ԻՐՄՈ՛Վ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Ե­րե­ւա­նի թան­գա­րան­նե­րու մէջ իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի մեծ ե­րաժշ­տա­հան, ման­կա­վարժ, աշ­խար­հահռ­չակ ա­րուես­տա­գէտ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը: Ե­րե­ւա­նի սիր­տին մէջ՝ Մար­շալ Բաղ­րա­մեան եւ Զա­րու­բեան փո­ղոց­նե­րու հատ­ման կէ­տին վրայ, Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի քով գտնուող այդ կեդ­րո­նը միայն թան­գա­րան չէ. ան դար­ձած է մշա­կու­թա­յին օ­ճախ մը, ուր գրե­թէ ա­մէն շա­բաթ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, հա­մերգ­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Կը կազ­մա­կեր­պուին գի­տա­ժո­ղով­ներ, ա­րուես­տի ու ե­րաժշ­տու­թեան ա­ռըն­չուող հան­դի­պում­ներ:

Տուն-թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին՝ ե­րա­ժիշտ, դաշ­նա­կա­հար Ար­մի­նէ Գրի­գո­րեան բո­լոր հիւ­րե­րը կը դի­մա­ւո­րէ ժպի­տով եւ ու­րա­խու­թեամբ, հպարտ է բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով մշա­կու­թա­յին այդ շէն օ­ճա­խը, ո­ր հիմ­նադր­ման օ­րուը­նէ (1978 թ.) առ այ­սօր եր­բեք չէ գո­ցած իր դռնե­րը: Երբ այ­ցե­լուն ներս մտնէ, թան­գա­րա­նի նա­խաս­րա­հին մէջ կը թե­ւա­ծէ մեծ ե­րաժշ­տա­հա­նի, հա­մաշ­խար­հա­յին մե­ծու­թեամբ ա­րուես­տա­գէ­տի՝ Ա­րամ Խա­չա­տրեա­նի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը:

Ե­րաժշ­տու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ ալ կը շրջինք թան­գա­րա­նի միւս սրահ­նե­րը, կը ծա­նօ­թա­նանք բա­ցա­ռիկ ու հա­զուա­գիւտ ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն, ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուին Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նին եւ առ­հա­սա­րակ, դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեա­ն: Ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն մէջ ակ­նա­ռու է Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի անձ­նա­կան դաշ­նա­մու­րը, ո­րուն վրայ ան ստեղ­ծած է իր նշա­նա­ւոր գոր­ծե­րը եւ ո­րոնք այ­սօր ոչ միայն հայ­կա­կան, այլ նաեւ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին դա­սա­կան ա­րուես­տի մաս կը կազ­մեն: Այդ դաշ­նա­մու­րը թան­գա­րան տե­ղա­փո­խուած է Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի Մոս­կուա գտնուող բնա­կա­րա­նէն: Այ­ցե­լու­նե­րը պահ մը կանգ կ՚առ­նեն մէկ այլ դաշ­նա­մու­րի քով, ո­ր ըն­կու­զե­նիի փայ­տէ պատ­րաս­տուած իւ­րա­յա­տուկ գոր­ծիք մըն է, իսկ կա­փա­րի­չի վրայ կա­րե­լի է տես­նել տպա­ւո­րա­պաշտ հան­րա­ճա­նաչ նկա­րիչ Պո­նի­սի մէկ գոր­ծը: Այդ գոր­ծի­քը թան­գա­րա­նին նուի­րած է Պուէ­նոս Այ­րէ­սէն հայ մը, ո­րու տա­ն մէջ գտնուած ժա­մա­նակ ալ գոր­ծի­քի վրայ նուա­գած է Ա­րամ Խա­չատ­րեան:

Թան­գա­րա­նին մէջ ցու­ցադ­րուած է անձ­նա­կան ի­րե­րու, լու­սան­կար­նե­րու, ձե­ռագ­րե­րու, նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րու, նա­մակ­նե­րու, մեծ ե­րաժշ­տա­հա­նին ա­ռըն­չուող ի­րե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոյ մը, ո­ր ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ փո­փո­խու­թեան կ՚են­թար­կուի, ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը կը յա­ջոր­դեն մէ­կը միւ­սին:

