ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի մուտն ի վի­րա­պին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Գուզ­կուն­ճու­քի հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան նա­խա­գա­հեց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին, ուր եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ներ­կայ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան եւ այլ դպիր­ներ։ Հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րով ո­գե­կո­չուե­ցաւ նաեւ Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­լոյս ե­րէց­նե­րէն Ե­ղիա Քհնյ. Շու­շա­նեա­նի ե­րէց­կի­նը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ հո­գե­ճաշ մը։ Գուզ­կուն­ճու­քի մէջ Մեծ պա­հոց ներ­կայ շրջա­նին սար­քուած սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն բնո­րոշ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին սե­ղա­նը օրհ­նեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016