ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՂՈՒՆ ԴԷՊՔԵՐ
Հետաքրքրական եւ նո՛յնքան շահեկան է թղթատել պատմութեան հին էջերը՝ որոնք ուղղակի եւ երբեմն անուղղակի կերպով խարիսխը կը կազմեն ապագայի բազմաթիւ դէպքերու եւ ընկերային երեւոյթներու։ Մանաւանդ մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ՝ որ կերպով մը նախապատճառները կազմած են յառաջիկայ դէպքերուն, եղելութիւններուն, իրադարձութիւններուն։
Ասողիկ, Մագիստրոս, եւ այլ պատմիչներ կը վկայեն, թէ՝ 9-րդ դարուն, Յովհաննէս Դ. Ովայեցի Կաթողիկոսի օրով (833-855) հրապարակ ելած է աղանդ մը՝ թիւր վարդապետութիւն մը՝ որ պատմութեան մէջ յայտնի է «Թոնդրակեան» անունով։ Այս աղանդի հիմնադիրն էր Սմբատ անունով մէկը՝ որ Ծաղկոտն գաւառի Զարեհաւան գիւղէն էր։ Այս հայ աղանդաւորը իր հայրենի գիւղէն գնաց Ապահունեաց Թոնդրակ գիւղը եւ այստեղ բազմաթիւ հետեւողներ գտաւ՝ որոնք տեղի անունով «Թոնդրակեցիներ» կոչուեցան։
Սմբատը՝ որ հաւանօրէն սպաննուեցաւ, կը մերժէր եկեղեցիի նուիրապետութիւնը, ինչպէս՝ եկեղեցիի բոլոր խորհուրդները, հանդերձեալ կեանքը, հոգիին անմահութիւնը՝ կ՚ուսուցանէր, թէ ո՛չ մեղք կայ, եւ ոչ ալ մեղքի համար պատիժ, եւայլն։ Ըստ էութեան Սմբատի վարդապետութիւնը կը մօտենայ «Պաւղիկեաններ»ու ուսուցման, եւ այս իսկ պատճառով «Թոնդրակեան» ուսուցումը կը համարուի «Պաւղիկեան»ի վերայայտնումը։
Թոնդրակեաններու այս աղանդը մուտք գործեց նաեւ Մանանաղի գաւառի Թուլայլ գիւղը եւ Խնուսի մէջ, եւ այս իսկ պատճառով աղանդաւորները «Թուլայլեցիներ» եւս կը կոչուին, թէեւ անոնք մասամբ, քիչ-շատ կը տարբերէին Թոնդրակեցիներէն։
Յովհաննէս Ովայեցի Կաթողիկոսի ժամանակներէն Հայ Եկեղեցին այս աղանդին դէմ միշտ մաքառած է, բայց եւ այնպէս ան հետզհետէ տարածուած եւ ճարակուած է, քանի որ մարդկային բոլոր թոյլ կողմերէն ազատութիւն տուած էր։ Այս թիւր վարդապետութիւնը աւելի շատ զօրացաւ 10-րդ դարուն, եւ նոյնիսկ եկեղեցականներ անոր յարեցան, այսպէս՝ Կճաւի վանքի վանականները, եւ Հարք գաւառի սրբութեամբ հռչակուած Յակոբ Եպիսկոպոսը՝ որուն այս ընթացքը մեծ յուզում պատճառեց։ Սրբակրօն Յակոբը բազմաթիւ հետեւողներ ունեցաւ թէ՛ հասարակ եւ թէ իշխանական դասէն, որոնք բոլոր հոգիով անոր նուիրուեցան ու հնազանդեցան։
Սարգիս Կաթողիկոս (Սարգիս Ա. Սեւանցի. 992-1019) այս գայթակղութեան վերջ տալու եւ վերցնելու համար 1002 թուականին «Հարքի Ժողով»ը գումարեց, որ Յակոբը իր կարգէն զրկեց եւ ճակատին ալ աղուեսադրոշմ զարնելով շրջել տուաւ ի տես ժողովուրդին՝ քարոզելով թէ. «Ո՛վ որ Գրիգոր Լուսաւորչի հաւատքէն հեռանայ ու Թոնդրակեաններու փարախը մտնէ, այս պատիժին կ՚արժանանայ»։
Յակոբը բանտարկուեցաւ, բայց ան առիթը գտաւ բանտէն Բիւզանդիոն փախչելու, ապա Թոնդրակ գիւղը դարձաւ եւ վերջը Մուֆարզին քաղաքը վախճանեցաւ։ Մինչեւ մահ՝ աղանդաւոր մնաց։
