ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ ներ­կայ հանգ­րուա­նին նուազ հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ պա­տե­րազ­մի վերսկ­սու­մը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան վեր­ջերս հա­ւա­քոյ­թի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ։ Ան այս առ­թիւ պա­տաս­խա­նեց հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։ Նա­խա­րար Օ­հա­նեան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տան կողմ­նա­կից է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ քայ­լեր։ «Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քի հիմ­քին կը գտնուի հար­ցի քա­ղա­քա­կան, խա­ղաղ երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ կար­գա­ւո­րու­մը։ Այս մէ­կուն հիմ­քին պէտք է գտնուին վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղեալ քայ­լե­րը եւ փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը», հա­մո­զուած է Օ­հա­նեան, որ ցա­ւով նշեց, թէ Ատր­պէյ­ճան չի փա­փա­քիր շի­նիչ աշ­խա­տանք տա­նիլ, չի փա­փա­քիր վստա­հու­թեան մի­ջոց­ներ ձե­ւա­ւո­րել, զերծ մնալ ա­ռա­ջին գծի վրայ զա­նա­զան խախ­տում­նե­րէ, չի փա­փա­քիր հե­ռու մնալ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րէ եւ ներ­թա­փանց­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ։ Ան յի­շե­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճան կը մեր­ժէ նաեւ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ «Սա կը խօ­սի այն մա­սին, թէ Ատր­պէյ­ճան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը լա­րէ ի­րա­վի­ճա­կը՝ ու­նե­նա­լով երկ­րէն ներս քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան միա­կող­մա­նի նպա­տակ­ներ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զի վրայ՝ չհասկ­նա­լով, որ մենք չենք վախ­նար։ Ինչ­պէս ը­սած է հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, մենք կը վախ­նանք պա­տե­րազ­մէն, սա­կայն չենք վախ­նար կռուե­լէ։ Այ­սինքն, մենք պատ­րաստ ենք պաշտ­պա­նե­լու մեր եր­կի­րը եւ Ար­ցա­խը, որ կը հան­դի­սա­նայ մեր երկ­րի սուրբ մա­սը», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

Հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, թէ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պա­տե­րազ­մի կը մաս­նակ­ցի ա­մէն օր։ «Բայց ստեղ­ծուած ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րը այ­սօր չեն խօ­սիր այն մա­սին, թէ կրնան լայ­նա­ծա­ւալ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ծա­ւա­լուիլ, ո­րով­հե­տեւ մենք ալ մեր հեր­թին ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք հա­կա­ռա­կոր­դի նկրտում­նե­րը զսպե­լու հա­մար։ Ե­թէ ըլ­լան մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ստի­պո­ղու­թեան առ­ջեւ, մենք ան­կաս­կած պէտք է պաշտ­պա­նենք մեր հայ­րե­նի­քը», ընդգ­ծեց Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան բարդ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թան մը պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, տա­րած­քաշր­ջա­նը փխրուն է իր անվ­տան­գու­թեան կա­ռու­ցուած­քով։ «Այ­սօր մեր տա­րած­քաշր­ջա­նի պա­րա­գա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու տէր գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու շա­հե­րու ամ­րապնդ­ման զու­գա­հեռ՝ մենք կ՚ամ­րապն­դենք մեր երկ­րի անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը», շա­րու­նա­կեց Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ ընդգ­ծեց, թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տան ու­նե­ցած է հիմ­նա­կան ձեռք­բե­րում­ներ, ո­րոնց­մէ մին է Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րե­րուն վրայ յա­ռաջ մղուի­լը։ Ներ­կա­յիս նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զի­նեալ ու­ժե­րու, սպա­ռա­զի­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու զար­գաց­ման ծրա­գիր մը։ Այս փու­լին նա­խոր­դած են մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­ներ՝ պաշտ­պա­նա­կան, ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ա­ռու­մով։ Այդ բո­լո­րին նպա­տա­կը ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան մի­ջա­վայ­րի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, բո­լոր սպառ­նա­լիք­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը։

Օ­հա­նեան յի­շե­ցուց, թէ Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տին մաս­նակ­ցած է ոչ միայն բա­նա­կը, այլ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը։ Ուս­տի, հայ­կա­կան բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման ա­կունք­նե­րուն մէջ կը գտնուի ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի տա­րի­նե­րու քրտնա­ջան, չար­քաշ աշ­խա­տան­քը։

Նա­խա­րար Օ­հա­նեան բա­ցատ­րեց նաեւ, թէ Հա­յաս­տա­նի Զի­նեալ ու­ժե­րը կը հա­մալ­րուին հե­ռա­հար ու ճշգրիտ խոց­ման զի­նա­տե­սակ­նե­րով։ Ըստ ի­րեն, երկ­րի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան լուրջ աշ­խա­տանք տա­րած է ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այս բո­լո­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին մշա­կուած հա­մա­պա­տաս­խան նա­խագ­ծե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ «Ես կը հասկ­նամ, որ սա մեր հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թե­րէն մին է, շատ յա­ճախ հար­ցում­ներ կ՚ուղ­ղեն։ Ես պէտք է ը­սեմ, որ այդ բո­լո­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի հան­րա­պե­տու­թեան գե­րա­գոյն-գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րի ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան ու վստա­հե­ցուց, թէ ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թեան ա­պա­հով­ման հար­ցին մէջ Հա­յաս­տա­նի ծրագ­րե­րուն գծով շե­ղում­ներ չկան։ «Մար­դիկ շատ յա­ճախ կը փա­փա­քին հասկ­նալ, թէ ի՞նչ տե­սակ զի­նա­տե­սակ­ներ կ՚ա­պա­հո­վենք։ Իմ պա­տաս­խա­նը հե­տե­ւեալն է՝ մենք շե­ղում­ներ չու­նինք մեր ծրագ­րե­րուն մէջ։ Մեր ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վէ սպա­ռա­զի­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան թեք­նի­կի զար­գա­ցում։ Մենք ձեռք կը բե­րենք ժա­մա­նա­կա­կից հե­ռա­հար եւ ճշգրիտ խոց­ման զի­նա­տե­սակ­ներ։ Հա­մո­զուած եմ, որ որ­քան քիչ ըլ­լան այս մա­սին հար­ցում­նե­րը, այն­քան ա­ւե­լի դիւ­րին կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք մեր առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը», ա­ւել­ցուց Օ­հա­նեան։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Հա­յաս­տան քայ­լեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ռազ­մա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Գի­տէք, որ մենք մեր սպա­ռա­զի­նու­թեան մեծ մա­սը ժա­ռան­գած ենք Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն, սա­կայն հի­մա քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կենք նաեւ ա­րեւմ­տեան չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ մեր սե­փա­կան ռազ­մա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար», ընդգ­ծեց Օ­հա­նեան։

Օ­հա­նեան յի­շե­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ար­դէն հա­ւա­նու­թիւն տուած է ռազ­մա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հա­յե­ցա­կար­գին։ «Այ­սօր մեծ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րուին, որ­պէս­զի ա­րեւմ­տեան չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ ու­նե­նանք ու զար­գաց­նենք մեր հայ­րե­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը», մատ­նան­շեց ան։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016