ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱՅԻ «ՀԱՒԱՏԱՄՔ»Ը

2009 թուա­կա­նին Ե­գիպ­տո­սի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Գա­հի­րէի մէջ իր ար­տա­սա­նած խօս­քին ըն­թաց­քին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա կը մե­ղադ­րէր ա­րաբ­նե­րը, շրջա­նին մէջ տի­րող ա­ղօտ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն ա­նոնց ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ա­ռըն­թեր: Ան պաշտ­պա­նե­լով իր տե­սա­կէտ­նե­րը՝ դի­տել կու տար, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տի­րող ա­նո­րո­շու­թեան հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն միայն Իս­րա­յէ­լը չէ, այլ ա­րաբ­ներն են, ո­րոնք չեն կրնար հա­սա­րա­կաց լե­զու մը գտնել եւ սե­ղա­նին վրայ ե­ղած հար­ցե­րուն միա­ցեալ ծրագ­րով մը մօ­տե­նալ: Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հին այս մօ­տե­ցում­նե­րը ա­ւե­լի ուշ ա­ւե­լի եւս կ­­՚ամ­րագ­րուէին, ու Օ­պա­մա կը խօ­սէր ոչ միայն ա­րաբ­նե­րու ընդ­հա­նուր թե­րա­ցու­մին մա­սին, այլ նաեւ մատ­նա­ցոյց կ­­՚ը­նէր, թէ աշ­խար­հին հա­մար պա­տու­հաս հա­մա­րուող իս­լա­մա­մէտ խմբա­ւո­րում­նե­րու հիմ­նա­կան բջիջ­նե­րը ծնունդ կ­­՚առ­նեն Ծո­ցի ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու «տաք եւ ա­պա­հո­վ» ե­զերք­նե­րուն վրայ:

Ա­մե­րի­կեան վար­չա­ձե­ւը ար­դիա­կան մօ­տե­ցում­ներ ու­նի բա­ցա­յայտ կեր­պով քննար­կու­թեան դնե­լու հա­մար եր­կի­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն վա­րած գոր­ծիչ­նե­րուն ընդ­հա­նուր վար­քա­գ­­ծին վե­րա­բե­րեալ: Ու քա­նի կը մօ­տե­նայ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Սպի­տակ տու­նէն հե­ռա­նա­լու թուա­կա­նը (2017), այդ քննար­կում­նե­րը եւ «բա­ցա­յայ­տում­նե­րը» կը դառ­նան ա­ւե­լի ե­րե­ւե­լի:

