Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ԷՍԱԵԱՆ Ս. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան շա­բա­թա­վեր­ջին Է­սաեան սա­նուց միու­թեան մէջ հան­դէս ե­կաւ շա­հե­կան բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ հե­տաքր­քիր­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի Վա­տի­կա­նի կող­մէ «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ» հռչա­կուե­լուն առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու բաց­ման ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան։ Այս վեր­ջի­նը յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ ե­րա­նաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի եւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծուած Նա­րեկ­նե­րուն ու շեշ­տեց, թէ Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ կա­տա­րուա­ծը ա­ռա­ջինն էր իր տե­սա­կին մէջ։

Ա­ւե­լի վերջ Գե­րա­պայ­ծառ Զէ­քիեան ման­րա­մաս­նօ­րէն բա­ցատ­րեց, թէ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի պատ­մա­կա­նօ­րէն որ­քան մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն մըն է եւ իր «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան»ը նոյ­նիսկ ար­դի կեան­քի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը հա­մա­րուի գլուխ գոր­ծոց մը։ Գե­րա­պայ­ծառ Զէ­քիեան ե­րա­նաշ­նորհ Թոր­գոմ Պատ­րիարք Գու­շա­կեա­նի կող­մէ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծուած Նա­րե­կին վրայ ալ կանգ ա­ռաւ ու նշեց, թէ ան Նա­րե­կը կը կար­դար իր տի­րա­մօր հա­մար՝ գա­ղա­փա­րը շօ­շա­փե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, ժո­ղո­վուր­դը, հա­ւա­տա­ցեալ մար­դիկ կը շա­րու­նա­կեն Նա­րեկ կար­դալ, ինչ որ ի­րենց հոգ­ւոյն ան­դոր­րու­թիւն կը պար­գե­ւէ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ընդգ­ծեց նաեւ, թէ Նա­րե­կի մա­սին տա­կա­ւին ա­մէն ինչ չէ բա­ցա­յայ­տուած։

Բա­նա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին ձեռ­նար­կի հուսկ բան­քով հան­դէս ե­կաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ա­ւե­լի վերջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը հա­ճե­լի զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016