Հա­յաս­տա­նի ե­րաժշ­տա­կան թան­գա­րան­նե­րու կար­գին ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր այս թան­գա­րա­նը յար­գան­քի եւ յի­շա­տա­կի տուրք կը մա­տու­ցէ նաեւ հայ ե­րաժշ­տու­թեան այլ մե­ծե­րու: Թան­գա­րան մեր այ­ցե­լու­թեան օ­րը կը պատ­րաս­տուէր ցու­ցա­հան­դէս մը՝ նուի­րուած մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­ցած ա­ռա­ջին հայ ջու­թա­կա­հա­­րու­հիի՝ Ա­նա­հիտ Ցի­ցի­կեա­նի ծննդեան 90-ա­մեա­կին:

Ա­ւե­լի ուշ, իր աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ ըն­դու­նե­լով ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը, տնօ­րէ­նու­հին՝ մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րու դափ­նե­կիր, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի դա­սա­խօս Ար­մի­նէ Գրի­գո­րեան հան­գա­մա­նա­լից ներ­կա­յա­ցուց թան­գա­րա­նի այ­սօ­րուան կեան­քը, ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ այն աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց լծուած է մեծ ե­րա­ժիշ­տի ժա­ռան­գու­թեան անմ­նա­ցորդ նուի­րուած իր աշ­խա­տա­կազ­մը: Ինք՝ Ար­մի­նէ Գրի­գո­րեան, բա­ցի տնօ­րէն ըլ­լա­լէ, նաեւ «Խա­չատ­րեան ե­ռեա­կ­»ի դաշ­նա­կա­հա­րու­հին է, յա­ճախ կը ճամ­բոր­դէ զա­նա­զան եր­կիր­ներ, ուր ե­ռեակ-նուա­գա­խում­բը կը ներ­կա­յաց­նէ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի եւ հայ մե­ծե­րու գոր­ծե­րը: Մեր զրոյ­ցի օրն ալ ան պի­տի մեկ­նէր Մոս­կուա, ուր Խա­չատ­րեան ե­ռեա­կը պի­տի մաս­նակ­ցէր Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի 95-ա­մեա­կի հա­մեր­գին: Ամ­բող­ջո­վին ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հին նուի­րուած ա­րուես­տա­գի­տու­հիի ըն­տա­նի­քին մէջ ե­րա­ժիշտ­ներ են նաեւ ա­նոր զա­ւակ­նե­րը՝ Սօ­նա Բար­սե­ղեա­ն եւ Պօ­ղոս Բար­սե­ղեա­ն:

-Տի­կին Գրի­գո­րեան, ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք այ­սօր Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րա­նա­յին կեան­քը:

-Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կտրուկ փո­փո­խու­թիւն ե­ղած է թան­գա­րա­նա­յին գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տին մէջ: Թան­գա­րան­նե­րը ար­դէն այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի մէջ, այլ առ­հա­սա­րակ, չեն ներ­կա­յա­նար լոկ որ­պէս թան­գա­րան­ներ, այլ ա­ւե­լի շատ կը ջա­նան դառ­նալ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, ուր հա­մա­տեղ գոր­ծու­նէու­թիւն կը տա­րուի թէ՛ ար­խիւ­նե­րու մէջ եւ թէ զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին ծրագ­րեր կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին, ե­թէ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կայ հա­մեր­գաս­րա­հի (ինչ­պէս օ­րի­նակ, մեր թան­գա­րա­նին մէջ), նաեւ հա­մեր­գա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լուի ժա­մա­նա­կա­կից թան­գա­րան­նե­րէն ներս: Թան­գա­րան­նե­րը այ­սօր նաեւ կրթա­կան ծրագ­րեր կ՚ի­րա­կա­նա­ցնեն: Մենք նոյն­պէս կրթա­կան աշ­խոյժ ծրագ­րեր ու­նինք: Որ­դեգ­րած ենք շուրջ տա­սը կրթա­կան ծրագ­րեր, ո­րոնց­մէ մէ­կը եր­կու տա­րի ա­ռաջ Թան­գա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խոր­հուր­դին (ICOM) կող­մէ ար­ժա­նա­ցաւ մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր մրցան­քի մը՝ ընդգր­կուե­ցաւ աշ­խար­հի տա­սը լա­ւա­գոյն կրթա­կան ծրագ­րե­րու մէջ: Այդ մէ­կը «Թան­գա­րա­նը դպրո­ցին հիւ­ր» ծրա­գիրն է:

