103 ՕՐՈՒԱՆ ԼՈՒՐՋ ՊԱՅՔԱՐ
Անվտանգութեան ուժերուն կողմէ Սուրի մէջ, Տիարպաքըր, ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ 28 Նոյեմբեր 2015 թուականին սկսած էին այդ լայնածաւալ գործողութիւնները, որոնք տեւեցին հարիւրերեք օր։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ մանրամասն բացատրութիւններով։ Ըստ իրեն, գործողութիւններուն շրջագծով փակուած է 243 փոս ու ոչնչացուած 354 պայթուցիկ սարք։ Բանակին ու ոստիկանութեան կողմէ համատեղ յառաջ տարուած գործողութիւններուն ժամանակ յայտնաբերուած են՝ զէնք, զինամթերք, ծանր զէնքեր եւ հռթիռներ։ Էֆքեան Ալա մատնանշեց, որ ներկայիս խուզարկումները կը շարունակուին՝ հայրենակիցներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։
Սուրէն հասած այս լուրերէն վերջ, երէկ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Թունճելիի մէջ տասնմէկ շրջան Նախարարաց խորհուրդի որոշումով դարձած է մասնաւոր անվտանգութեան գօտի։ Այս դրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի 1-ը։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւս էրէկ խօսեցաւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին։ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ան այս նիւթին անդրադարձաւ՝ 2016 թուականի պետական պիւտճէի հաւանութեան արժանանալուն առթիւ ունեցած ելոյթին ատեն։ Իր խօսքերով, երկրի որեւէ մէկ անկիւնին բացարձակապէս թոյլ պիտի չտրուի զինեալ ուժի մը։
Բաց աստի, թուրք զինեալ ուժերը երէկ սահմանէ դուրս ալ գործողութիւններ կատարեցին ահաբեկչութեան դէմ։ Այսպէս, ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծեցին Հիւսիսային Իրաքի Քանտիլի շրջանը։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ բացատրութիւններ տուաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային համագործակցութեան ընթացքին մասին։ Ան յայտնեց, որ Պելժիա զգայնութիւն չի դրսեւորեր ՓՔՔ-ականներու եւ ՏՀՔՓ-Ճ-ականներու յանձման ուղղութեամբ։ Ան համոզուած է, որ կրկնակի չափանիշներ պէտք չէ օգտագործուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պարագային։