ՓԵՆԹԱԿՈՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ԻՇԻՊ-Ի ՀԱՄԱՐ
Սուրիոյ ճգնաժամի գծով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա յայտնեց, թէ այս հիմնախնդրի կարգաւորման համար նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուած են Մարտի 15-ին։ Ծանօթ է, որ Սուրիոյ չափաւոր ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պիտի մէկտեղուին Ժընեւի մէջ, մինչ Սուրիայէն ներս կը շարունակուի յարաբերական հրադադարը։
Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգութեան կրնայ մատնուիլ, եթէ Ռուսաստանի եւ ԵՓԿ-ի համագործակցութիւնը վնաս հասցնէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ձեռնարկուած պայքարին։
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատիլ էլ-Ճուպէյր յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նոր էջ մը բանալու Իրանի հետ՝ եթէ այս վերջինը լքէ դաւանանքի հիմունքով իր քաղաքականութիւնը։ Ըստ իրեն, Ռիատի ղեկավարութիւնը Եէմէնի հարցի պարագային ալ կողմնակից է քաղաքական լուծման։