Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ
Փորթուգալի կառավարութիւնը պատուոյ հիւպատոս մը նշանակած է Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, դեսպան Մարիօ Կուտինիօ տէ Մարթոսի միջոցաւ պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Սամուէլ Սամուէլեան։
Հարկ է նշել, որ Սամուէլ Սամուէլեան Սփիւռքէն Հայաստան մեկնած երիտասարդ գործարար մըն է եւ յառաջիկայ շրջանին իր փորձառութիւնը ի սպաս պիտի դնէ նաեւ Հայաստանի եւ Փորթուգալի կապերու զարգացման նպաստելու առաջադրութեամբ։
Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016