ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի ու կեն­սա­բա­նու­թեան ու­սուց­չու­հի Նա­թա­լի Պեն­լիօղ­լուի, Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ այ­ցե­լե­ցին Ֆէ­րի­գիւ­ղի լա­տի­նաց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը՝ ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար կին գրող­նե­րէն, կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Սրբու­հի Տիւ­սա­բին, որ կը ննջէ այս­տեղ, իր ըն­տա­նե­կան դամ­բա­րա­նին մէջ։

Տիւ­սա­բի շիր­մին մօտ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, որ հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց Տիւ­սա­բին գրա­կան ու հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով Կա­նանց օ­րուան եւ պոլ­սա­հայ կա­նանց շար­ժում­նե­րուն մա­սին։

Տիւ­սա­բի շիր­մին տրուած այս այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, մխի­թա­րեան­ցի սա­ներ շրջե­ցան լա­տի­նաց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Ի­րենց հա­մար յատ­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր տես­նել Խրի­մի պա­տե­րազ­մին, Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին եւ Պոլ­սոյ գրաւ­ման տակ գտնուած օ­րե­րուն նա­հա­տա­կուած ի­տա­լա­ցի ու ֆրան­սա­ցի զի­նուո­րա­կան­նե­րուն շի­րիմ­ներն ու յու­շար­ձան­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016