ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա, ուր հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Փու­թին կը քննար­կեն ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր այս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ հանգ­րուա­նին, առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ զայն յա­ռաջ մղե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։

Սերժ Սարգ­սեան Մոս­կուա­յի մէջ կը մաս­նակ­ցի նաեւ ճատ­րա­կի մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր մրցա­շար­քի մը, նաեւ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բաց­ման։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016