Այս մա­սին կա­րե­ւոր օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար, կ­­՚ար­ժէ ու­շադ­րու­թեամբ կար­դալ Նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի Լի­պիոյ դէմ ե­ղած ներ­խուժ­ման մա­սին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ The Atlantic պար­բե­րա­կա­նին մէջ, ուր ան ծանր քննա­դա­տու­թիւն­ներ կ­­՚ուղ­ղէ Բրի­տա­նիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քե­մրը­նին եւ ներ­խուժ­ման օ­րե­րուն Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ՝ Նի­քո­լա Սար­քո­զիին: Պարզ է, որ Օ­պա­մա դէմ էր Լի­պիոյ մէջ իր միա­պե­տու­թիւ­նը «վա­ւե­րա­կա­ն» դար­ձու­ցած ա­րաբ միա­պետ՝ Մուամ­մէր Քա­տտա­ֆիին, բայց եւ այն­պէս այս վերջ­նոյն իշ­խա­նու­թե­նէն բռնի ու­ժով հե­ռա­ցու­մէն ու սպա­նու­թե­նէն ետք, եր­կի­րը կը յայտ­նուէր շատ ա­ւե­լի վատ պայ­ման­նե­րու մէջ: Ամ­բողջ աշ­խար­հին «ձեռ­նոց նե­տա­ծ» եւ իր զար­մաց­նող ու ծաղ­րա­կան հա­յեացք­նե­րով յայտ­նի Քա­տտա­ֆիի տա­պա­լու­մէն ետք այդ եր­կի­րը կը վե­րա­ծուէր ա­րեան բաղ­նի­քի մը: Ու այ­սօր Լի­պիան իր գլխա­ւոր նաւ­թա­յին քա­ղաք­նե­րով դար­ձած է «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (ISIS) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման հիմ­նա­կան «դրախ­տ­»ը: Ան­վե­րահս­կե­լի եւ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ան­կա­սե­լի դար­ձած ISIS-ին հա­մար այ­սօ­րուան դրու­թեամբ հիմ­նա­կան կեդ­րո­նա­տե­ղին՝ Ռաք­քան եւ Մու­սու­լը չեն, այլ Լի­պիան է: Ու այս ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը խոր­քին մէջ նոր բեռ կը դառ­նար Օ­պա­մա­յի վար­չա­կար­գին հա­մար: Այս­տեղ պէտք չէ մոռ­նալ, որ 20 Յու­նուար 2009 թուա­կա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ընտ­րուած Պա­րաք Օ­պա­մա­յի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն հիմ­նա­կան կէ­տը Ի­րա­քի եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի պա­տե­րազմ­նե­րը «ա­ւար­տե­լ»ն էր ու ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այդ ճա­հիճ­նե­րէն ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րուն դուրս բե­րու­մը: Ե­թէ Օ­պա­մա գէթ յա­ջո­ղե­ցաւ Ի­րա­քէն եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն հե­ռաց­նել ա­մե­րի­կեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ա­պա յստա­կօ­րէն կ­­՚ե­րե­ւի, որ այդ շրջան­նե­րը տա­կա­ւին շատ հե­ռու են խա­ղա­ղու­թե­նէն: Իսկ մօ­տիկ ան­ցեա­լին ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն հիմ­նա­կան լո­զուն­գը՝ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն հաս­տա­տե­լու մա­սին, այ­սօր ոչ միայն զի­ջած է այլ օ­րա­կար­գե­րու, այլ ընդ­հան­րա­պէս չքա­ցած: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ լա­ւա­պէս կը հասկ­նայ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հաս­տատ­ման մա­սին խօ­սի­լը միայն բե­մե­րէն ար­տա­սա­նուե­լիք ճա­ռե­րու հա­մար ե­ղած քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում է:

Ու­րեմն Լի­պիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րուն քննար­կու­մէն ան­դին, այ­սօր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէ ներս կա­րե­ւոր քննար­կում կը ծա­ւա­լի Սու­րիոյ մէջ Ա­մե­րի­կա­յի ու­նե­ցած դե­րին շուրջ: Ճիշդ է, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը այ­սօր չէ ա­ւար­տած, բայց եւ այն­պէս ընդգ­ծե­լի է, որ ա­մե­րի­կեան ընդ­հա­նուր դե­րը սկսած է տե­ղի տալ: Այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած են ոչ միայն Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց մօ­տա­լուտ ըլ­լա­լուն հետ, այլ նաեւ լա­ւա­գոյն ցու­ցա­նիշ են, որ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Սու­րիոյ հան­դէպ կի­րա­ռած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հան­դի­պած է մեծ ար­գելք­նե­րու: Այս կա­ցու­թե­նէն ետք անց­նող ա­միս­նե­րուն գո­յա­ցած ռուս-ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը սկսաւ դառ­նալ բա­ցա­յայտ եւ նոյն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ շուրջ տասն օր ա­ռաջ նախ­նա­կան հրա­դա­դար մը հաս­տա­տել Սու­րիոյ հա­մար: Ա­ւե­լի պարզ ը­սե­լով ա­մե­րի­կեան գե­րա­տես­չու­թիւ­նը այ­սօր սու­րիա­կան թղթած­րա­րը յանձ­նած է Մոս­կուա­յին, պայ­մա­նով, որ ռու­սա­կան կող­մը իր մօ­տե­ցում­նե­րը եւ քայ­լե­րը կա­տա­րէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն ետք: Այս ան­շուշտ չի նշա­նա­կեր, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պար­տուե­ցաւ Սու­րիոյ մէջ, բայց եւ այն­պէս կե­ցուածք­նե­րու ա­րագ եւ փրակ­մա­թիք այս տե­ղա­շար­ժը կը մատ­նէ Օ­պա­մա­յի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան թոյլ կող­մե­րը:

