ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնք այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցան 7-րդ ան­գամ։ «Türk beyin takımı»ի մաս­նա­գի­տա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ծրագ­րին մաս­նակ­ցե­ցան պոլ­սա­հայ տաս­ներ­կու միջ­նա­կարգ­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ։ Գա­րա­կէօ­զեա­նի տիկ­նանց կազմն ալ խրա­խու­սած էր այս ծրա­գի­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Թա­թիա Մա­րաշ­լեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց հիւ­րըն­կալ Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ։

«Türk beyin takımı»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Սեր­քան Եիւ­րէք­լի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ խա­ղե­րու կա­նոն­նե­րուն շուրջ։

Ա­պա նա­խա­տե­սուած դա­սա­ւո­րում­նե­րուն մէջ մեր վար­ժա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տղա­քը չա­փե­ցին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը։ Նախ խմբա­յին ձե­ւա­չա­փով գոր­ծադ­րուե­ցաւ ծրա­գի­րը, իսկ ա­ւե­լի վերջ ա­պա­հո­վուած նի­շե­րու հի­ման վրայ ա­ռա­ջին հինգ խում­բե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ան­հա­տա­կան մրցոյ­թի մը մաս­նակ­ցե­ցան ի­րա­րու հետ։

Խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Գա­րա­կէօ­զեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Է­սաեան եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան։

Ան­հա­տա­կան դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Ա­րիս Նշան (Է­սաեան), ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Գա­րօ­լին Չաղ­լը (Գալ­ֆաեան) եւ Դա­ւիթ Թա­նէր Թուր­կայ (Սա­հա­կեան-Նու­նեան)։

Մտա­խա­ղե­րու ա­ւար­տին Ա­րու­սեակ Մո­նէ շնոր­հա­կա­լագ­րեր յանձ­նեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բէն Հիլ­տա Վոլ­քա­նին եւ Սեր­քան Եիւ­րէք­լիին։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016