ԳԱԼՍ­ՏԵԱՆ ԿԻ­ՐԱ­ԿԻ

Մեծ պահ­քի վե­ցե­րորդ Կի­րա­կին նուի­րուած է Յի­սուս Քրիս­տո­սի «Գալս­տեան» յի­շա­տա­կին։ Ուս­տի նա­խորդ կի­րա­կի­նե­րու խոր­հուրդ­նե­րուն մի­ջեւ կ՚ե­րե­ւի յայտ­նի տրա­մա­բա­նա­կան կա­պակ­ցու­թիւն մը՝ որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին յատ­կա­պէս կը յի­շէ եւ կը խորհր­դա­ծէ ա­մէն մէ­կը իւ­րա­քան­չիւր Կի­րա­կիի խոր­հուր­դին մէջ։

Սկսե­լով ա­ռա­ջին Կի­րա­կիէն՝ կը ներ­կա­յա­ցուի «Դրախտ»ը, յե­տոյ «Եր­ջան­կու­թիւն»ը, յա­ջոր­դա­բար՝ աշ­խա­տանք, կո­րուստ, գիւտ, հարս­տու­թիւն, Ա­ղօթք, ո­րոնք ուղ­ղա­կի՛ կա­պակ­ցու­թիւն ու­նին մար­դուս կեան­քին հետ, ա­մէն ժա­մա­նակ եւ ա­մէն շրջա­նի մէջ։ Մէկ խօս­քով՝ մարդ­կա­յին կեա՛նքն է, որ կ՚ու­սում­նա­սի­րուի այս կի­րա­կի­նե­րու խոր­հուր­դին մէջ։

Այս կի­րա­կի­նե­րը ու­սում­նա­սի­րել կը նշա­նա­կէ պար­զել ու հասկ­նալ քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հա­հա­յեաց­քը կեան­քի զա­նա­զան հար­ցե­րու եւ խնդիր­նե­րու լուծ­ման մէջ։ Ու­րիշ խօս­քով հասկ­նալ՝ քրիս­տո­նէա­կան մ՛իտ­քը։

Գալս­տեան Կի­րա­կին, այս խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին վեր­ջին հանգ­րուանն է՝ քրիս­տո­նէա­կան կեան­քին վախ­ճա­նը, նպա­տա­կը, բայց ո՛չ վեր­ջա­կէ­տը, այլ թե­րեւս «մի­ջա­կէտ»ը կամ «բութ»ը, եւ կամ «ստո­րա­կէ՛տ»ը։

Աշ­խար­հը իր գո­յու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին շատ «գա­լուստ»ներ է տե­սած, սա­կայն ո՛չ մէկ գա­լուստ ու­նե­ցած է այն­պի­սի մեծ նշա­նա­կու­թիւն եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն, որ­քան Յի­սուս Քրիս­տո­սի՝ Մեր Փրկչին գա­լուս­տը։ Ար­դա­րեւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու եւ շրջան­նե­րու մէջ պա­տա­հած են շռնդա­լից, մե­ծա­ձայն գա­լուստ­ներ, բայց ո՛չ մէկ գա­լուստ ու­նե­ցած է այն նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ փառ­քը՝ որ ու­նե­ցաւ մեր Տի­րոջ գա­լուս­տը։

Փրկի­չը ե­կաւ, ի­ջաւ մար­դոց մէջ, համ­բու­րեց հա­մայն մարդ­կու­թեան ճա­կա­տը եւ ապ­րե­ցաւ ա­նոր դառ­նու­թիւն­ներն ու տա­ռա­պանք­նե­րը՝ որ­պէս փու­շէ պսակ, տուած համ­բոյ­րին փո­խա­րէն դրաւ իր ճա­կա­տը։ Այս գլխա­ւոր եւ անն­ման գա­լուս­տը, ար­դա­րեւ բա­ցաւ դրախ­տի դռնե­րը եւ քան­դեց դժոխ­քի կա­պանք­նե­րը։ Ան ե­կաւ ու հաս­տա­տեց նաեւ «Երկ­րորդ գա­լուստ»ը՝ ո­րուն կը հա­ւա­տայ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցին եւ Հայ Ե­կե­ղե­ցին՝ ա­նոր ար­ժա­նա­ւոր ու հա­ւա­տա­րիմ ան­դամ­նե­րը։

