ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ 28+1 ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի եւ Հայաստանի հանդիպումը։ 28+1 ձեւաչափին մէջ այս առթիւ քննարկուեցան կողմերու համագործակցութեան ընթացքն ու հեռանկարները։ Ժողովին մասնակցեցան ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ, անդամ 28 պետութիւններու դաշինքի մօտ մշտական ներկայացուցիչ դեսպանները, ուխտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ ռազմական կառոյցի ղեկավարներ։ Հայաստանը ներկայացուցին Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։
ՆԱԹՕ-ի Պրիւքսէլի կեդրոնակայանէն ներս նախ հանդիպում մը ունեցան երկու նախարարներն ու ընդհանուր քարտուղարը։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին ելոյթներ ունեցան Նալպանտեան եւ Օհանեան։ Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, Սուրիոյ ճգնաժամին, Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան իրագործման, Հայաստանի կողմէ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն բերուած մասնակցութեան շուրջ։ Ան ներկայացուց նաեւ Երեւանի դիրքորոշումները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն առընչութեամբ։
Իր կարգին, Սէյրան Օհանեան բացատրեց պաշտպանական համակարգէ ներս Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած բարեփոխումները։ Ան կանգ առաւ ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ կարողութիւններու ընդլայնման վրայ եւ այդ շրջագծով կարեւորեց ՆԱԹՕ-Հայաստան համագործակցութիւնը։
Խօսք առին նաեւ Սթոլթենպերկ եւ շուրջ տասը դեսպաններ, որոնք գոհունակութիւն յայտնեցին կողմերու գործակցութեան շուրջ։ Դրական նկատուեցաւ ՆԱԹՕ-Հայաստան Անհատական գործակցութեան գործողութիւններու ծրագրին արդիւնքները։ Ծանօթ է, որ Հայաստան ներկայիս ՆԱԹՕ-ի հետ խաղաղապահ առաքելութեան կը մասնակցի Քոսովայի, Աֆղանիստանի եւ Լիբանանի մէջ։
Միւս կողմէ, Պրիւքսէլի երէկուան հանդիպման հետ նոյնաժամանակ ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին մէջ լոյս տեսան Նալպանտեանի հետ հարցազրոյց մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ, որ Երեւան պիտի շարունակէ ռազմաթեքնիկ սերտ համագործակցութիւնը Մոսկուայի հետ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը այն հազուադէպ հարցերէն մին է, որու պարագային Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա ունին միասնական դիրքորոշում։ Նախարարին խօսքով, Հայաստան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։