-Այ­սինքն, դա­տե­լով ծրագ­րի ա­նուա­նու­մէն, թան­գա­րա­նը ի՞ն­քը կ՚այ­ցե­լէ դպրոց­ներ:

-Ա­ռա­ջին կար­գին, ա­յո, մենք կ՚եր­թանք դէ­պի դպրոց: Դպրո­ցի մը հետ նախ­նա­կան պայ­մա­նա­ւո­րու­ծու­թեան ար­դիւն­քին մէկ դա­սա­ժամ կը տրա­մադ­րուի մեր թան­գա­րա­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն, ո­րոնք կ՚այ­ցե­լեն դպրոց, տե­սա­նիւ­թե­րու, սա­հիկ­նե­րու եւ այլ մի­ջոց­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նեն, թէ ո՞վ է Խա­չատ­րեա­ն, ի՞նչ կը ներ­կա­յաց­նէ ա­նոր տուն-թան­գա­րա­նը, այ­նու­հե­տեւ երկ­րորդ քայ­լը ար­դէն ե­րա­խա­նե­րը կ՚ը­նեն՝ ի­րենք կու գան թան­գա­րան, ար­դէն տե­ղե­կա­ցուած, պատ­րաս­տուած եւ շատ ա­ւե­լի հե­տաքրք­րուած: Ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին ե­րա­խա­նե­րու մօտ կը յա­ռա­ջա­նան հար­ցեր, ո­րոնք ար­դէն տեղ­ւոյն վրայ կը բա­ցա­յայ­տուին:

-Հե­տաքրք­րա­կան է թան­գա­րա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ կրթա­կան գոր­ծին, ու­րիշ ի՞նչ կրթա­կան ծրագ­րեր ու­նիք:

-Կրթա­կան ծրագ­րե­րը զա­նա­զան են եւ ուղ­ղուած են ոչ միայն ե­րա­խա­նե­րուն, այլ նաեւ՝ մե­ծա­հա­սակ­նե­րուն: Ե­րա­խա­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած կրթա­կան ծրագ­րե­րէն են «Ինչ­պէս կը ծնին ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րը»: Մեր տուն-թան­գա­րա­նին մէջ կը գտնուի եւ հոս կը պահ­պա­նուի հա­զուա­գիւտ ա­ղեղ­նա­ւոր գոր­ծիք­նե­րու պե­տա­կան հա­ւա­քա­ծոն: Մենք այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լով, մեր հա­ւա­քա­ծո­յի վար­պետ­նե­րը կար­ճա­ժամ­կէտ վար­պե­տու­թեան դաս կու տան ե­րա­խա­նե­րու հա­մար, կը պատ­մեն, կը ցու­ցադ­րեն, նոյ­նիսկ ե­րա­խա­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը տրուի պզտիկ մաս մը պատ­րաս­տել գոր­ծիք­նե­րու հա­մար, ի­րենք կը հասկ­նան, թէ ի՛նչ նիւ­թե­րէ կազ­մուած են գոր­ծիք­նե­րը, կը կա­րո­ղա­նան հասկ­նալ, թէ որ­քա՛ն դժուար է այդ ա­մէ­նը ը­նել, պատ­րաս­տել, ստեղ­ծել: Կայ նաեւ այլ կրթա­կան ծրա­գիր մը, ո­ր կը կո­չուի՝ «Ես խմբա­վար ե­մ»: Այդ մէկն ալ խմբա­վա­րա­կան հմտու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կաւ ստեղ­ծուած է: Կայ կրթա­կան այլ ծրա­գիր մը՝ ո­ր կը կո­չուի «Ե­րաժշ­տա­կան ժան­րե­ր»: Այս ա­մէն ին­չը խա­ղար­կա­յին, մատ­չե­լի ձե­ւե­րով կը մա­տու­ցուի ե­րա­խա­նե­րուն: Ա­ւե­լի պզտիկ­նե­րուն հա­մար մենք ու­նինք նա­խա­գիծ մը, ո­ր կը կո­չուի «Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ ման­կա­կան պատ­կե­րա­յին ժա­պա­ւէն­նե­րու մէջ»: Մէկ խօս­քով, բո­լոր ծրագ­րե­րը ուղ­ղուած են մա­նուկ­նե­րու եւ մե­ծե­րու մէջ ե­րաժշ­տա­կան մատ­չե­լի գի­տե­լիք­ներ տա­րա­ծե­լու, ա­նոնց մէջ դա­սա­կան ա­րուես­տի հան­դէպ սէր արթնց­նե­լու:

