ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ

Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Ռո­սիա Մոլ» ա­ռեւ­տու­րի եւ ժա­ման­ցի կեդ­րո­նը։ Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը պա­տուեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Ե­րե­ւա­նի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ճիշդ դի­մա­ցը կը գտնուի այս կեդ­րո­նը, որ ուղ­ղա­կի մուտք ալ ու­նի քա­ղա­քի մեթ­րո­յէն։ «Ռո­սիա Մոլ»ը կը պատ­կա­նի «Սիլ» հոլ­տին­կին, ո­րու հա­մա­սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րուն գլխա­ւորն է յայտ­նի գոր­ծա­րար Խա­չա­տուր Սու­քիա­սեան, որ մին­չեւ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­րես­փո­խան էր։ Խա­չա­տուր Սու­քիա­սեա­նի եւ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն ա­ռըն­թեր բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նին ու­ղեկ­ցե­ցան Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան, Հա­յաս­տա­նի Ար­դիւ­նա­բե­րող­նե­րու եւ գոր­ծա­րար­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ար­սէն Ղա­զա­րեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Հրա­ւի­րուած էին նաեւ երկ­րի գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րէն ծա­նօթ դէմ­քեր։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան շրջայց մը կա­տա­րեց այս ա­ռեւ­տու­րի եւ ժա­ման­ցի կեդ­րո­նէն ներս, որ հա­րիւ­րա­ւոր նոր աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու ա­ռիթ ըն­ձե­ռած է։

Այս ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նին բա­ցուի­լը ու­շագ­րաւ հա­մա­րուած է նաեւ քա­ղա­քա­կան տե­սան­կիւ­նէն։ Ար­դա­րեւ, Խա­չա­տուր Սու­քիա­սեան ե­ղած է ընդ­հան­րա­պէս ընդ­դի­մա­դիր հա­յեացք­նե­րով գոր­ծիչ մը եւ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կա­ռու­ցուած այս կեդ­րո­նի բաց­ման Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ բե­րուած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի ու­շագ­րաւ։ Մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին այս բո­լո­րին կա­պակ­ցու­թեամբ շօ­շա­փե­ցին Խա­չա­տուր Սու­քիա­սեա­նի տե­սա­կէ­տը եւ հարց տուին, թէ ար­դեօք կը պար­տա­սուի՞ վե­րա­դառ­նալ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Խա­չա­տուր Սու­քիա­սեան ա­ռայժմ յստակ պա­տաս­խան մը չտուաւ այդ հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ 

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016