Քա­նի ան­գամ­ներ կրկնե­ցինք՝ Մեծ պա­հոց շրջա­նը հո­գե­կան, մտա­յին եւ մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան վար­ժու­թեան ու պատ­րաս­տու­թեան շրջան մըն է՝ հասկ­նա­լու, իւ­րաց­նե­լու եւ ըն­դու­նե­լու ճշմար­տու­թիւ­նը եւ փա­ռա­բա­նե­լու Յի­սուս Քրի­սոտ­սի հրա­շա­փառ Յա­րու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի «Երկ­րորդ գա­լուստ»ը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «Վեր­ջին Դա­տաս­տան»ի գա­ղա­փա­րին՝ որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Քրիս­տո­սի փառ­քի մէջ գա­լուս­տով։ Այս «գա­լուստ»ին ժամն ու օ­րը միա՛յն Հայ­րը գի­տէ, միայն Ինք կը վճռէ ա­նոր պա­տա­հու­մը։ Այն ա­տեն՝ Իր Որ­դիին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով, Հայ­րը պի­տի ը­սէ Իր «վեր­ջին խօսք»ը ամ­բողջ պատ­մու­թեան մա­սին։

Եւ այդ պա­հուն, ա­հա­ւա­սիկ մենք պի­տի ի­մա­նանք ամ­բողջ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան եւ փրկչա­կան ամ­բողջ տնտե­սու­թեան ու կա­նո­նա­ւոր­ման վերջ­նա­կան ի­մաս­տը, պի­տի ըմբռ­նենք այն սքան­չե­լի՜ ու­ղի­նե­րը՝ ո­րոնց­մով նա­խախ­նամ Հայ­րը ա­մէն բան ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի Իր վերջ­նա­գոյն վախ­ճա­նը։

Ուս­տի «Երկ­րորդ գա­լուստ»ը կամ «Վեր­ջին Դա­տաս­տան»ը յայտ­նի պի­տի ը­նէ, թէ ի՛նչ­պէս Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թիւ­նը յաղ­թած է Իր ա­րա­րած­նե­րուն բո­լոր ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րուն եւ թէ Իր սէ­րը ա­ւե­լի՛ հզօր է քան մա­հը։

Բո­լոր մե­ռեալ «ար­դար­նե­րուն եւ մե­ղա­ւոր­նե­րուն» յա­րու­թիւ­նը պի­տի նա­խոր­դէ վեր­ջին Դա­տաս­տա­նին (ԳՈՐԾ. ԻԴ 15)։ Այն ա­տեն Քրիս­տոս պի­տի գայ Իր փառ­քով ու Իր բո­լոր հրեշ­տակ­նե­րուն հետ։ Ա­նոր առ­ջե­ւը պի­տի հա­ւա­քուին բո­լոր ազ­գե­րը եւ Ինք մար­դի­կը պի­տի բաժ­նէ ի­րար­մէ, ինչ­պէս հո­վի­ւը կը զա­տէ այ­ծերն ու ոչ­խար­նե­րը։ «Ոչ­խար»նե­րը պի­տի դնէ Իր ա­ջին եւ «այծ»ե­րը՝ Իր ձա­խին, եւ ա­սոնք պի­տի եր­թան յա­ւի­տե­նա­կան տան­ջան­քին, իսկ ար­դար­նե­րը յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31-33, 46)։

Ք­րիս­տո­սի դի­մաց, որ ճշմար­տու­թիւնն իսկ է, մեր­կա­պա­րա­նոց պի­տի յայտ­նուի իւ­րա­քան­չիւր մար­դուն ճշմա­րիտ վե­րա­բե­րու­մը Աս­տու­ծոյ հետ։ Վեր­ջին Դա­տաս­տա­նը պի­տի յայտ­նա­բե­րէ իր վերջ­նա­գոյն ու վճռա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն մէջ ինչ բա­րիք որ իւ­րա­քան­չիւր մարդ կա­տա­րած է եւ կամ զանց ը­րած է իր երկ­րա­ւոր-ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քի ըն­թաց­քին։

Այս մա­սին ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել կ՚ար­ժէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիո­սի սա խօս­քե­րուն.