-Հա­յաս­տան­ցի ա­րուես­տա­սէր­նե­րը յա­ճախ կ՚այ­ցե­լեն Ա­րամ Խա­չատր­եա­նի տուն-թան­գա­րան: Իսկ դուր­սը ապ­րող հայ եւ օ­տար ա­րուս­տա­սէր­նե­րը հե­տաքրք­րուա՞ծ են, կ՚այ­ցե­լե՞ն թան­գա­րան:

-Մեր այ­ցե­լու­նե­րուն մէջ մեծ տեղ կը գրա­ւեն թէ՛ օ­տար­նե­րը եւ թէ սփիւռ­քա­հա­յե­րը: Մեր ցու­ցաս­րահ­նե­րէն ա­մէն մէ­կը մէկ նիւ­թի նուի­րուած է եւ մէկն ալ նուի­րուած է Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան կա­պին: Այդ ցու­ցաս­րա­հին մէջ տե­ղադ­րուած է նաեւ իւ­րա­յա­տուկ գոր­ծիք մը՝ դաշ­նա­մուր, զո­ր մենք նուէր ստա­ցած ենք Սան Փաու­լէն՝ ա­նոր ա­րուես­տի երկր­պա­գու Տի­րան Մոս­տի­ճեա­նէն, ո­րու տա­ն եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լուե­լով ալ վար­պե­տը նուա­գած է դաշ­նա­մու­րի վրայ: Դաշ­նա­մու­րի վրայ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի ստո­րագ­րու­թիւ­նը կայ, շատ հե­տաքր­քրա­կան ցու­ցան­մոյշ մըն է, որ միշտ ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ: Այդ ցու­ցաս­րա­հին մէջ ցու­ցադ­րուած են շատ այլ ի­րեր, ո­րոնց կար­գին նա­մակ­ներ, ո­րոնք կը վկա­յեն սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հետ ա­նոր կա­պին, հան­դի­պում­նե­րուն մա­սին: Ես ալ ան­ձամբ, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ յա­ճախ շփուած եմ հայ­կա­կան հա­մայ­քի ան­դամ­նե­րուն հետ, ո­րոնց մօտ միշտ ա­ռա­ջին հեր­թին կը յա­ռա­ջա­նայ այն հար­ցը, թէ ի՞նչ կա­պեր ե­ղած են, յա­ճախ ի­րենք յի­շո­ղու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն եւ յա­ճախ իմ հետ պատ­մու­թիւն­ներ կը բե­րեմ թան­գա­րան, այն հան­դի­պում­նե­րու, մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու, ե­րե­կո­նե­րու մա­սին, ո­րոնց մաս­նակ­ցած է Մաէսթ­րոն՝ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ:

Տասն­չորս հա­զա­րէ ա­ւե­լի նիւ­թեր կը պահ­պա­նուին թան­գա­րա­նի մէջ, բայց դուր­սէն նիւ­թե­րու հոս­քը չի դադ­րիր եր­բեք, քա­նի որ Խա­չատ­րեա­ն ա­մէ­նուր, ուր որ ե­ղած է, իր հետ­քը ձգած է:

-Տի­կին Գրի­գո­րեան, Դուք նաեւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի էք, որ յա­ճախ հա­մերգ­ներ կը սար­քէք: Հա­մեր­գա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կ՚օգ­նէ՞ կամ կը խան­գա­րէ թան­գա­րա­նի ղե­կա­վա­րի աշ­խա­տան­քը:

