի, որ այս դատին համար անհատական դիմում կատարած չորս անձերէն մին է։ Ան կարեւորեց ապահովուած արդիւնքը եւ աւելցուց, որ երախտապարտ են տիրամօր վճռակամ կեցուածքին համար։
Ծանօթ է, որ Մարի Մութաֆեան նախօրօք հրապարակաւ բողոք յայտնած էր, որ այս դատը բացուած է առանց իր հաւանութեան, իսկ աւելի վերջ ընդունած է դառնալ խնամատար։ Պատրիարքարանի մօտեցումը աւելի շահապաշտ է եւ պաղարիւն։ Արդարեւ, Գումգաբուի մէջ հաշուի կ՚առնեն, թէ վերջին հաշուով լաւ է, որ տիրամայրը դարձած է խնամատար։ Այլապէս, ուրիշ անուն մըն ալ կրնար այդ գործը ստանձնել, ինչ որ կրնար ունենալ անպատեհութիւններ։ Հանրային կարծիքին մօտ վաղուց շրջանառութեան մէջ են պնդումներ կամ մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց խնամատարի մը նշանակումը պաշտօնական գետնի վրայ կրնայ պարարտ հող պատրաստել հաւանական ընտրութեան մը համար։ Պատրիարքական Աթոռը անհաւանական կը նկատէ այս վարկածը՝ այն պատճառաբանութիւնով, որ այդպիսի նախաձեռնութեան մը իրաւասութիւնը բացառապէս կը վիճակի Կրօնական ժողովին։
Յարակից սիւնակին մէջ կ՚երեւի երէկուան դատավճռի բնագիրը։,