«Չա­րե­րուն գոր­ծած բո­լոր գէ­շու­թիւն­ներն ու չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ար­ձա­նագ­րուած են, եւ ա­նոնք ա­սի­կա կ՚ան­գի­տա­նան։ Այն օ­րը ուր -Աս­տուած պի­տի չլռէ- (ՍԱՂՄ. ԽԹ 3), Ան պի­տի դառ­նայ դէ­պի չա­րե­րը եւ պի­տի ը­սէ ա­նոնց.- Իմ փոք­րիկ աղ­քատ­նե­րը ձե­զի հա­մար Ես երկ­րի վրայ դրած էի։ Ես՝ ա­նոնց Գլո՛ւ­խը, Հօրս ա­ջա­կող­մը կը բազ­մէի, երկն­քի մէջ, իսկ երկ­րի վրայ Իմ ան­դամ­նե­րը ա­նօ­թի կը մնա­յին։ Ե­թէ դուք Իմ ան­դամ­նե­րուն բան տուած ըլ­լա­յիք, ձեր տուա­ծը պի­տի հաս­նէր մին­չեւ Գլու­խը։ Ես Իմ փոք­րիկ աղ­քատ­նե­րուն բո­լո­րը երկ­րի վրայ տե­ղա­ւո­րե­լով, զա­նոնք ձեր յան­ձա­կա­տար­նե­րը կար­գե­ցի, որ­պէս­զի ա­նոնք ձեր բա­րի գոր­ծե­րը Իմ գան­ձա­նա­կիս հասց­նեն։ Դուք ա­նոնց ձեռ­քը ո՛­չինչ զե­տե­ղե­ցիք, ա­սոր հա­մար ալ Իմ մօտս ո՛­չինչ ու­նիք»։­

Ուս­տի Երկ­րորդ Գա­լուս­տի գա­ղա­փա­րը նոյ­նա­ցած է Վեր­ջին Դա­տաս­տա­նի ի­րո­ղու­թեան հետ։

Եւ Վեր­ջին Դա­տաս­տա­նը պատ­գամ մը, ազ­դա­րա­րու­թիւն մըն է՝ կո՛չ մը դար­ձի՝ այն­քան ա­տեն որ Աս­տուած մար­դոց դեռ կու տայ «յար­մար ժա­մա­նա­կը՝ փրկու­թեան օ­րը» (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։ Ան կը ներշն­չէ եւ մար­դուս կ՚անդ­րա­դարձ­նէ Աս­տու­ծոյ սուրբ եր­կիւ­ղը։ Մարդս յաձ­նա­ռո՛ւ կ՚ը­նէ ի նպաստ «Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թեան ար­դա­րու­թեա­նը»։ Կ­՚ա­ւե­տէ «Ե­րա­նա­ւէտ Յոյ­սը» (ՏԻՏ. Բ 13) Տի­րոջ վե­րա­դար­ձին՝ որ պի­տի գայ փա­ռա­ւո­րե­լու Իր սուր­բե­րուն մէջ եւ հռչա­կուե­լու բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մէջ (Բ ԹԵՍ. Ա 10)։­

Ու­րեմն մեզ բո­լո­րին կը վե­րա­բե­րի ար­թուն մնալ՝ զգոյշ եւ զգաստ ըլ­լալ ե՛ւ պատ­րաստ ճշմար­տու­թեա՛ն…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 18, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016