-Հարց մըն է, որ յա­ճախ կ՚ուղ­ղեն: Ան­շուշտ չի խան­գա­րեր, միայն ան­ձամբ զիս քիչ մը կը խան­գա­րէ թե­րեւս ժա­մա­նա­կի պա­կա­սը, ո­րով­հե­տեւ ծրագ­րե­րը բազ­մա­զան են եւ ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջեն: Այս ա­մէ­նը միա­ձու­լուած են, եւ ե­թէ ես կը ծա­ռա­յեմ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի տու­ն-­թան­գա­րա­նին մէջ, ա­պա իմ գոր­ծու­նէու­թիւնս, իբ­րեւ դաշ­նա­կա­հար, շատ յա­ճախ կա­պուած է նոյ­նինքն Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի ժա­ռան­գու­թեան հետ: Եւ այն օ­րուը­նէ ի վեր, երբ ես ե­կայ տուն-թան­գա­րան, շատ ա­ւե­լի նուի­րուե­ցայ իր ժա­ռան­գու­թեա­ն, իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն եւ կը կար­ծեմ, որ իբ­րեւ դաշ­նա­կա­հար իմ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ այն է, որ ես զա­նա­զան բե­մե­րու վրայ հնչեց­նեմ մեծ ե­րա­ժիշ­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

-«Խա­չատ­րեան ե­ռեա­կ­»ը հիմ­նա­կա­նը Խա­չատ­րեա՞ն կը կա­տա­րէ, թէ կան նաեւ այլ հե­ղի­նակ­ներ:

-Մեր նուա­գա­ցան­կը շատ լայն է, բայց մա­նա­ւանդ Խա­չատ­րեա­նի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը քա­րո­զե­լը մեր կա­րե­ւո­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րէն է եւ այդ նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­լով, ան­ցեալ տա­րի մենք ձայ­նագ­րե­ցինք եր­կու ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ, ո­րոնք Խա­չատ­րեա­նի սե­նե­կա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն են, այ­սինքն այս մէ­կը Խա­չատ­րեա­նի ժա­ռան­գու­թեան այն մասն է, որ շատ քիչ ու­սում­նա­սի­րուած է, քիչ կը կա­տա­րուի, քիչ կը հնչէ: Մինչ այդ, ես ձայ­նագ­րած եմ միայն ա­նոր դաշ­նա­մու­րա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն կազ­մուած ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ մը, ո­ր կը կո­չուի «Ան­յայտ Խա­չատ­րեա­նը»: Խա­չատ­րեա­ն մէկ կող­մէ շատ ճանչ­ցուած եւ շատ նշա­նա­ւոր է աշ­խար­հի մէջ, բայց միւս կող­մէ ալ կան շատ չբա­ցա­յայ­տուած է­ջեր: Իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի ծա­ւա­լուն եւ մեծ է, քան այ­սօր կը ներ­կա­յա­ցուի: Շատ աշ­խա­տանք ու­նինքն այդ ա­ռու­մով կա­տա­րե­լիք:

-Ինչ­պէ՞ս կ՚ըն­դու­նուին ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ օ­տար հան­դի­սա­կա­նի կող­մէ:

-Խա­չատ­րեա­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը, իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը այն­քան ան­կեղծ եւ մեծ սիր­տով գրուած են, որ մէկ ան­գա­մէն կը հաս­նին եւ կը դպ­­չին ո­րե­ւէ ազ­գու­թեամբ ե­րաժշ­տա­սէ­րի հո­գիի ա­մե­նէն նուրբ լա­րե­րուն: Շատ ան­գամ կա­տա­րում­նե­րէն ետք մե­զի մը մօ­տե­նան ու կ՚ը­սեն, որ զար­մա­նա­լի է, թէ հա­յու ծի­նը կրող այս­պի­սի մե­ծու­թիւն մը կրցած է ստեղ­ծել այն­պի­սի ե­րաժշ­տու­թիւն մը, ո­ր մատ­չե­լի եւ հա­սա­նե­լի է ո­րե­ւէ ազ­գու­թիւ­ն ներ­կա­յաց­նող մար­դուն:

-Բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ ե­ղած էք, եր­բեք չէ՞ք գայ­թակ­ղած՝ մնալ, ա­ւե­լի մեծ լսա­րան­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար, իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ:

