ԱՂՕԹԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Աղօթքը կարելի՞ է «արուեստ» նկատել։ Ոմանք կրնան առարկել եւ ըսել, թէ աղօթքը եւ արուեստը բոլորովին տարբեր իրողութիւններ են, այնքան որ կարելի չէ՛ այս երկուքը միաւորել եւ իրարու կցել, քանի որ հասարակաց կէտ մը չունին անոնք։ Այս առարկութիւնները ընդունելէ կամ մերժելէ առաջ կ՚արժէ անոնց էութիւնը վերլուծել։
Ի՞նչ է աղօթքը։ Աղօթքը, սիրելիներ, հոգեւոր եւ ներանձնական կեանքի առանցքն է եւ ուղղակի՛ հոգիի անձնական հանդիպումն է Աստուծոյ հետ։ Աղօթքը՝ դէմ յանդիման խօսակցութիւն է Աստուծոյ հետ։
Այս բացատրութեամբ աղօթքը՝ հոգիին արտայայտութիւնն է, զգացումներու անկեղծ ու մտերիմ դրսեւորումը։ Աղօթքը սրտէն բխած ապրումներ, յոյզեր եւ երբեմն ալ խռովքներ են։ Կասկած կա՞յ այս մասին։
Արուեստը ի՞նչ է։ Արուեստը զգացումները գեղեցիկ կերպով արտայայտող, գեղեցիկը ստեղծող ձիրք մը կամ ճարտարութիւն մըն է։ Ուրիշ խօսքով զգացումները գեղեցկութեան աստիճանին բարձրացնելով՝ ճշմարիտ եւ բացարձակ գեղեցիկը ստեղծել է։
Մարդկային կեանքին մէջ կան երեք գլխաւոր նպատակներ՝ «գեղեցիկ»ը, «բարի»ն եւ «ճշմարտութիւն»ը։
Երբ մարդ կոչուած է այս երեքին հասնելու, պէտք է իր հոգիին եւ մտքին լաւագոյն գործածութիւնը ապահովէ։ Հոգին կ՚արտայայտուի գեղեցիկով եւ բարիով, իսկ ճշմարտութիւնը՝ միտքո՛վ։ Ապա ուրեմն, երբ կ՚աղօթենք, Աստուծմէ կը խնդրենք բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։ Եւ քանի որ աղօթքը հոգիին արտայայտութիւնն է, ուրեմի զգացումներու դրսեւորումն է, եւ որովհետեւ այդ զգացումները դէպի Աստուծոյ կ՚ուղղուին, պէտք է որ գեղեցիկ, բարի եւ ճշմարիտ ըլլան, կատարեալ ըլլան։ Զգացումներու գեղեցկութիւնն ալ ընդհանուր կերպով գեղեցկութեան ըմբռնումով կը ձեւաւորուի, այսինքն «արուե՛ստ»ով։
Ուրեմն «աղօթք» եւ «արուեստ» իրարմէ հեռու ըմբռնումներ չեն, եւ ընդհակառակը՝ համընթա՛ց։
Այո՛, աղօթքը, աղօթելը արուե՛ստ մըն է՝ սրտաբուխ, անկեղծ ու մտերիմ զգացումներու արտայայտութիւնը դէպի Աստուած՝ որ է բացարձակ բարին, բացարձակ գեղեցիկը եւ բացարձակ ճշմարտութիւնը։
Եւ երբ ընդունինք այս իրողութիւնը, ապա ուրեմն պէտք է աղօթենք արուեստագէտի մը բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ։
Մարմնի մէջ եթէ կայ շունչ, մարմինը կ՚ապրի, իսկ երբ կը դադրի շունչը, կը դադրի նաեւ կեանքը։
Նոյնն է հոգին. եթէ կայ աղօթք, հոգին կ՚ապրի. եթէ չկայ աղօթք, ապա ուրեմն հոգին մեռած է։
Եւ հոգին ապրեցնել «արուե՛ստ» մըն է…։
Աղօթքը, այս հասկացողութեամբ եւ արտաքին երեւոյթով երկու տեսակ կը գործադրուի՝ հաւաքական կամ ընդհանրական եւ առանձնական։
Հաւաքական աղօթքը իր իմաստը կը ստանայ Յիսուսի սա խօսքէն, թէ՝ «Ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ անոնց մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 20)։ Ուրեմն հաւաքական աղօթքը կը նշանակէ՝ Յիսուսի հետ, Յիսուսի ներկայութեան աղօթել։ Բայց պէտք է ընդունիլ, թէ ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է կամ մահը՝ առանց հոգիի մարմին է, նոյնպէս ալ հաւաքական աղօթքը «մեռած» է առանց առանձնական աղօթքի։ Սակայն առանձնական աղօթքը երբեք հասարակական կամ հաւաքական աղօթքը պէտք չէ՛ մերժէ կամ արհամարհէ։ Քանի որ երկուքը զիրար կը լրացնեն, զիրար կ՚ամբողջացնեն։
