ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԵԹՐՈՆ ԿԸ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Երեւանի մեթրոն, որ ձօնուած է Կարէն Տեմիրճեանի անուան։ Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ մեթրոյի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ ան ճամբորդեց «Բաղրամեան» կայարանէն մինչեւ «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանը։ Այս ընթացքին ան պատասխանատուներէն տեղեկութիւններ քաղեց Երեւանի մեթրոյի ենթակառուցուածքներու արդիականացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, առկայ խնդիրներուն, անվտանգութեան երաշխիքներուն եւ այլ նիւթերու շուրջ։
Հարկ է նշել, որ 2010 թուականէն ի վեր Երեւանի մեթրոյէն ներս վերակառուցման աշխատանքներ կ՚իրականացուին՝ անվտանգութեան երաշխաւորման համար։ Երեւանի մեթրոյի տնօրէն Փայլակ Եայլոյեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, թէ միջազգային մասնագիտական կառոյցները գերազանց գնահատական տուած են ցարդ կատարուած աշխատանքներուն։ Նախագահ Սարգսեանն ալ շաբաթավերջի այցելութեան ընթացքին տեղւոյն վրայ ականատես եղած է արդիւնքներուն եւ յանձնարարած է, որպէսզի սկսի վերակառուցման աշխատանքներուն երկրորդ փուլը։
Երեւանի մեթրոյէն ներս վերանորոգման աշխատանքները իրականացուած են՝ Եւրոպական վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան, Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Եւրոմիութեան կողմէ յատկացուած՝ հինգական միլիոն եւրօ արժողութեամբ դրամաշնորհներով։ Վերակառուցման աշխատանքներուն երկրորդ հանգրուանն ալ կեանքի պիտի կոչուի նոյն կառոյցներուն կողմէ յատկացուելիք նոյն քանակութեամբ միջոցներով։
Հարկ է նշել, որ Երեւանի մեթրոյէն ամէն օր միջին հաշուով կ՚օգտուի շուրջ 45 հազար հոգի։