-Ո՛չ, գայ­թակ­ղու­թիւն չեմ ու­նե­ցած, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ ին­ծի միշտ սպա­սած է իմ աշ­խա­տանքս, իմ ըն­տա­նիքս, ո­րոնք ա­ռաջ­նա­յին են ին­ծի հա­մար: Ե­թէ հնա­րա­ւոր է այս­տեղ ապ­րիլ, ստեղ­ծա­գոր­ծել, այս­տեղ աշ­խա­տիլ եւ մեր ա­ւան­դոյթ­նե­րը, մեր դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել աշ­խար­հի զա­նա­զան բե­մե­րու վրայ, այդ մէ­կը ա­մե­նէն կա­տա­րեալ տար­բե­րակն է:

Ե­թէ ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը կրնայ ապ­րիլ իր հայ­րե­նի հո­ղին վրայ եւ նաեւ շրջա­գա­յիլ, ներ­կա­յաց­նել իր ա­րուես­տը շատ լաւ է, դժուար է այդ մէ­կը, բայց ճիշ­դը այդ է:

-Յա­ճախ ե­ղա՞ծ է Ձեր հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին, որ Հա­յաս­տա­նը Խա­չա­տրեա­նով ճանչ­նան:

-Գրե­թէ միշտ եւ այդ մէ­կը ար­դէն սո­վո­րա­կան դար­ձած է: Հպար­տու­թիւն է այդ եւ նաեւ՝ պար­տա­ւո­րեց­նող: Ա­րամ Խա­չատ­րեան ա­նու­նը ոչ միայն մեր ե­րաժշ­տու­թեան, այլ մեր ա­րուես­տի խորհր­դա­նիշն է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ: Եւ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նով կը ճանչ­նան Հա­յաս­տա­նը, ինչ­պէս մեծ գրող Հե­մին­կուէյ ը­սած է, Խա­չա­տրեա­նը հիւ­րըն­կա­լե­լէ ետք, «իբ­րեւ կա­խար­դա­կան եր­կիր մը, որ այն­քան գե­ղե­ցիկ է»: Այ­սինքն այդ­պէս կը ճան­չնան Հա­յաս­տա­նը՝ Խա­չատ­րեա­նի կա­խար­դա­կան հնչիւն­նե­րու ներ­քոյ:

-Ի՞նչ կ՚ը­սէք աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեա­ն, որ կա­րօ­տով հա­մա­կուած՝ Հա­յաս­տա­նէն միշտ խօս­քի, քա­ջա­լե­րան­քի կը սպա­սէ:

-Այդ կա­րօ­տը հիմ­նա­կա­նը կը լրա­ցուի մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ եւ մշա­կոյ­թի մէջ ա­մե­նէն ան­մի­ջա­կան լե­զուն ե­րաժշ­տու­թիւնն է, ո­ր թարգ­մա­նու­թեան կա­րիք չու­նի: Այդ է պատ­ճա­ռը, որ հա­մերգ­նե­րու ժա­մա­նակ շատ գե­ղե­ցիկ եւ ա­մուր կապ կը հաս­տա­տուի ունկնդ­րի եւ լսա­րա­նի մի­ջեւ: Մենք բո­լորս միա­սին ենք, կա­րե­ւոր չէ, թէ մենք աշ­խար­հի ո՛ր կեէ­տը կը գտնուինք, մեր ե­րակ­նե­րուն մէջ նոյն ա­րիւ­նը կը հո­սի, շատ նման ենք մեր մտա­ծե­լա­կեր­պով, եւ մեր յոյ­սե­րն ու իղ­ձե­րը նոյն­պէս շատ նման են: Կայ նաեւ բա­ցա­սա­կան կող­մը ա­նոր, որ մենք կ՚ապ­րինք տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ, բայց ես այդ մէ­կը կը դի­տեմ նաեւ իբ­րեւ մե­զի տրուած դրա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն: Մենք կը ներ­կա­յաց­նենք մեր տե­սա­կը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ եւ ա­մէն տեղ գրե­թէ հա­յե­րը կը ճանչ­նան իբ­րեւ աշ­խա­տա­սէր, ստեղ­ծա­րար, որ­պէս շնոր­հա­լի ազ­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Ան­շուշտ, այդ մէ­կը մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է, բայց միւս կող­մէ նաեւ հպար­տու­թիւն: Ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ հան­դի­պե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ես միշտ հպար­տու­թեամբ լե­ցուած եմ, որ ի­րենք կրնան հա­յու տի­պը ճիշդ պա­հել, մա­քուր պա­հել եւ ներ­կա­յաց­նել օ­տար շրջա­նակ­նե­րուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016