Առանձնական աղօթքի համար ամէն բանէ առաջ պէտք է ուշադրութիւն եւ մտամփոփում, քանի որ Յիսուս դարձեալ կ՚ըսէ. «Դուն երբ կ՚աղօթես մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ» (ՄԱՏԹ. Զ 6)։
Ուրեմն Յիսուս կ՚ակնարկէ մտամփոփման, մանաւանդ առանձնական աղօթքի ժամանակ։ Անշուշտ մտամփոփման նոյն բծախնդրութիւնը պէտք է ցոյց տալ նաեւ հաւաքական աղօթքի պահուն։ Արդէն երբ մարդ կը խօսակցի Աստուծոյ հետ, կարելի՞ է որ մտապէս ուրիշ նիւթերու հետ զբաղի։ Մարդկային առօրեայ կեանքին մէջ ալ կենցաղագիտութեան եւ բարեկրթութեան ներհակ է՝ ուրիշ բանի հետ զբաղիլ, նոյնիսկ ուրիշ տեղ նայիլ երբ մէկու մը կը խօսուի կամ մէկը կը խօսի։
Խօսակցութիւնը, արդարեւ կը պահանջէ անկեղծ մօտեցում եւ յարգանք՝ թէ՛ խօսողին եւ թէ խօսքին։ Աղօթելու ժամանակ բոլոր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ խօսքին եւ խօսքին ուղղուած անձին՝ Աստուծո՛յ։ Սա յայտնի է, որ Աստուած միշտ ներկա՛յ է եւ կը լսէ ամէն խօսք, գիտէ մարդոց միտքը եւ կը տեսնէ անոնց սրտի խորքերը։ Արդարեւ կարելի չէ՛ Աստուած բովանդակել որեւէ տեղ, որեւէ տարածքի մէջ, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ կարելի չէ կեդրոնանալ Աստուծոյ վրայ։ Աստուած ամէնուր է, մեզի հետ, մեր մէ՛ջ։
Ուստի ամէն խօսք եւ ամէն խնդրանք պէտք է մեծ ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ուղարկուի դէպի Աստուած, քանի անպայմա՛ն կը լսէ։
Ուրեմն զգուշութեամբ պէտք է արտասանել աղօթքի ամէն խօսք, մասնակցիլ ու ձայնակցիլ անոնց։
Եւ երբ մեր խորհուրդները տակաւին խօսքի չեն վերածուած՝ պղտոր ու անյստակ, անորոշ միտքեր են, Աստուած գիտէ զանոնք, գիտէ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորուին մեր լեզուին վրայ եւ ի՛նչ կերպով պիտի արտասանուին, արտայայտուին անոնք։
Այս իսկ պատճառով, աղօթքի ժամանակ, մարդ պէտք է հեռու եւ զերծ մնայ երեւակայական խաղերէ։ Երեւակայութեան աշխատանքը չարութիւններու առիթ կ՚ընծայէ, եւ խօսակցութիւնը կը շեղի իր նպատակէն։ Ուստի պէտք է հաւատա՛լ, թէ Աստուած ներկայ է այդ պահուն իսկապէս եւ ո՛չ թէ երեւակայել, տեսնել, ապրիլ եւ Անոր ներկայութիւնը վայելել, ահաւասիկ ա՛յս է իսկական աղօթքի մը հոգեվիճակը։
Մտքի պատրանքներուն սկիզբը սնափառութիւնն է։ Այսպիսի վիճակներու մէջ աղօթքը կը կորսնցնէ իր նպատակը եւ իմաստը։ Ուստի մարդ պէտք չէ փորձէ զԱստուած տեսնել մարմնաւոր աչքով, այլ աշխատելու է տեսնել զԱյն հոգեւոր աչքով։
Ամէն բանէ առաջ պէտք է յիշել եւ ընդունիլ, որ աղօթքը շնորհ մըն է եւ մարդ պէտք է խորհի միայն վայելել, արժանանալ այդ շնորհին։
Աղօթքի ժամանակ պէտք է ամէն ինչ վստահիլ Աստուծոյ։ Քանի որ ճշմարիտ հաւատքը կ՚ենթադրէ հաստատ վստահութիւն. մարդ կը վստահի անոր՝ որուն կը հաւատայ, եւ փոխադարձաբար՝ կը հաւատայ անոր, որուն կը վստահի՛։
Եւ վերջապէս աղօթքը կը պահանջէ համբերութի՛ւն։ Մարդ եթէ համբերող ըլլայ՝ հեզ ու ներողամիտ, այն ատեն աղօթքը կը պտղաբերի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Նեղոս Սինայեցի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 7, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024