Վե­րա­դառ­նա­լով Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի գոր­ծե­լաո­ճի ընդ­հա­նուր քննար­կում­նե­րուն՝ պէտք է ը­սել, որ ա­նոր քայ­լե­րուն հե­տե­ւող եւ այդ քայ­լե­րը քննար­կող կող­մե­րուն հա­մար ան­ցու­մա­յին թուա­կան կը հա­մա­րուի 29 Օ­գոս­տոս 2013-ը: Այդ օրն էր, որ Պա­րաք Օ­պա­մա անս­պա­սե­լի հա­մա­րուած վճի­ռով մը յետս կը կո­չէր Սու­րիան հա­րուա­ծե­լու մա­սին ե­ղած նախ­նա­կան ո­րո­շու­մը: Գոնկ­րէ­սէն յա­ւե­լեալ լիա­զօ­րու­թիւն­ներ պա­հան­ջող ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հը իր վար­քով կը զար­մաց­նէր ոչ միայն ա­րաբ-սիւն­նի դաշ­նա­կից­նե­րը, այլ՝ ա­մե­նէն մօ­տիկ հա­մա­րուած քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­բան­ներն ու խորհր­դա­տու­նե­րը: Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սը ո­ղո­ղուած էր Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ ե­ղած յօ­դուած­նե­րով եւ լու­րե­րով: 21 Օ­գոս­տոս 2013 թուա­կա­նին Դա­մաս­կո­սի գիւ­ղա­կան «Ալ Ղու­թա» շրջա­նին մէջ գրան­ցուած էր քի­միա­կան յար­ձա­կում մը, ո­րուն զոհ գա­ցած էին ա­ւե­լի քան չորս հա­րիւր ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­ներ: Տե­ղի ու­նե­ցա­ծը իր ծանր ար­ձա­գան­գը կը գտնէր մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մօտ: Այս դէպ­քի լոյ­սին տակ շատ ե­ղան այն կող­մե­րը, ո­րոնք դէպ­քին մե­ղադ­րան­քի գլխա­ւոր բա­ժի­նը կը դնէին Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի ու ա­նոր վար­չա­կար­գի ու­սե­րուն: Բա­ցի մե­ղադ­րանք­նե­րէն, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը եւ Օ­պա­մա­յի ա­րեւմ­տեան դաշ­նա­կից­նե­րը կը փոր­ձէին ա­մէն գնով ա­պա­հո­վել Դա­մաս­կո­սի դէմ ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րու կող­մէ կա­տա­րուե­լիք յար­ձա­կու­մին «կա­նաչ լոյ­ս­»ը: Սա­կայն Օ­պա­մա շրջա­դար­ձա­յին քայլ մը կա­տա­րե­լով իր­մէ կը հե­ռա­ցնէր զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րե­լու «դառն բա­ժա­կ­»ը: Ճիշդ է, որ այս քայ­լը յու­սա­խաբ կ­­՚ը­նէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գլխա­ւոր դաշ­նա­կից հա­մա­րուող Ռիատն ու միւս սիւն­նի գոր­ծըն­կեր­նե­րը, սա­կայն այդ քայ­լին շնոր­հիւ Օ­պա­մա շրջա­հա­յեա­ցու­թեամբ իր տէ­րու­թիւ­նը հե­ռու կը պա­հէր յա­ւե­լեալ ծանր բար­դա­ցում­նե­րէ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րուե­լիք ո­րե­ւէ հա­րուած ա­ւե­լի ծանր հե­տե­ւանք­ներ պի­տի ու­նե­նար ա­մե­րի­կեան վար­չա­մե­քե­նա­յին հա­մար ու վերջ­նա­կա­նա­պէս ձա­խո­ղու­թեան գա­մով պի­տի «խա­չէ­ր» Պա­րաք Օ­պա­ման: Երբ ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ընդ­հա­նուր քննու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար, ա­մե­րի­կեան մօ­տե­ցում­նե­րուն նկատ­մամբ մեր վեր­լու­ծում­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի ար­դա­րաց­նեն Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վճռո­րոշ մօ­տե­ցում­նե­րը, այն ի­մաս­տով, որ Լի­պիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ կա­տա­րուած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէն ետք այ­սօր յստակ դար­ձած է, թէ այս եր­կիր­նե­րուն մէջ Ա­րեւ­մուտ­քի «օրհ­նա­ծ» պա­տե­րազմ­նե­րը ի՜նչ մեծ ա­ւեր­ներ գոր­ծե­ցին: Յա­ճախ նոյ­նիսկ բրի­տա­նա­կան, ա­մե­րի­կեան, ի­տա­լա­կան եւ այլ բա­նակ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած գրոհ­նե­րը եւ յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ե­ղած լպիրշ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով է, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը կը գտնուի իր այ­սօ­րուան անմ­խի­թար ի­րա­վի­ճա­կին մէջ:

Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հին որ­դեգ­րած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­րար կէ­տը ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րուն ա­ռան­ձինն պա­տե­րազ­մի դաշ­տեր չեր­թա­լու ո­րո­շումն էր: Ի­րա­քի եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի փոր­ձե­րը լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ ըն­դու­նե­լով՝ Նա­խա­գահ Օ­պա­մա միան­գա­մընդ­միշտ հասկ­ցաւ, որ բռնի ու­ժի կի­րա­ռու­մով ան­կա­րե­լի է գետ­նի վրայ դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լ: Ու այս ըմբռ­նու­մը դար­ձաւ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հիմ­նա­կան «հա­ւա­տամ­ք­»ը:

Աս­կէ ան­դին, կը մնայ հասկ­նալ, որ այ­սօր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ սո­ղոս­կող ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ա­հին դի­մաց ռու­սա­կան միջմ­տու­թեան վստա­հած Ո­ւա­շինկ­թը­նին հա­մար ա­ռաջ­նա­յին օ­րա­կար­գը այդ վայ­րե­րու հրդեհ­նե­րուն մա­րի­լը չէ:

Օ­պա­մա­յի վար­չա­կար­գը շատ լաւ գի­տէ, որ «Ա­րա­բա­կան գա­րու­ն­»ը փոր­ձանք ե­ղաւ ոչ միայն ա­րա­բա­կան տէ­րու­թիւն­նե­րուն, այլ ամ­բողջ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին հա­մար: Սա­կայն մաս­նա­ւո­րա­պէս այ­սօր ան բա­ւա­րար ուժ չու­նի բա­ցա­յայ­տե­լու եւ մեր­կաց­նե­լու այդ ա­ղէ­տա­բեր «գար­նա­ն» իս­կա­կան հե­ղի­նակ­նե­րը:

Օ­մա­պա­յի վար­չա­ձե­ւին ձեռք ձգած հիմ­նա­կան ձեռք­բե­րու­մը տնտե­սա­կան բարդ վի­ճակ­նե­րու մէջ ե­ղած ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սը այդ տագ­նա­պէն փրկելն էր: Թէեւ այդ ա­ռու­մով ալ ե­րե­ւե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նկա­տե­լի չդար­ձան, սա­կայն հիմ­նա­կա­նին մէջ եւ նախ­կին հանգ­րուա­նին հա­մե­մատ ա­ւե­լի «կա­յու­ն» Ա­մե­րի­կա­յի մը գո­յու­թիւ­նը կա­րե­լի է մեծ յա­ջո­ղու­թիւն հա­մա­րել 2017 թուա­կա­նին Սպի­տակ տու­նէն հե­ռա­նալ պատ­րաս­տուող Օ­պա­մա­յին հա­մար:

Ճիշդ է, որ ռու­սա­կան ու­ժե­րուն դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւելք մեծ վե­րա­դար­ձը կրնայ նոր լու­ծում­նե­րու փու­լի մը սկիզ­բը դառ­նալ։ Բայց եւ այն­պէս բա­ցա­յայտ է, որ ա­ռանց Ա­մե­րի­կա­յի կող­մէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­մար մշա­կուած քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի մը այ­սօ­րուան քաո­սան­ման ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ նոյ­նիսկ ա­րեան նոր լի­ճե­րու գո­յա­ցու­մը կրնայ ո­րոշ ժա­մա­նակ մը շա­րու­նա­կուիլ:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը կա­րի­քն ու­նի մտա­ծուած, եր­կա­րա­ժամ­կէտ ու բո­լոր տար­րե­րուն գո­հա­ցում տուող լու­ծում-քար­տէս­նե­րու եւ այդ մէ­կը կրնայ միայն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նման հզօր տէ­րու­թիւն մը մէջ­տեղ հա­նել: Ու բնա­կա­նա­բար ոչ այս հանգ­րուա­նին: Այս մա­սին կա­րե­լի է խօ­սիլ միայն 2017 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­նա­լիք ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016