Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Բանախօսութիւն
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը իր երդիքին տակ հիւրընկալեց մտաւորական, հրատարակիչ եւ պատմաբան Օսման Քէօքէրը: Բանախօսութեան ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ եւ տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ բազմաթիւ հիւրեր:
«Պիրզամանլար » հրատարակչատան սեփականատէր Օսման Քէօքէր ծանօթ անուն մըն է որպէս Թուրքիոյ մշակութային զանազանութեան եւ հարստութեան պաշտպան:
Օսման Քէօքէր Մխիթարեան վարժարանին մէջ բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ երբեմնի հայաշատ թաղերու եւ հայերու կողմէ ստեղծուած պատմական հարստութիւններու մասին: Իսկ վարժարանի տնօրէնութիւնը օգտուելով 28-29 Մարտի արձակուրդէն, կը ծրագրէ իրականացնել շրջապտոյտ մը դէպի Պարտիզակ եւ Արմաշ:
Ուստի Օսման Քէօքէր մասնաւորաբար ծանրացաւ այս կեդրոններուն վրայ եւ տղոց փոխանցեց օգտաշատ տեղեկութիւններ այդ շրջաններէն: Տեսողական առարկաներով ճոխացած իր ծանoթացման մէջ ան բացիկներու միջոցաւ խօսեցաւ Անատոլուի հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն, դպրոցներուն, բաղնիքներուն, գործարաններուն եւ բնակարաններուն մասին, որոնց մեծամասնութիւնը ներկայիս կամ բոլորովին սրբուած են պատմութեան էջերէն եւ կամ աւերակ վիճակ ստացած:
Այս առթիւ վարժարանի տնօրէնութիւնն ալ պզտիկ պրակ մը պատրաստած էր Պարտիզակի, Արմաշի եւ Իզմիթի մասին: