Մխիթարեանցիները Այցելեցին Քլայփետա
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը 29 Փետրուար-5 Մարտ թուականներուն այցելեց Լիթվանիոյ Քլայփետա քաղաքը։ Եւրոպական Միութեան կրթութեան եւ երիտասարդական ծրագրերու կեդրոնական վարչութեան կողմէ գործադրուող «Էրասմուս+» ծրագրով կայացած ուղեւորութեան մասնակցեցան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, սպաներէնի ուսուցչուհի Մարի Լուիզ Սաաթճեան, բնագիտութեան ուսուցչուհի Սեզիմ Եըլմազ, ինչպէս նաեւ 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ դասարանէն աշակերտներ։
Փորթուգալէն, Սկովտիայէն, Նորվեկիայէն, Թուրքիայէն, Ֆրանսայէն ու Իտալիայէն աշակերտներ մասնակցեցան երգիծանկարչութեան ու գծավէպի միօրեայ դասընթացքի մը, որմէ ետք պատրաստեցին գծավէպ մը՝ պատմելով Սեպտեմբեր 2014-էն ի վեր շարունակուող այս ծրագրի ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքները։ Անոնք մասնակցեցան նաեւ քաղցրաւենիներու պատրաստութեան եւ անպէտք նկատուող իրերու վերամշակման աշխատանոցներու։
Վարժարանի սաներէն Լորէն Քոչուն առաջին հանդիսացաւ՝ Եւրոպական Միութեան վերաբերեալ գիտելիքներու մրցանքի մը արդիւնքին։
Արտասահմանէն ժամանած երիտասարդները, հակառակ տիրող հիւսիսային ցուրտին, տաք յիշատակներով բաժնուեցան Քլայփետայէն, որ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը կը պատկանէր Գերմանական կայսրութեան։
«Էրասմուս+»ի համակարգման վերջին ժողովը պիտի կայանայ 9-12 Մայիս թուականներուն՝ Իսթանպուլի մէջ։