ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին կազմակերպեց իր աւանդական ճաշկերոյթը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Այս տարի միայն բացառութիւն մը ապրուեցաւ ժամկէտի առումով։ Սովորաբար սոյն հաւաքոյթը տեղի կ՚ունենար Միջինքին։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան այդ փուլին կը բացակայէր քաղաքէս։ Հետեւաբար, Միջինքի այս աւանդական սեղանը սարքուեցաւ երէկ։
Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն տեղի ունեցաւ արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Զէքիեան Գերապայծառը, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, նաեւ Հայր Աբրահամ եւ Հայր Մեքայէլ։ Արարողութեան մասնակիցները լսեցին Զէքիեան Գերապայծառին քարոզը։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, İTÜ-ի Մաչքայի մասնաճիւղի ընկերային կեդրոնէն ներս սարքուեցաւ Մեծ պահքի սեղանը, Գերապայծառին եւ հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար, նոյն քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Գլխաւոր քաղաքապետարանէն Նատիա Թաշէլ, նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները։ Տիկնանց յանձնախումբի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Մարի Միմար արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։
Խօսք առին քաղաքապետ Հազինէտար եւ Զէքիեան Գերապայծառը։
Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Մարի Միմար, Արուսեակ Սուլթանօղլու, Մարգրիտ Թերտեքեան, Իվէթ Տիլլի, Ժանէթ Թարաքճը, Գարօլ Թերզիօղլու, Հիւլիա Աթսուպ։