ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԷՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը ներկայիս կը պատրաստուի կեանքի կոչել թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, թաղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի կարգ մը անդամները ձեռնամուխ եղած են թատերական ծրագրի մը։ Երգչախումբի համակրելի անդամներէն Սարօ Սիրականեանի գլխաւորութեամբ սկսած են թատերական ներկայացման ծրագրի մը աշխատանքները։ Այս հանգամանքը շատ խորհրդանշական է, որովհետեւ Սարօ Սիրականեանի վախճանեալ հայրն ալ՝ հոգելոյս Տ. Տարօն Ա. Քհնյ. Սիրականեան Ֆէրիգիւղի մէջ կեանքի կոչած է թատերական ծրագրեր, ինչ որ տակաւին թարմ է մեր որոշ գեղարուեստասէրներու մտքին մէջ։
Ուրեմն, բեմադրիչի պատասխանատուութիւնը ստանձնած Սարօ Սիրականեանի մականին ներքեւ Վարդանանց երգչախումբի թատերական կազմը յառաջիկայ գարունէն սկսեալ պիտի ներկայացնէ «Թիւ 5 խելագարը» անուն զաւեշտը։ 1920-ներուն հրատարակուած, Միհրդատ Հայկազնի ընդօրինակումով լոյս ընծայուած գործի մը հիման վրայ է թատրերգութիւնը։ Երեք հանգրուաններով գործ մը թատերասէրներուն պիտի ներկայացուի նոյն ամբողջին մէջ։ Վարդանանցի անդամները ներկայիս բծախնդիր փորձերով կը շարունակեն պատրաստուիլ մօտալուտ ներկայացումներու շարքին։ Հարկ է նշել, որ թատերախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Գրիգոր Թէրզեան, Սեւան Փիոսեան, Սարօ Պենկլեան, Սեւան Նիզամեան, Արթօ Նալճը, Սէրլի Մայըսօղլու, Նաթալի Թուրաչ, Երուանդ Սեպուհեան, Սեսիլ Գահվէճիօղլու, Սէրտար Գահվէճիօղլու, Շիլա Պապայի, Արէտ Ունճեան եւ Արեգ Իփէքլի։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Վարդանանց երգչախումբի թատերական կազմին։