Չնայելով Հարքի Ժողովի դատապարտութեան՝ Թոնդրակեան աղանդը այնուհետեւ եւս շարունակեց հետեւորդներ վաստկիլ, այն ալ, դժբախտաբար՝ հոգեւոր դասակարգէն։ Կունծիկ անունով աբեղայ մը՝ Շիրի բերդաքաղաքներէն, Թոնդրակեաններու աղանդի քարոզչութեան լծուեցաւ 11-րդ դարուն, եւ ո՛չ միայն ինքն աղանդաւոր դարձաւ, այլ եւ ազնուազարմ Հրանոյ տիկինն ալ աղանդաւոր դարձուց, որուն միջոցով ուրիշ երկու տիկիններ եւս այս աղանդին յարեցան, այսպէս նաեւ՝ Վրվէռ իշխանը՝ որ նշանաւոր էր ո՛չ միայն իր հարստութեամբ՝ գերդաստանով, այլ եւ կրօնասիրութեամբ։
Այս նոր խմբակը բազմաթիւ հետեւորդներ ունեցաւ՝ Սմբատի գաղափարներուն ջե՛րմ պաշտպան՝ որոնք սկսան հայ եկեղեցիներ այրել, խաչեր խորտակել, սրբութիւններ ոտնակոխ ընել եւ ուրիշ գայթակղութիւններու եւ ոտնձգութիւններու պատճառ դառնալ։
Տեսնելով այս աղանդաւորներուն ընթացքը՝ եկեղեցականներ եւ հաւատաւոր ու հաւատարիմ հաւատացեալներ սաստիկ զայրացան եւ օր մը Սամուէլ Եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, անոնք յարձակեցան Վրվէռի կալուածներուն վրայ եւ ամէն ինչ այրեցին ու կողոպտեցին, իսկ աղանդի գլխաւորներէն ոմանքն ալ բռնելով՝ աղուեսադրոշմ (=յանցաւորին վրայ տաք երկաթով դրոշմուած կնիք) խարանով (=շիկացուած երկաթի դրոշմ՝ մորթին վրայ) պատժեցին։
Վրվէռ՝ բարեպաշտ ու աղքատասէր իշխան մըն էր նախապէս, իր բազմաթիւ ու մեծածաւալ կալուածներուն մէջ շինած էր ճգնաւորներու համար մենաստան մը՝ ուր ինքն ալ շատ անգամ կը ճգնէր։ Բայց յետոյ, այս հաւատաւոր իշխանը Թոնդրակեան դառնալով՝ հիմնեց Թոնդրակեաններու վանքը՝ որ ի վերջոյ, 1011 թուականին կործանեց Սամուէլ Եպիսկոպոս Եկեղեաց։
Այսպիսի խստութիւններով եւ արդար զայրոյթի պատճառած միջամտութիւններով Թոնդրակեան աղանդը կարծես թուլացաւ, բայց եւ այնպէս շարունակեց իր գոյութիւնը։
Թոնդրակեան աղանդին դէմ աւելի խստութեամբ վարուեցաւ Գրիգոր Մագիստրոս իշխանը՝ որ Արարատեան գաւառի հայրենի կալուածները փոխանակած էր Միջագետքի իշխանութեան հետ։
Մինչ 1050 թուականին երկու Թոնդրակեցի աղանդաւորներ հրաժարելով եւ հեռանալով իրենց թիւր ու մոլար գաղափարներէն՝ կրկին դարձած են Հայոց Եկեղեցիի ծոցը։ Անոնք խնդրած են նաեւ Մագիստրոսէն, որ հոգ տանի այդ աղանդը ի սպառ ջնջելու։ Մագիստրոս սիրով յանձն կ՚առնէ այս առաքելութիւնը, եւ այդ օրուընէ կը սկսի հալածել անոնք՝ որոնց մասին կասկած կ՚ունենայ. ան կ՚երթայ Թոնդրակ գիւղ, կը քանդէ աղանդաւորներու ժողովարանը, եւ անոր տեղ կը շինէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Այսպէս կը հալածէ նաեւ այս աղանդին առաջնորդը՝ Ղազարը եւ շատեր կը պատժէ եւ հազարէն աւելի աղանդաւոր կը յօժարին Հայոց Եկեղեցիի դաւանութիւնը ընդունելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024